ՎԱՔԸՖՆԵՐՈՒ ՇԱԲԱԹԸ ՍԿՍԱՒ
Երէկ սկսաւ Վաքըֆներու շաբաթը, որուն զուգահեռ կը նշուի նաեւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան հիմնադրութեան 101-րդ տարեդարձը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հովանաւորութեամբ, Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի համագումարներու եւ մշակոյթի կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Վաքըֆներու շաբթուան բացման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան նաեւ թրքահայ համայնքային վարիչներ։
Նախագահ Էրտողան հաւաքոյթի ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը, որու ժամանակ շեշտեց, թէ Թուրքիան վաքըֆներու քաղաքակրթութեան մը կրողն է։ «Որպէս ազգ՝ մենք ունինք վաքըֆներու փայլուն աւանդութիւն մը», ըսաւ նախագահ Էրտողան։
Մայրաքաղաքի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին մասնակցեցաւ նաեւ ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխաններէն տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, որ հանդիսութեան մասնակից համայնքային վարիչներուն նկատմամբ ցուցաբերեց ջերմ եւ ուշադիր վերաբերմունք։