Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՇՕՇԱՓԵԼԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Օրացոյցը ցոյց կու տայ 23 յուլիս 1896, հինգշաբթի օրը։ Պոլսոյ հասարակութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Թաքսիմ թաղամասի վրայ, ուր Մկրտիչ եւ Յովհաննէս Էսաեան հարազատներու տեսլականով վերահաստատուած Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ։ Տ. Գրիգոր Արք. Յովհաննէսեանի նախագահութեամբ կը կատարուի օծման արարողութիւնը, որուն ներկայ կը գտնուի նաեւ Բերայի շրջակայից Ս. Եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Հմայեակ Եպսկ. Դիմաքսեանց։ 

Այդ օրուան ականատեսը կը նկարագրէ եկեղեցւոյ խորանը. «Միակ՝ աւագ խորան մը, ազնիւ ընկուզենի փայտէ շինուած եւ զար դարուած՝ պարզ այլ ճաշակաւոր կերպով։ Կ՚երեւնայ պատկերը Ս. Աստուածածնայ՝ գիրկը Ս. Փրկիչ մանուկը, որ իր մշտահայեաց խանդակաթ նայուածքներով կարծես հաւատացեալները կը խրախուսէ»։

Եւ ահա պատմական պահը կը հասնի, երբ ժողովուրդի հոծ բազմութեան, հոգեւորականներու եւ դպիրներու «Ամէն. Ալէլուիա» ձայներուն կը միանայ Տ. Գրիգոր Եպիսկոպոսի «օրհնեսցի, օծցի եւ սրբեսցի…» բանաձեւը, զոր կը յայտարարէ, թէ ի հիմանէ վերակառուցուած Ս. Յարութիւն եկեղեցին այլեւս դարձած է օծեալ տաճար, ուր կարող է Ս. Պատարագ մատուցել եւ զանազան խորհուրդներ կատարել։ Ահաւասիկ փայտեայ խորանի փայտը պատրաստ է ծաղկելու, իր վրայ դրուելիք սկիհով, որու շնորհիւ պիտի յայտարարուի եկեղեցւոյ նշանաբանը. «Ես իսկ եմ Յարութիւն եւ կեանք»։

Էսաեան հարազատներ ի տես այս լուսաւոր օրուան, իրենց ձեռքերը բացած Աստուծոյ, փառքը կը հիւսեն Քրիստոսին եւ կը կտակեն. «Թող կրկնուի այս նշանաբանը առ յաւէտ»։ Ս. Յարութիւն եկեղեցին ահա այդ օրէն սկսեալ կը դառնայ նոր կառուցուած Էսաեան վարժարանի համալիրին մէջ հաստատուած փոքր տաճար, որուն մէջ դէպի Յարուցեալ Փրկիչը բացուող գաղտնի ճամբայ մը կը յայտնուի։ Բերայի շրջակայից Ս. Երրորդութիւն, Ս. Լուսաւորիչ, Ս. Յակոբ եկեղեցիներու կողքին բարձրացած այս փոքրիկ տաճարը ծանօթ կը դառնայ կենաց տաղաւարի անունով եւ աւանդաբար իր տօնախմբութիւնը կատարուիլ կը սկսի Նոր կիրակիին, Կրկնազատիկին։ Առաջին օր…

Եկեղեցին իր յիշատակարանով յաջորդ տասնամեակներուն եւս կը յիշեցնէ Մկրտիչ եւ Յովհաննէս Էսաեան հարազատներու ազգանուէր ծառայութիւնը. «Եկեղեցիս տեառնագրեալ յանուն եւ ի փառս Սրբոյ Յարութեան Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի ողորմութեամբն Աստուծոյ յայս նուագ ի հիմանց շինեցաւ բովանդակ արդեամբք եւ ծախիւք Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան երկուց հարազատաց, ի Հայրապետութեան Հայոց Տ. Տ. Մկրտիչ Խրիմեան Վեհափառ Հայրապետի եւ ի Պատրիարքութեան Կ. Պոլսոյ Տ. Մատթէոս Իզմիրլեան Սրբազան Արքեպիսկոպոսին Յամի Տեառն 1895 եւ տոմարագիտական ազգիս ՌՅԽԴ»։ 

Տարիները շուտ կ՚անցնին եւ արդէն իսկ հասած ենք 2024 թուականի ամրան ժամանակը։ Էսաեանցիներ, թաքսիմցիներ եւ ընդհանրապէս հայ ուխտաւորներ կը փափաքին այցելել Ս. Յարութիւն եկեղեցի։ Բայց, աւա՜ղ, ի՞նչ է տեսարանը։ Պատմական զանգակատունը քայքայուած եւ գրեթէ կքելու վտանգի տակ։ Ազնիւ ընկուզենի փայտէ շինուած Ս. Խորանը աղտոտութեան մէջ ամայացած։ Պատերը, տանիքը, աջն ու ձախը, վերն ու վարը բոլորովին հեռացած առաջին օրուան շքեղութենէ։ Մօտաւորապէս 130 տարի առաջ վերահաստատուած ու կեանք բուրող տաճարը, ներկայիս գերեզմանոց դարձած եւ իր բոլոր շքեղութենէ մերկացած։ Մոխիրներով, ժանգոտումներով, մգլածութեամբ ամէն կողմ խաւարը կը պատէ, մահը կը գոռայ։ Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան հարազատնե՛ր, միթէ արժանի՞ է այս տեսարանը ձեր աւանդին ու տեսլականին։ «Թող կրկնուի այս նշանաբանը առ յաւէտ»։ Ուստի, խաչեալ եւ թաղեալ տաճարը արժանի է յարութեան, ըստ հիմնադիրներու սուրբ ուխտին եւ աւելի քան 130 տարուան կտակին։

Ահաւասիկ, տարիներու լռութեան դատարկուած եւ իր հիմնադրութեան գեղատեսութենէ մերկացած Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ զարթնումի ժամանակը հասած է։ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը, ատենապետ Աքսէլ Թոփալեանի գլխաւորութեամբ, կ՚որոշէ տաճարը վերակենդանացնել անցեալի հիմքերով։ Այս ուղղութեամբ հսկողութեան պաշտօնը կը յանձնուի թաղային խորհուրդի անդամներէն ճարտարապետ Կիւլիւզար Արթուչի եւ պատմական զարթօնքի վճռակամութիւնը կը հաստատուի։ 2024-ի ամրան եղանակը հասած է եւ ամրան ջերմութեամբ կը սկսի վերակենդանացման ընթացքը։ Առաջին հերթին չեն նախատեսուիր եկեղեցւոյ հիմնական քայքայումները, սակայն խղճամիտ քննութիւնները ցոյց կու տան, որ առաւել եւս պէտք է աշխատիլ, քանի Ս. Յարութիւն եկեղեցին նախապէս ննջած է եւ արթնցնող չէ եղած, մաշած է, թարմացնող չէ յայտնուած։

2024-ի ամարը Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ կը սկսի եկեղեցին վերակենդանացնելու ընթացքը եւ օրեր ու ամիսներ իրարու կը յաջորդեն։ Խղճամիտ աշխատութիւնը կը պահանջէ աւանդութիւններուն հաւատարիմ մնալ եւ անոնց բոլորին յարութիւն շնորհել Աստուծոյ առաջնորդութեամբ։ Տարին դարձած է 2025-ի, սակայն աշխատութիւնները տակաւին կը շարունակեն։ Շատեր կը հարցնեն, թէ ե՛րբ պիտի աւարտի նորոգութիւնը։ Ոմանք նոյնիսկ կը քննադատեն, որ պարզ եկեղեցւոյ մը նորոգութիւնը ինչո՛ւ այսքան երկար կը տեւէ։ Եւ հասած է Մեծ պահոց շրջանը ու հաւատացեալներ կը պատրաստուին Ս. Յարութեան տաղաւարին։ Իսկ այս աղօթախառն մթնոլորտին մէջ կը յայտարարուի վերազարթման օրը՝ Կրկնազատիկ, Նոր կիրակի։ Այլեւս Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ սիրահարները, էսաեանցիներ, զաւակները Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մկրտուածներ ո՛չ միայն կը պատրաստուին Ս. Յարութեան, այլ նաեւ կրկնակի Ս. Յարութեան՝ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ յարութեան։

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց… Հասած է Ս. Զատիկը եւ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տօնական մեծ ուրախութիւն կը տիրապետէ։ Ամէն ոք այլեւս պատրաստ է Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ վերաբացման՝ առանց տեսնելու, թէ ինչպիսի աշխատութիւն մը տեղի ունեցած է։ Աշխատութեան մասնակիցները՝ բոլորը, աւելի քան մէկ տարուան աշխատութեանց աւարտին այլեւս պատրաստած են եկեղեցին, ժողովուրդին մեծ անակնկալներ պատրաստելով։ Այս տրամադրութեան ներքեւ զատկական Ս. Պատարագին կը քարոզէ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վարդապետը եւ ժողովուրդին կը յայտարարէ. «Ս. Յարութիւնը մեր կեանքին մէջ ամէն առիթով կրնանք զգալ եւ նշմարել, թէ Աստուած ինչպիսի նոր կենաց առիթներ կը շնորհէ բնութեան մէջ եւ առհասարակ մարդկութեան։ Ահաւասիկ ձեր առջեւ կը դնենք որպէս շօշափելի օրինակ Ս. Յարութեան խորհուրդին՝ Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցին։ Յաջորդ շաբաթ ան կը վերօծուի եւ իր նոր տեսքով կը ներկայացնէ պատմութեան զարթնումը եւ այս մէկը ի՞նչ է, եթէ ոչ՝ յարութիւն։ Էսաեան եղբայրներու յիշատակը յարութիւն կ՚առնէ մեր մէջ, օրհնեա՜լ ըլլայ»։ Ժողովուրդը լսելով այս մեծ աւետիսը առաւել եւս կ՚ոգեւորուի եւ անհամբեր կը սպասէ յաջորդ շաբթուան օծման արարողութեանց։

Օրացոյցը ցոյց կու տայ 26 ապրիլ 2025, շաբաթ օրը։ Պոլսոյ հասարակութեան ուշադրութիւնը աւելի քան 125 տարի յետոյ կրկին անգամ կեդրոնացած է Թաքսիմ թաղամասի վրայ, ուր Մկրտիչ եւ Յովհաննէս Էսաեան հարազատներու տեսլականով վերահաստատուած Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ վերօծման արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ։ Այս անգամ օծման արարողութիւնը կը կատարուի նախագահութեամբ Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Պատրիարքի, որու կողքին կը գտնուի Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Տասնեակ հոգեւորականներ, օտար թէ հայ, փութացած են նորօծ տաճարի օծման արարողութեան։ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց զոյգ դպրաց դասերը՝ Լուսաւորիչ դպրաց դասն ու Ասողիկ դպրաց դասը իրենց անդամներով պատրաստ են օծման արարողութեան։ Ներկայ է Էսաեան վարժարանի ընտանիքը՝ տնօրէններ, կրթական մշակներ, աշակերտներ եւ շրջանաւարտներ։ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը մեծ ոգեւորութեամբ կ՚ողջունէ բոլոր ներկաները եւ մեծ ոգեւորութիւն կը տիրէ պատմական պարտէզէն ներս։ Շարան-շարան ուխտաւորներ արդէն իսկ տեղ գրաւած են Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ փակ դրան առջեւ, մասնակցելու համար դռնբացէքի արարողութեան։  

Ժամը եղած է 17.15։ Ամէն ինչ պատրաստ է արարողութեան։ Եկեղեցականաց հսկայ թափօրի ամենէն առջեւ կը տեսնուի թափօրի խաչը եւ այս մէկը արդէն իսկ աւետիչն է արարողութեան սկիզբին։ Ուրեմն թո՛ղ եկեղեցւոյ զանգը ղօղանջէ եւ աւետէ պատմական այս յարութեան տօնը։ Թափօրը կը շարժի եւ ատենապետ Աքսէլ Թոփալեան, ճարտարապետ Կիւլիւզար Արթուչ եւ իրենց պաշտօնակիցները կը դառնան «ժամակոչ» եւ կոչնակի պարանը կը քաշեն մանկական զուարթութեամբ։ Թափօրը կը շարժի դէպի մայր դուռ, կոչնակի ձայնը կը սկսի տարածուիլ Թաքսիմի շրջակայքը եւ վերը կը տեսնուի հանդիսապետ Պատրիարք Հայրը։ Ոգեւորութիւնը կը բազմանայ «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ եւ ծանրաքայլ թափօրը Պատրիարք Հայրը կ՚առաջնորդէ դէպի դուռ։ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հարազատ զաւակներէն Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան կը սկսի երգել «Բա՜ց մեզ, Տէ՛ր, բա՜ց մեզ, Տէ՛ր, բա՜ց մեզ, Տէ՛ր»ը ողբաձայն, մինչ հանդիսադիրը կը թակէ նորոգուած տաճարին մայր դուռը։ «Բա՛ց մեզ, Տէ՜ր, զդուռն ողորմութեան…»։

Շարականը աւարտած է եւ դուռը կը բացուի։ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը՝ վարիչ Յակոբ Մամիկոնեանի առաջնորդութեամբ եւ Սիրուն Սիրունեանի երգեհոնահարութեամբ կը սկսի երգել «զՈղորմութեան քո զդուռն բաց մեզ Տէր» շարականը։ Մինչ այդ բոլոր ժողովուրդը արդէն իսկ եկեղեցւոյ մէջ է։

130 տարուան պատմութիւնը այլեւս պատրաստ ենք վերագտնելու եւ զգալու մեր ամբողջ էութեամբ։ Առաջին հերթին ժողովուրդը կը սեւեռէ իր հայեացքը դէպի վերածնած եկեղեցւոյ խորանը եւ կը վերյիշէ 130 տարի առաջ նկարագրուածը. «Միակ՝ աւագ խորան մը, ազնիւ ընկուզենի փայտէ շինուած, եւ զարդարուած՝ պարզ այլ ճաշակաւոր կերպով։ Կ՚երեւնայ պատկերը Ս. Աստուածածնայ՝ գիրկը Ս. Փրկիչ մանուկը։ Խորանին վրայ, ամպհովանիի պէս կը բարձրանայ գեղեցիկ սիւներով մանրանկար կաթողիկէ մը, յոյժ ճարտարօրէն շինուած»։ Քանի-քանի տարիներ այս խորանը ներկուեցաւ ու խեղդուեցաւ ներկերու ծանրութեան տակ։ Իսկ այժմ ազատ է, ի վերջոյ պատմականը կը ներկայանայ առաջին օրուան ջերմութեամբ։ Մայր խորանի սրբապատկերը, որ տարիներ շարունակ ո՛չ ոք գիտէր, թէ ուրկէ եկած է, ի վերջոյ յիշատակարանէն յայտնի կը դառնայ, թէ Բերայի նորօծ Ս. Յարութիւն եկեղեցիին նուիրուած է 130 տարի առաջ, օծման առիթով։ Խորանի վրայ դրուած են Քազազեան ընտանիքի կողմէ 1895-ին Ս. Յարութիւն եկեղեցիի նուիրուած կապոյտ Ս. Աւետարանը եւ ինչպէս նաեւ նոյնքան պատմական սատափեայ զարդարանքներով ծանօթ յատուկ ծրարուած Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ զատկական սկիհը։ Մինչ այդ լուսաւոր տաճարի երփներանգ ապակիներէն կը ճառագայթէ լոյսը իր տարբեր գունաւորումներով ու յատուկ գեղեկցութեամբ։ Տեսարան մը, որ կ՚առաջնորդէ դէպի փառաբանութիւն եւ յարութեան յոյսը վերաթարմացնել մեր մէջ։ Կարծէք ամէն ինչ նոյնը ըլլար եւ միակ պակասն ալ Էսաեան հարազատներու մասնակցութիւնը մնար։

Օծման արարողութիւնը կը շարունակէ մինչ այդ։ Երգչախումբը կ՚երգէ ամենայն ներդաշնակութեամբ, տարիներու իրենց կարօտով։ Մինչ այդ տաճարին մէջ տեղ չէ մնացած եւ ժողովուրդի մեծ մասը նոյնիսկ դուրսը մնացած է եւ արարողութեան կը հետեւի պարտէզի պաստառէն։ Քահանաները օրհնուած ջուրով ու գինիով կը սրբեն օծելի վայրերը եւ Պէյօղլուի քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վարդապետը կը սկսի վերաբերումը կատարելու Միւռոնաթափ Ս. Աղաւնիի։ Ժողովուրդի մէջէն կը շարժի թափօրը եւ իւրաքանչիւր հաւատացեալ կը փորձէ քիչ մը եւս մօտենալ աղանիին եւ օրհնութիւն ստանալ այս պատմական առիթով։ Զանգակը կը ղօղանջէ, երգչախումբը «Կենդանարար Աստուած»ը կ՚երգէ։ Հանդիսադիրը «Առաքելոյ աղաւնոյ» երբ կ՚ըսէ՝ ամէն ոք իր ձեռքը բացած կ՚աղօթէ Էսաեան եղբայրներու 130 տարի առաջ աղօթած հոգիով. «Տէ՛ր, անսասա՛ն պահէ Ս. Յարութիւն եկեղեցին, որու աւազանէն ծնունդ առնեն նոր մանկունք քրիստոնէական եւ Ս. Սեղանի վրայ մատուցուին Ս. Պատարագներ անմահական»։ Բոլորս կ՚աղօթենք, որ Ս. Յարութեան վրայ ծիածանող շողակաթը դառնայ օրհնութիւն նախ ներկաներու եւ ապա բոլոր հաւատացեալներու վրայ։ Եւ ահաւասիկ տարիներ յետոյ օծման հոգեվիճակը ակամայ կ՚ազդէ, երբ երգչախումբին ու ներկաներուն «Ամէն, Ալէլուիա» ձայներուն կը միանայ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր «Օրհնեսցի, օծցի եւ սրբեսցի…» բանաձեւը։ Ս. Յարութիւն եկեղեցին այլեւս պաշտօնապէս յարութիւն առած է մեռելներէն եւ վերածնունդին մէջ կը պարունակէ 130 տարի առաջուան ծնունդը։ Յաջորդաբար Տ. Արամ Արքեպիսկոպոսը կ՚օծէ Ս. Աւազանը, բեմը եւ Չարխափան Ս. Աստուածածնի ընծայուած աւանդատան Ս. Խորանը։

Օրհնուած ու օծուած է տաճարը եւ ներկաները կը սպասեն Պատրիարք Հօր պատգամին։ Մինչ այդ վարագոյրով կը ծածկուի Մայր Խորանը եւ ներկաները ասեղնագործ վերածնունդ ապրած գոյք մը կը տեսնեն Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անխոնջ ջանքերով տարիներ շարունակ գանձատան մէջ պահպանուած կարմիր ասեղծնագործ վարագոյրը, Տիւլկէրեան ընտանիքի կողմէ նորոգուելով Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ կը սկսի յարութիւն առնել։ Տասնեակ տարիներ առաջ անյայտ ուխտաւորի մը աշխատութիւնը տարիներ յետոյ կրկին ուխտի վերածնունդ կ՚ապրի, քանի որ կ՚օգտագործուի ապրող Ս. Խորանի մը համար եւ հաւատացեալները անոր առջեւ աղօթք կը մատուցեն։ Աստուած հոգին լուսաւորէ աշխատողաց եւ արեւշատութիւն պարգեւէ պահպանողաց։

Պատրիարք Հայրը իր պատգամը կը փոխանցէ այս վարագոյրի առջեւ։ «Ս. Յարութիւն եկեղեցին վերջին տարիներուն կը կարօտէր հիմնական վերանորոգութեան։ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը զգալով այս անհրաժեշտութիւնը, բարեզարդման աշխատութիւններու հսկողութիւնը վստահած էր խորհուրդի անդամներէն Կիւլիւզար Արթուչի։ Մէկ տարուան ընթացքին կատարուած բծախնդիր աշխատութեան որպէս հետեւանք եկեղեցին տիրացած է իր անցեալի փառքի օրերուն։ Եկեղեցւոյ Ս. Սեղանը մաքրուելով դարձած է իր նախկին ձեւին։ Այս առթիւ կը շնորհաւորեմ աշխատութեանց մասնակից անդամները»։

Քարոզէն յետոյ վարագոյրը կը բացուի եւ պլպլացող մոմերով լուսաշող խորանը իր ամբողջ էութեամբ կը ներգրաւէ հաւատացեալները։ Երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին երբ երաժիշտ Թադէոսը կը սկսի երգել «Լոյս Զուարթ»ը, արդէն իսկ տաճարը թէ՛ լոյսը եւ թէ զուարթութիւնը զգալիօրէն կը պարունակեն։ Ծնծղան, քշոցը, երգեհոնը, երաժշտութիւնը բոլորը իրարու կը ձուլուին։ Ժողովուրդի ներկայութիւնը նորօծ տաճարի մէջ կատարուած առաջին աղօթասացութեան պահուն արդէն իսկ կը փարատէ կարօտալի ցաւը եւ իր տեղը կը թողու յոյժ սիրեցեալ յուզումի։ Արտասուախառն աղօթք, երջանկութեան արցունք, խաղաղութեան փառաբանութիւն… Միասնաբար արտասանուած Տէրունական աղօթքէն յետոյ կրկին անգամ թափօր կը կազմուի եւ երգչախումբը յարուցեալ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ քայլերգը կ՚երգեն. «Գովեա Երուսաղէմ զՏէր. յարեաւ Քրիստոս ի մեռելոց. ալէլուիա»։ Յատկապէս քոյր եկեղեցեաց ներկայացուցիչները աջ ու ձախ կը դիտեն եւ տակաւին չեն հասկնար, թէ ինչո՛ւ էր այսքան հանդիսաւորութիւնը, ոգեւորութիւնն ու յուզումը։ Բայց պատասխանը Պատրիարք Հօր վերջին օրհնութենէն յետոյ կը ստանան. «Կորսուած էր՝ գտնուեցաւ, մեռած էր՝ ողջնցաւ։ Ս. Յարութիւն եկեղեցին յարեաւ»։

Օրացոյցը ցոյց կու տայ 27 ապրիլ 2025, կիրակի օրը։ Կրկնազատիկ է այսօր եւ կամ այլ անունով Նոր կիրակի։ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյս տարեկան տօնախմբութեան օրն է այս մէկը եւ այս տարի նորոգուած եկեղեցին կը դիմաւորէ Նոր կիրակին։ Շարականի բառերով «Նորոգեալ կղզի» մըն է Ս. Յարութիւն եկեղեցին, ուր աւելի քան հինգ տարի յետոյ հանդիսաւոր տօնախմբութիւն տեղի պիտի ունենայ։ Մինչ այդ պատմութեան մէջ հազուագիւտ տեսարան ոը, որով Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ յետ օծման առաջին Ս. Պատարագը կը մատուցանէ Պատրիարք Սրբազանը։ 

Բազմաթիւ իմաստներով նշանակալից օր մըն է սա։ Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հանդիսաւոր վերաբացումը առիթ կը դառնայ, որ Լուսաւորիչ դպրաց դասու եւ Ասողիկ դպրաց դասու անդամները իրենց փառքի աղօթքը մատուցանեն Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վարդապետին կը միանան, Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանան եւ Պէյօղլուի Ս. եկեղեցեաց երէց Տ. Գէորգ Աւ. Քահանան, իրենց մօտն ունենալով իրենց էսաեանցի երէցկինները՝ Սիլվան ու Լուսին։ Սարկաւագները, կիսասարկաւագներն ու դպիրները՝ բոլորն ալ պատրաստ են Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ «Քրիստոս յարեաւ» երգելու։ Ս. Յարութիւն եկեղեցին Պէյօղլուի երկու քոյր դպրաց դասերու միասնական ծառայութեան ընկալիչը կը դառնայ այս պանծալի առիթով։

Իսկ միւս կողմէ, լուսահոգի Տ. Թովմա Աւ. Քհնյ. Շիկահերի օրով Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին տուն դարձած Ս. Յարութիւն եկեղեցին կրկին կ՚ողջունէ Լուսաւորիչ դպրաց դասու ամէն տարիքէ անդամները, որոնք աւելի քան հինգ տարի զրկուած էին Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տնական ջերմութիւնը վայելելէ։ 130 տարուան ընթացքին Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ սիւները ծծած էին կոմիտասեան Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը, հայ հոգեւոր բազմաձայն երաժշտութեան աւանդական մատուցումը։ Կոմիտասեան Ս. Պատարագը կարօտցած եկեղեցւոյ բարեզարդեալ Ս. Սեղանը այս պատմական առիթով կը լսէ հաւատքով լի երգեցողութիւն մը՝ առաջնորդութեամբ վարիչ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ Այս կարօտը արդար ձեւով յագեցնելու համար նոյնիսկ Լուսաւորիչ դպրաց դասու բոլոր անդամները մեծով ու պզտիկով լուրջ աշխատութիւն տարած են, որպէսզի վերագտնեն իրենց յուշերուն յարութիւնը Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ վերնատան մէջ եւ համալիրէն ներս։

Օրուան իմաստ մը եւս կը միանայ, որով Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան եղբայրներու հոգեւոր ու մտաւոր ժառանգներու միասնական ճանապարհորդութիւնը կը շեշտուի։ Էսաեան վարժարանի հիմնադրութեան 130-ամեակի բացումը եւս կը կատարուի Էսաեան վարժարանի համալիրին մէջ հաստատուած Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ վերաբացմամբ ու օծմամբ։ Պատմական այս վկայութիւնը տալու համար ներկայ են Էսաեան վարժարանի զոյգ տնօրէնները՝ Տենչա Չընար եւ Առլին Եէշիլթեփէ, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներն ու նախկին սաներ։ «Կեցցէ՛ Էսաեանը, կեցցէ՛ էսաեանցին» յորջորջումը այս անգամ կը վերագրուի Էսաեան եղբայրներուն եւ կը կրկնուի մասնաբար. «Թող ապրի իրենց յիշատակը, թող շէն մնայ Էսաեանի աւանդը պահպանողն ու զարգացնողը»։

Իսկ այս բոլորին մէջ, 130 տարի առաջ Էսաեան եղբայրներուն վարժարան եւ եկեղեցի կառուցելու առաջարկը ներկայացուցած Բերայի թաղային խորհուրդին այսօր կը փոխարինէ պատմական այս օրուան կամեցողն ու հիմնական ջանասէրը՝ Աքսէլ Թոփալեանի գլխաւորութեամբ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց արդի թաղային խորհուրդը, որու քաջարի ջանասիրութիւնը անմահացաւ եկեղեցւոյ 2025-ի նորոգութեան յիշատակարանով. «Ս. Յարութիւն եկեղեցիս Թաքսիմի ի հիմանէ վերանորոգեցաւ ջանիւք եւ ծախիւք թաղային խորհրդոյ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց ի հայրապետութեան Ամենայն Հայոց Տեառն Տեառն Գարեգնի Բ Սրբազնագոյն Կաթողիկոսի, ի պատրիարքութեան Հայոց Պոլսոյ Տեառն Սահակայ Բ Սրբազան Արքեպիսկոպոսի, ի թուին Հայոց ՌՆՀԴ Եւ յամի Տեառն 2025-ի փառս Աստուծոյ Ամենակալին ի պահպանութիւն աւանդին Մկրտչի եւ Յովհաննէսի Էսաեան ազգասէր հարազատաց եւ ի մխիթարութիւն ազգիս Հայոց»։

130 տարի առաջ Ս. Յարութիւն եկեղեցին այս հիմքերով կառուցած Յովհաննէս Ազնաւուրեանին փոխարինած է հիմքերու գիւտը կատարող ճարտարապետ Կիւլիւզար Արթուչ։ Եւ ահաւասիկ պատմական այս յաջորդականութիւնը կը հաստատուի եկեղեցւոյ մէջ դրուած յիշատակարանով. «Յովհաննէս Ազնաւուրեանի ճարտարապետութեամբ 1896-ին կառուցուած եկեղեցւոյս հիմնական վերջին վերանորոգութիւնը կատարուած է սիրայօժար հսկողութեամբ ճարտարապետ Կիւլիւզար Արթուչի»։

Ահաւասիկ այս տեսարանն է, որ զանգակի ղօղանջով, կոմիտասեան ծանր «Խորհուրդ խորինով» կը դիմաւորէ պատարագիչ Ս. Պատրիարք Հայրը, իր մօտ ունենալով մօտաւորապէս հարիւր երգեցիկ սպասաւոր։ Այս ոգեւորիչ մթնոլորտի իւրաքանչիւր մասնիկը իր պարտականութիւնը այնքան լաւ իւրացուցած է, որ տարբեր մարմիններ կը միանան իրարու եւ Ս. Յարութիւն անուան մօտ կը զգան միասնականութեան միաւորիչ հոգին պապենական։ Ս. Պատարագի աւարտին հանգստեան աղօթքով արժան եւ իրաւ ձեւով կը յիշատակուին Մկրտիչ եւ Յովհհանէս Էսաեան հարազատները, ճարտարապետ Յովհաննէս Ազնաւուրեանը, ինչպէս նաեւ բոլոր հոգեւոր սպասաւորները, վարիչները, երաժիշտները, սարկաւագներն ու դպիրները, հոգաբարձուները, սատարողներն ու բարերարները, Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչները, տնօրէնները, ուսուցիչներն ու սաները, ինչպէս նաեւ Էսաեան վարժարանի տնօրէններէն նորոգ հանգուցեալ Աննա Գավաֆեանը։ Այս բոլորին առընթեր տասնեակ տարիներ յետոյ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՚ունենայ մատաղօրհնութիւն։

Հուսկ, «Գովեա՛ Երուսաղէմ» շարականով պատարագիչ Պատրիարք Սրբազանը կ՚առաջնորդուի դէպի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ խորհրդանշաններով զարդարուած պարտէզը, ուր եկեղեցւոյ սպասաւորներ եւ ծառաներ, միասնաբար կ՚արձակեն խաղաղութեան նշան աղաւնիները՝ յայտարարելով. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»։

Եւ վերջապէս նշանակալից պահ մը անձնական. տասը տարի առաջ Տ. Յարութիւն անունով վերակոչուած Հայր Յարութիւն Վարդապետը իր անուանակոչութեան տօնը Աստուծոյ առաջնորդութեամբ կը տօնէ նաեւ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ վերօծումով եւ պատմութեան հիմքերուն արժանի ձեւով եկեղեցին ներկայացնելով։ Անուանակից եկեղեցւոյ համալիրին մէջ եւ համալիրէն դուրս տարեց եւ երէց, հայ թէ օտար, Պոլիսէն եւ կամ արտասահմանէն հարիւրաւոր անձերու երջանկութեան խնդակից ըլլալ կը մնայ միայն, նախ փառք տալով Աստուծոյ եւ ապա շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք մաս եւ բաժին ունեցան այս պատմական օրուան իրականացման մէջ։ Փա՜ռք հիմնադրողաց, պատիւ ապրեցնողաց…

23 յուլիս 1896-ին սկսած օծման ընթացքը ձեւով մը հասաւ 27 ապրիլ 2025, տեսնելով իր ամբողջ էութեամբ, գոյքերով, տեսքով, սրբապատկերներով եւ իր անցեալով, հիմքերը ճշմարտապէս գտած Ս. Յարութիւն եկեղեցին։ Հետեւաբար ի զուր չէ որ Քրիստոսի մեծագոյն հռչակումներէն մին վերյիշեցինք. «Ես յաղթեցի աշխարհին»։ 

Ս. Յարութիւն եկեղեցին իր պատմական ճանապարհորդութեան մէջ եկաւ ու հասաւ այն հանգրուանը այսօր, որու շնորհիւ ազատեցաւ անցեալի աղտոտութենէ, փրկուեցաւ անցեալի անկայունութենէ եւ ա՛լ աւելին հոգին վերաթարմացաւ, վասնզի կորսուած էր՝ գտնուեցաւ, մեռած էր՝ ողջնցաւ։ 

Ս. Յարութիւն եկեղեցին այլեւս բաց է բոլոր ուխտաւորներու առջեւ եւ յատկապէս սաներուն ու կրթական մշակներուն մօտ կոչնակը լսելի է ամենայն զօրութեամբ։ Առաջին մկրտութիւնը տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագի յաջորդող ժամերուն։ Շաբաթասկիզբին էսաեանցի սաներ ու ուսուցիչներ սկսան այցելել նորօծ եկեղեցին եւ իրենց հանապազօրեայ աղօթքը մատուցել մոմավառութեամբ։ Լուսաւորիչ երգչախումբի մանուկները յետբարեզարդման առաջին անգամ համախմբուեցան նորոգուած համալիրին մէջ ու զուարճանքով վայելեցին իրենց նախնեաց տունը՝ Ս. Յարութիւնը։ Բոլորին ալ տպաւորութիւնը նոյնն է. կարծէք դրախտավայր մը դարձած է այս եկեղեցին եւ համալիրը։

Փառք Աստուծոյ, որ շատերս թէ՛ մասնիկը դարձանք այս գործընթացին եւ նաեւ վկաները՝ ներշնչող եկեղեցւոյ վերածաղկումին: Շնորհաւոր ըլլայ Ս. Յարութեան տօնը Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ։ Յարութեան նորոգիչ ուժը թէ՛ շարունակէ պարուրել այս նորոգուած տաճարը եւ թէ հոգեպէս պայծառազարդէ իր բոլոր ուխտաւորները։

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, լոյս ծագեցաւ արարածոց. ամէն։ 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

3 մայիս 2025, շաբաթ

Երեքշաբթի, Մայիս 6, 2025