ՃԱԲՈՆՑԻ ԳՐՈՂԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ (Գ.)

Այստեղ կու գայ ճաբոնցի ինքնասպանի տարօրինակ ու հետաքրքրական տողերէն մէկը. «Այս վերջին պահուն գուցէ համարձակութիւն է, բայց ինձ կը թուի ես իմ անձս հասկցայ»։ Մահուան սեմին մարդ ինչպէ՞ս ինքզինք կը ճանչնայ: Ինքնաճանաչումը իրականութեան մէջ կեանքի եւ մահուան գաղափարներուն հաշտութիւնն է, որովհետեւ մահուան սեմին ինքնասպանը կը հասկնայ թէ, այն բոլորը՝ որոնց համար պայքարած ու տառապած էր, արդէն իսկ հիմա իմաստ չունէր. միւս կողմէ սակայն այս մէկը ինքնախաբէութիւն է. քայլ՝ որ մարդ կ՚ուզէ ընդունիլ, որպէսզի արդարացնէ եւ տրամաբանական գտնէ այն սխալ որոշումը՝ որ վայրկեաններ ետք տեղի պիտի ունենայ: 

Անշուշտ, ինքնասպանը այս քայլը համարձակութիւն կը նկատէ, որովհետեւ վերջապէս ինքնասպանութիւն ընելու որոշումը կայացուցած մարդու համար կեանքը եւ կամ սեփական անձը հասկնալը իրականութեան մէջ ի՞նչ տարբերութիւն ունի։ Այս մէկը ինքնասպանին տատանուող միտքը ցոյց կու տայ, որովհետեւ նամակին մէջ ուրիշները համոզելու պատրուակով ինքնասպանը կը փորձէ համոզել ինքն իր անձը եւս, հաւատացնելով, որ արդէն իսկ ճանչցած է իր անձը, իր ուզածները, իր որոշումները եւ հետեւաբար զղջալու ոչ մէկ պատճառ ունի: Այս մէկը այն հանգրուանն է, որ իւրաքանչիւր ինքնասպան կը համոզուի, թէ փրկութեան միակ միջոցը, ցաւէն ու տառապանքէն հեռանալու միակ ելքը ինքնասպանութիւնն է: Ինքնասպանի մը համար այս համոզումները ունենալը կարծես անհրաժեշտ ու պարտադիր է, որովհետեւ այդ մէկը կը նուազեցնէ երկուութիւնը եւ մարդու միտքէն կը հեռացնէ կասկածն ու տատամսումը: 

Մահուան սեմին ինքնաճանաչողութիւնը գուցէ տայ այն մտածումը, որ ինքնասպանը մինչեւ այդ ապրած էր անիմաստ կեանքով մը եւ միայն մահուան սեմին կրցած էր հասկնալ իր անձը եւ այդ հասկացողութիւնը բան մը պիտի չփոխէր որոշումին վրայ: Այս տողերուն մէջ պէտք է գտնել սեփական անձի եւ կեանքի վերլուծութիւն: Այս տողերը հոգեբանութեան մէջ կարելի է թարգմանել որպէս ամբողջական յուսահատութիւն, որոշման կայացում, տարօրինակ հանգստութիւն ու անդորր ու խաբուսիկ պահ՝ երբ մարդ կը կարծէ, թէ արդէն իսկ հասկցած է ամէն բան: 

Ինքնասպան գրողի խօսքերէն պէտք է հասկնալ, որ ան լաւապէս գիտակցութիւնը ունի իր կատարածին. անոր յաջորդ տողերը կ՚ըսեն. «Ուրիշներ անկասկած կ՚արհամարհեն զիս, կամ գոնէ մահէս ետք կ՚արհամարհեն»։ Գուցէ այստեղ հասկնալի է, որ գրողը լաւապէս գիտէ, որ իր կատարածը առողջ մարդու որոշում մը չէ եւ հետեւաբար շատեր պիտի քննադատեն, արհամարհեն եւ կամ նոյնիսկ մեղադրեն անոր այս խիզախ քայլը: 

Տարօրինակ է, որ ինքնասպանութիւն որոշող մարդ մը տակաւին կը շարունակէ կարեւորութիւն տալ շրջապատի ունեցած կամ ունենալիք կարծիքին ու արտայայտութեան։ Ինքնասպանը հաստատ է իր որոշումին մէջ, սակայն, կը շարունակէ մտածել յետ մահու իր անձին հանդէպ կազմուելիք գաղափարին շուրջ: Մարդ նոյնիսկ իր ինքնասպանութեան պահուն իր մէջ ունի ԵՍ մը, որուն մասին կամայ թէ ակամայ կը մտածէ: Ինքնասպան եղողը ինչքան ալ ճիշդ նկատէ իր կայացուցած որոշումը, ունի որոշ ամօթի զգացում մը. «մահէս ետք» արտայայտութիւնը ինքնին ապացոյց է, որ ինքնասպանը տակաւին կը շարունակէ մտածել մարդոց վրայ իր ունեցած ազդեցութեան մասին։ Առեղծուած մըն է. մարդ ինքնասպան կ՚ըլլայ, որպէսզի վերջ գտնեն իր ցաւերը, սակայն, կը շարունակէ ցաւ ապրիլ յետ մահու մարդոց ունեցած արհամարհանքին մասին եւ գուցէ այս նամակին պատճառն ալ այդ արհամարհանքը մեղմացնել ու սեփական որոշումը արդարացնել է: Այս մէկը պարզապէս «լաւ» ու «բարի» յիշատակով հեռանալու փորձ մըն է: Կայ հակասութիւն մը, որովհետեւ գրողը մտահոգ է այդ արհամարհանքին համար, սակայն, միւս կողմէ յաջորդող տողին մէջ կ՚ըսէ. «Բայց նոյնիսկ այդ պարագային ես դարձեալ բաւարարուած եմ»։ Այստեղ կ՚ուզենք շեշտել «բաւարարուած» բառը, որովհետեւ ինքնասպանութեան որոշումն ու մտածումը եւս կեանքէն «բաւարարուած» զգալու հիմքը ունի՝ թէեւ այդ բաւարարութիւնը այստեղ դրական իմաստով չի յայտնուիր: 

Սակայն, վերոյիշեալ ամօթը վերացնելու համար ինքնասպանը կու գայ այստեղ իր մահուան որոշ պատճառներ ու արդարացում տալու. «Բայց նոյնիսկ այդ պարագային ես դարձեալ բաւարարուած եմ»։ Գրողը այստեղ կը գործածէ «ոչ ոք զգացած է» արտայայտութիւնը՝ ըսելու համար, որ զինք արհամարհողները այդ ցաւի ազդեցութիւնը չեն գիտեր, հետեւաբար կը շարունակեն մեղադրել ու արհամարհել: Ան իր ինքնասպանութեան որպէս հիմնական պատճառ կը գտնէ մինակութեան զգացումը, սակայն, պէտք է նկատի ունենալ, որ գրողը իրականութեան մէջ «մինակ» չէր։ Այդ մէկը հոգեկան ապրում մըն է պարզապէս, որովհետեւ ինք որպէս կայացած գրող արդէն իսկ ճանչցուած ու սիրուած էր մարդոց կողմէ. հակառակ իր երիտասարդ տարիքին իր շրջանակին մէջ ճանչցուած գրող մըն էր, սակայն, հակառակ անոր ինքզինք մինակ կը զգար եւ հոգեկան մինակութիւնը մարմնական մինակութենէն շատ աւելի վտանգաւոր է, որուն մասին պիտի խօսինք մեր յաջորդ գրութեան մէջ: 

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Հակառակ բազմաթիւ ընկերներ ունենալու, մարդ ինչո՞ւ ինքզինք մինակ կը զգայ:

Պատասխան. Հակառակ անոր, որ մարդ ունի բազմաթիւ ընկերներ, երբեմն կրնայ ինքզինք մինակ զգալ, որովհետեւ այդ մէկը պայմանաւորուած է ո՛չ թէ քանակով, այլ՝ որակով: Երբ կը բացակայի հոգեբանական կապը, փոխընկալումը եւ անկեղծ հաղորդակցութիւնը՝ ընկերութիւնը կը դառնայ մակերեսային եւ մարդ կը զգայ, որ շրջապատը զինք չի հասկնար եւ մինակութիւն կը զգայ: Այդ զգացումը աւելի կը խորանայ, երբ մարդ ունի ներքին կասկածներ, ինքնավստահութեան պակաս եւ կը քաշուի իր զգացումները արտայայտելէ՝ վախնալով քննադատութիւններէն կամ մերժումներէն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մայիս 8, 2025