ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլուն եւ գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։

Թաղականները իրենց գործունէութեան եւ ծրագիրներուն մասին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ փոխանցեցին՝ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան ընդառաջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց՝ Վոսփորի ափի այս սրբավայրի կանթեղը վառ պահելու ուղղեալ ջանքերը՝ թաղային խորհուրդին փոխանցելով իր օրհնութիւնները։

Շաբաթ, Մայիս 3, 2025