ԽՈԶՆԱՒԱՐԻ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ վերջին շրջանին արձանագրուած լարուածութիւնը կը շարունակուի մտահոգիչ թափով։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը կը շարունակեն թիրախաւորել Սիւնիքի մարզի զանազան բնակավայրերը։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ 7 մայիս 2025 թուականին, ժամը 22.22-ին, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը հերթական անգամ թիրախաւորած են Խոզնաւար գիւղը։ Յարձակման հետեւանքով բնակարանի մը տանիքը վնասուած է։ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ թէեւ նշուած է, որ բնակարանի մը տանիքը վնասուած է, սակայն, գիւղացիներու վկայութեամբ՝ մէկէ աւելի բնակարաններ վնաս կրած են յարձակման հետեւանքով։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը Ատրպէյճանին կոչ ուղղեց, որպէսզի քննարկէ դէպքը եւ հրապարակէ համապատասխան փաստերը։

Ուրբաթ, Մայիս 9, 2025