ՓՈՒԹԻՆ-ԾԻՆՓԻՆԿ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինկ երէկ հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Բ. Աշխարհամարտի աւարտի տարեդարձին ձօնուած՝ 9 մայիսի նշանաւոր զինուորական տողանցքը։ Այս շքերթին մասնակցելու առընթեր, երկու ղեկավարները բովանդակալից եւ արդիւնաւէտ բանակցութիւններ վարեցին Քրեմլինի պալատին մէջ, ուր ստորագրեցին նաեւ շարք մը փաստաթուղթեր։ Փութին եւ Ծինփինկ անդրադարձան նաեւ Ուքրայնայի տագնապին։ Փութին շեշտեց, որ Մոսկուա պատրաստ է բանակցութիւններու եւ արդար ու կայուն խաղաղութեան ուղղեալ պայմանագրի մը ստորագրման։
Իր կարգին, Ծինփինկ ընդգծեց, որ Փեքին հանդէս կու գայ ի նպաստ՝ կլոպալ անվտանգութեան ընդհանուր, համապարփակ, համատեղ ու կայուն հայեցակարգի մը։ Իր խօսքով՝ աշխարհի բոլոր երկիրներու օրինական շահերուն հանդէպ յարգանքը անհրաժեշտ է։