ԳԱՐԹԱԼԻ Ս. ՆՇԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Գարթալի խնդրակատար Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ Ս. Զատկի շրջանին առթիւ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, ինչ որ ստեղծեց ոգեւոր մթնոլորտ՝ համախմբելով զանազան թաղերէ ուխտաւորներ։ Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, Հրաչ Սրկ. Սուրէնեան եւ Լեւոն Սրկ. Գույումճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ եւ տեղի ունեցաւ տնօրհնէք։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը, որու ընթացքին տեղւոյն թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց ներկայ բոլոր հաւատացեալները, որոնք հերթական անգամ զիրար ողջունեցին Ս. Յարութեան աւետիսով։
ԱՔ կուսակցութեան շրջանի մասնաճիւղէն ներկայացուցիչներ եւս մասնակցեցան Գարթալի եկեղեցւոյ արարողութիւններուն՝ մինչ պատարագիչ տէր հայրն ու թաղականները ողջունեցին զանոնք եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին ցուցաբերուած դրական մերձեցման համար։