Շաբաթ 17, Մայիս 2025
ՄԱՀ՝ ԱԿԱԴԵՄԻԿՈՍ ՌԱԴԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆԻ
Հայկական գիտական աշխարհը երէկ ունեցաւ մեծ կորուստ մը. ոչ եւս է ակադեմիկոս Ռադիկ Մարտիրոսեան։ 89 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացաւ ակադեմիկոս Ռադիկ Մարտիրոսեան, որ մասնագիտութեամբ աստղաֆիզիքոս էր։ Ան եղած էր Երեւանի Պետական համալսարանի նախկին վերատեսուչներէն։ 2006-2021 թուականներուն ալ եղած էր Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահը։
Ռադիկ Մարտիրոսեան աւելի քան երկու հարիւր գիտական աշխատանքի հեղինակ էր։ Ռատիոաստղագիտութեան եւ բժշկակենսագիտութեան բնագաւառներու պարագային ալ ներշնչանքի առիթ կը հանդիսանային իր տեսութիւնները։
Երեքշաբթի, Մայիս 6, 2025