ՅԵՏԱՁԳԵԱԼ ԱՅՑ

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու յետաձգեց ներկայ շաբթուան տեւողութեան նախատեսուած դէպի Պաքու պաշտօնական այցելութիւնը, որու շրջանակներէն ներս պիտի հիւրընկալուէր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նեթանիյահուի այցելութեան յետաձգումը պայմանաւորուած է Կազզէի պատերազմով, Սուրիոյ իրադարձութիւններով եւ անվտանգային լարուած օրակարգով։ Նեթանիյահուի Պաքու այցելութեան համար մշակուած էր հնգօրեայ ծրագիր մը, որ պիտի գործադրուի աւելի ուշ։

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի Պաքու կատարած այցելութեան պիտի յաջորդէր Պենիամին Նեթանիյահուի այցելութիւնը, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի բանակցութիւններու համայնապատկերին վրայ ալ հետաքրքրութիւն ստեղծած էր։ 

Մամուլին մէջ լոյս տեսած էր, որ յետաձգեալ այս այցելութեան ընթացքին Իլհամ Ալիեւ Պենիամին Նեթանիյահուի հետ պիտի շօշափէր Սուրիոյ պարագային առկայ Թուրքիա-Իսրայէլ տարակարծութիւնները հարթելու հեռանկարները։

Չորեքշաբթի, Մայիս 7, 2025