ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՄՏԱԽԱՂԵՐՈՒ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան մտախաղեր, որոնք վեցերորդն էին իրենց նմաններու շարքին։ Գումգաբուի ընտանիքը այս միջվարժարանային մրցաշարքը կազմակերպած էր՝ Թուրք ուղեղի խումբի հետ համագործակցութեամբ։ Դպրոցի սրահին մէջ համախմբուեցան՝ համայնքային 11 վարժարաններէ 33 աշակերտներ, որոնք իրենց ուղեցոյց ուսուցիչներու մականին ներքեւ պատրաստուած էին այս մտախաղերուն։ 

Ձեռնարկի ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Քլոտիա Տեմիր։

Արդիւնքներու հրապարակումէն վերջ, խմբային դասաւորման մէջ դափնեկիրները եղան՝ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան, Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան եւ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանները։ Միջնակարգերու մակարդակով այս ծրագրի անհատական դասաւորման առաջինը հանդիսացաւ Ալին Աթաքէր (Մէրամէթճեան վարժարան), որուն յաջորդեցին Արի Չընար (Սահակեան-Նունեան վարժարան) եւ Լուսին Չաղլը (Մէրամէթճեան վարժարան)։

Երկուշաբթի, Մայիս 12, 2025