ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՆԳԼԵՐԷՆԻ ՕՐ

Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ ոգեւոր ձեռնարկ մը, որով նշուեցաւ Համաշխարհային անգլերէնի օրը։ Անմահ Շէյքսփիրի ծննդեան օրուան կը համընկնին ամէն տարի այս ձեռնարկները։ Սահակեան-Նունեան վարժարանի միջնակարգի բաժնին կողմէ կազմակերպուած երէկուան ծրագիրն ալ նախատեսուած էր համայնքային դպրոցներու եօթներորդ դասարաններու աշակերտներուն համար։ Միջվարժարանային նախաձեռնութեան յայտագիրը ընդգրկեց զանազան մրցոյթներ՝ անգլերէնի գործածութեան տարբեր ուղղութիւններով կամ վարժանքներով։

Յայտագրի աւարտին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնուհի Ալին Եիւճէլ, որ իր բարձր գնահատանքը արտայայտեց նախագծի կազմակերպիչներուն, մասնակից աշակերտներուն, զանոնք վերահսկած կրթական մշակներուն նկատմամբ։

Հինգշաբթի, Մայիս 8, 2025