ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐՈՒ ԴԵՐԸ՝ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
Ընկերային ցանցերը այսօր մեծ ազդեցութիւն ունին մարդկային յարաբերութիւններու վրայ՝ յատկապէս երիտասարդներու մօտ։ Անոնք ո՛չ միայն փոխած են հաղորդակցման ձեւերը, այլեւ ձեւաւորած են նոր ընկերային չափանիշներ եւ արժէքներ։
Անկասկած, ընկերային ցանցերը հնարաւորութիւն կու տան մարդոց կապ հաստատել իրարու հետ՝ անկախ աշխարհագրական սահմաններէն։ «Facebook»ի, «Instagram»ի եւ «TikTok»ի նման հարթակները իրականութեան մէջ հնարաւորութիւն կու տան մարդոց ծանօթանալ նոր մարդոց հետ՝ ընդլայնելով իրենց ընկերային շրջանակը։ Ընկերային ցանցերը նաեւ կրնան ծառայել որպէս յուզական աջակցութեան հարթակ՝ թոյլ տալով մարդոց բաժնել իրենց զգացումները եւ օգնութիւն ստանալ այլ մարդոցմէ։
Ընկերային ցանցերը ունին ինչպէս դրական, այնպէս ալ բացասական ազդեցութիւններ։ Սա կախեալ է անկէ, թէ մենք ինչպէս կ՚օգտագործենք այս հարթակները։ Հետեւաբար, կարեւոր է այդ հարթակներու օգտագործման ժամանակ ըլլալ զգօն եւ պատասխանատու՝ պահպանելով մեր առողջ յարաբերութիւնները, արժէքները եւ մշակոյթը։
Վերջին տասնամեակներուն՝ ամուսնալուծութիւններու թիւը զգալիօրէն բարձրացած է։ Այս երեւոյթը ունի բազմաթիւ պատճառներ՝ ընկերային, տնտեսական, հոգեբանական եւ մշակութային։ Սակայն ժամանակակից ընկերութեանց մէջ, նորագոյն եւ առաջնային ազդակ մըն է ընկերային ցանցերը։
Ամուսնալուծութիւններու թիւը ամբողջ աշխարհին վրայ, ներառեալ հայ համայնքներուն մէջ, աճ կ՚արձանագրէ։ Բազմաթիւ մասնագէտներ այդ աճը կը կապեն փոփոխուող ընտանեկան արժէքներուն, կնոջ դերի վերաձեւաւորման, տնտեսական ճնշումներուն եւ վերջապէս՝ թեքնոլոժիք զարգացումներուն։ Այս վերջին գործօնին մէջ, ընկերային ցանցերը իբրեւ նոր երեւոյթ, կարեւոր տեղ գրաւած են՝ ազդելով զոյգերու յարաբերութիւններուն եւ ամուսնութեանց վրայ։
Ընկերային ցանցերը մարդկոց միջեւ կապի միջոց մըն է։ Սակայն, միեւնոյն ժամանակ, այդ հարթակները կը դիւրացնեն տարբեր անձերու հետ հաղորդակցիլը, երբեմն ալ գաղտնի։ Այս հանգամանքը կրնայ վստահութեան եւ հաւատարմութեան խնդիրներ ստեղծել զոյգերու միջեւ։
Մարդոց ընկերային ցանցերու միջոցով դիւրաւ հասանելիութիւնը երբեմն կրնայ պատճառ դառնալ ամուսնական անհաւատարմութեան։ Սակայն, պէտք է յիշել, որ ամուսնալուծութեան պատճառները բազմաթիւ են։ Ընկերային ցանցերը աւելի շատ առիթ մըն է, քան՝ անմիջական պատճառ։
Եթէ զոյգ մը արդէն ունի հաղորդակցութեան, վստահութեան կամ մտերմութեան խնդիրներ, ընկերային ցանցերը կրնան այդ խնդիրները խորացնել։ Թէեւ ամուսնալուծութիւններու ակունքները աւելի խոր ու բազմաշերտ են, սակայն, ընկերային ցանցերը մեծ գործօն մը կրնան դառնալ այս ժամանակակից «փազըլ»ին մէջ։
Առաւել, ամուսնութիւնները բազմաթիւ մարտահրաւէրներու առջեւ կը կանգնին եւ ընկերային ցանցերը կը դառնան վայր մը, ուր անձը կրնայ փախուստի կամ մխիթարութեան գիրկը նետուիլ՝ յատկապէս երբ զոյգի մը մէջ հաղորդակցութիւնը թուլացած է, անձը սկսած է զգալ անհատականութիւնը կորսնցնելու վախը կամ անտեսուած ըլլալու զգացումը։
Բաց աստի, ուսումնասիրուած զոյգերէն շատեր ընդունած են, որ ամուսնալուծութեան ուղղակի պատճառ եղած է ընկերային ցանցերու միջոցով սկսած ընկերութիւն մը կամ սիրային շփում մը։ Սակայն, նոյն զոյգերը նաեւ նշած են, որ այդ շփումը յառաջացած է արդէն գոյութիւն ունեցող խնդիրներու հետեւանքով։ Այս փաստը կը վկայէ, որ ընկեային ցանցերը, ինքնին, միակ պատճառը չեն, այլ արդէն գոյութիւն ունեցող խնդիրներու արտայայտման դաշտեր են։
Ընկերային ցանցերը անկասկած նոր մարտահրաւէրներ կը ստեղծեն ժամանակակից ամուսնութեանց մէջ։ Դիւրին շփումները, գաղտնի հաղորդակցութիւնները եւ հարթակներու անսահման տարբերակները կը վնասեն վստահութեան մթնոլորտը։ Բայց պէտք չէ մոռնալ, թէ ամուսնալուծութիւնը սովորաբար ունի բազմաշերտ պատճառներ։ Ընկերային ցանցերը աւելի շատ միջոց են, քան՝ հիմնական արմատ։
Ուստի, ամուր յարաբերութիւն մը, որու մէջ կայ բաց հաղորդակցութիւն, վստահութիւն եւ հաւասարակշռութիւն, կրնայ դիմագրաւել այս մարտահրաւէրները։ Իսկ արդէն դժուարութիւններ ունեցող յարաբերութիւններուն համար, ընկերային ցանցերը կրնան դառնալ այդ ճեղքը աւելի խորացնող ազդակ մը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ