ՇԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՆՈՒԱԳԵՑ ՀԲԸՄ-Ի ԵՐԵՒԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ

Հռչակաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունի երէկ երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։ Նուագահանդէսը տեղի ունեցաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի մասնաճիւղի կեդրոնակայանի դահլիճի երդիքին տակ, ուր հոծ թիւով երաժշտասէրներ ողջունեցին վարպետ արուեստագէտը։ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած համերգէն ճիշդ շաբաթ մը վերջ Շահան Արծրունի ներկայացաւ Երեւանի գեղարուեստասէրներուն, որոնց եւս հրամցուց՝ հայ կին յօրինողներու դաշնամուրային ստեղծագործութիւններէն բաղկացեալ իր յայտագիրը։ Հարկ է նշել, որ կին յօրինողներու վերաբերեալ այս ծրագիրը Շահան Արծրունի պատրաստած է՝ ՀԲԸՄ-ի խրախուսանքով եւ աջակցութեամբ։ 

Երեւանի երէկուան համերգին Շահան Արծրունի հերթական անգամ իր վարպետութեամբ խոր տպաւորութիւն գործեց ունկնդիրներուն վրայ, որոնք համերգի աւարտին որոտընդոստ ծափահարութիւններով ողջունեցին զինք։

Ուրբաթ, Մայիս 9, 2025