ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՄԷՋ ԱՍՈՒԼԻՍ՝ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ԳԷՈՐԳ ՓԱՄՊՈՒՔՃԵԱՆԻ
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը, որով ոգեկոչուեցաւ անմոռանալի բանասէր Գէորգ Փամպուքճեան, որ իր հետազօտութիւններով ու ծաւալուն ուսումնասիրութիւններով անջնջելի հետք մը թողած է պոլսահայ արդի տարեգրութեանց մէջ։
Դպրոցի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ առիթ հանդիսացաւ արտասովոր խանդավառութեան։ Ոգեկոչուած անձնաւորութեան՝ հասարակութեան սեփականութիւնը դարձած եւ տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ վերարժեւորուած անձնաւորութիւնը բոլորը համախմբեց այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, ուր թէ՛ Գէորգ Փամպուքճեանի նկատմամբ երախտագիտութեան զգացումները վերակենդանացան եւ թէ անոր գիտական աշխատանքին նշանակութիւնը հերթական անգամ բիւրեղացաւ։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տնօրէն Սերքան Քըյըճըի մասնակցութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկը, խորքին մէջ, ասուլիս մըն էր։ Ատենախօսները՝ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, Հանրիէթ Պասօղլու եւ Վարդանոյշ Չերմէ մանրամասն բացատրութիւններ տուին Գէորգ Փամպուքճեանի կեանքին ու գործունէութեան շուրջ։ Նկատի ունենալով, որ անոնցմէ ոմանք Գէորգ Փամպուքճեանի հետ անձնական շփում ալ ունեցած էին, այդ վկայութիւնները բոլորին բանալիներ մատուցեց նաեւ ոգեկոչեալ մտաւորականի բարի ու ազնիւ նկարագրի ընդհանուր գիծերուն շուրջ։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի աւանդութիւններու, դրուածքի եւ ընդհանուր յարատեւութեան տրամաբանութեան ընկալումները պայմանաւորած մեծանուն մտաւորական մըն է Գէորգ Փամպուքճեան, որու անփոխարինելի ներդրումը այսօր կ՚ապահովէ, որ գիտակցութիւնը փոխանցուի սերունդէ սերունդ։
Ատենախօսներու արտայայտութիւններուն ընդմէջէն բիւրեղացան նաեւ Գէորգ Փամպուքճեանի աշխատանքային կարգապահութիւնը, արտադրունակութեան գաղտնիքները, որոնք տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ իր կատարած գործունէութեան արժեւորման անկիւնաքարերը կը հանդիսանան։ Փամպուքճեանի մասին մատուցուած տեղեկութիւններու լոյսին տակ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի աշակերտները ընդհանուր պատկերացում մը կազմեցին նաեւ արխիւագիտութեան եւ ուսումնասիրութիւններու, հետազօտութիւններու բնագաւառներուն շուրջ. իրենց մտքին մէջ ձեւաւորուեցան համապատասխան հորիզոններ։