ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆԻ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑՆԵՐԸ

Երէկ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փութին-Փեզեշքիան զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Իրանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ վերջերս կազմակերպուած բանակցութիւնները։ Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ ծաւալուած քննարկումներու լոյսին տակ Փութին դիտել տուաւ, որ Ռուսաստան պատրաստ է նպաստել այդ երկխօսութեան՝ միջազգային իրաւունքի հիման վրայ։ Երկու նախագահները աչքէ անցուցին նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային օրակարգի հարցերը։ Անոնք նաեւ կարծիքներ փոխանակեցին երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքին շուրջ։

Միւս կողմէ, Փութին-Նեթանիյահու հեռախօսազրոյցի ընթացքին ալ շօշափուեցան Մերձաւոր Արեւելքի իրավիճակի զանազան երեսակները։ Վլատիմիր Փութին եւ Պենիամին Նեթանիյահու կանգ առին նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին վրայ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 7, 2025