ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր կը գտնուի Մոսկուայի մէջ՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրին ընդառաջ։ Բ. Աշխարհամարտի աւարտի տարեդարձին առթիւ, Մոսկուայի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ աւանդական ու նշանաւոր զինուորական տողանցքը։ 9 մայիսի այս շքերթին ամէն տարի Մոսկուայի մէջ կը համախմբուին աշխարհի զանազան երկիրներէ ղեկավարներ։ Այս տարի Նիկոլ Փաշինեանն ալ մեկնած է Մոսկուա, ուր համախմբուած են դարձեալ բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներ։
Այսօրուան տողանցքին ընդառաջ, երէկ երեկոյեան, Քրեմլինի պալատէն ներս հանդիսաւոր համերգ մը տեղի ունեցաւ՝ Մոսկուա մեկնած ղեկավարներուն մասնակցութեամբ։ Նիկոլ Փաշինեանն ալ մասնակցեցաւ այս երեկոյթին, որու ընթացքին զրուցեց Մոսկուայի մէջ համախմբուած զանազան ղեկավարներու հետ. օրինակ՝ Վլատիմիր Փութին, Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինկ եւ այլն։