ԻՆՔՆԱԼՈՒԾԱՐՈՒՄ

ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը որոշեց ինքզինք լուծարել։ Թուրքիոյ մէջ վերջին շրջանին հասունցած խմորումներուն զուգահեռ՝ ՓՔՔ-ի պարագլուխ Ապտուլլահ Էօճալան վերջերս համապատասխան կոչով մը հանդէս եկած էր, ՏԷՄ կուսակցութեան կողմէ համակարգուած գործընթացով մը։

Ըստ «Reuters»ի հաղորդումներով՝ ՓՔՔ անցեալ շաբաթ կազմակերպեց համագումար մը, որու եզրափակիչ յայտարարութիւնը արդէն հրապարակուած է։ Այս առթիւ յայտարարուած է, որ ՓՔՔ վար կը դնէ զէնքերը ու ինքզինքը կը լուծարէ։ «Համագումարը կասեցուցած է ՓՔՔ անունով յառաջ տարուած գործունէութիւնները», նշուած է եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ։

Միեւնոյն ժամանակ, կոչ ուղղուած է, որպէսզի թուրք-քիւրտ յարաբերութիւնները վերաձեւաւորուին։

Ըստ տեղական մամուլին՝ ՓՔՔ-ի զինաթափումը Սուրիոյ եւ Իրաքի ղեկավարութիւններուն հետ նախատեսուած հասարակաց դրութիւնով մը պիտի կազմակերպուի։

Երկուշաբթի, Մայիս 12, 2025