Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կը պատրաստուի այցելել Երեւան։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան երէկ տեղեկացուց, որ երբ այցելութեան թուականը մօտենայ՝ արդէն պաշտօնապէս յստակ ժամկէտը պիտի հրապարակուի։