ՀՌՈՄԷԱԿԱՆ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 267-ՐԴ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԸ՝ ԼԵՒՈՆ ԺԴ.

Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցին երէկ երեկոյեան ժամերուն ընտրեց իր նոր քահանայապետը, որ կոչուեցաւ Լեւոն ԺԴ.։ Վատիկանի Ս. Աթոռի 267-րդ գահակալը ընտրուեցաւ Քոնքլաւի գումարման երկրորդ օրն իսկ։ Ս. Պետրոսի Մայր տաճարի պատշգամէն հրապարակուեցաւ, որ նոր քահանայապետը եղած է կարտինալ Ռապըրթ Ֆրենսիս Փրեւոսթ, որ առած է Լեւոն ԺԴ. անունը։ Վատիկանի Ս. Պատրոսի հրապարակին վրայ հաւաքուած հարիւր հազարաւորներով հաւատացեալներ ջերմօրէն ողջունեցին նոր պապին ընտրուած ըլլալը, երբ պատշգամէն հրապարակուեցաւ անոր անուան անունը։ Ծովածաւալ բազմութեան ներկայութեամբ նորընտիր պապը ըսաւ. «Մենք բոլորս Աստուծոյ սիրելի զաւակներն ենք, եկէք ըլլանք միասնական ու քալենք միասին»։ 

Նորընտիր պապը Ակուստինեան միաբանութեան կը պատկանի եւ եօթանասուն տարեկան է։ Մինչեւ պապ ընտրուիլը ան Ս. Աթոռէ ներս եպիսկոպոսներու վերատեսուչն էր։ Պատմութեան մէջ առաջին անգամ Ակուստինեան միաբանութեան անդամ մը ընտրուած է քահանայապետ։ Միեւնոյն ժամանակ, Լեւոն ԺԴ. Ամերիկայի ցամաքամասէն ընտրուած երկրորդ քահանայապետն է։ Եթէ նախկին պապը՝ Ֆրանսիսքոս Ա. եկած էր Հարաւային Ամերիկայէն, ապա այժմու պապը արդէն Հիւսիսային Ամերիկայէն կու գայ։ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Շիքակոյէն է։ Իր նախնիները եղած են Եւրոպայէն գաղթականներ՝ Ֆրանսա, Իտալիա եւ Սպանիա։

Ուրբաթ, Մայիս 9, 2025