ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Բանականութիւնը՝ բանաւորութիւնը եւ իմցականութիւնը մարդը նման կ՚ընէ Աստուծոյ։ Արդարեւ, Աստուած մարդը բանաւոր-իմացական արարած ստեղծեց՝ որ անոր անձի մը արժանապատուութիւնը կու տայ եւ թէ օժտուած է նախաձեռնութեամբ եւ իր գործերուն, արարքներուն տիրապետութեամբ։ Ուստի, «Աստուած թողուց մարդը իր անձնական դատումին». (ՍԻՐԱԿ, ԺԵ 14), որպէսզի ան կարենայ անձմբ փնտռել իր Արարիչը եւ «ազատօրէն» փարելով Անոր հասնիլ լի եւ երանաւէտ կատարելութեան։

Արդարեւ, Սուրբ Երանոս Լիոնցի (Իրենիոս Լուկտոնացի. 130-202 թթ. Իզմիր-Լիոն) կ՚ըսէ. «Մարդը իմացական արարած է եւ ասով՝ նման Աստուծոյ։ Ան ստեղծուած է ազատ եւ տէր իր արարքներուն»։

Հարցում մը. բանականութիւնը՝ աստուածային այս յատկութիւնը, որ «անձի արժանապատուութիւն» կ՚ենթադրէ, կարելի՞ է փոխանցել եւ կամ անոր համահաւասար արհեստական ո՛չ-անձի մը յանձնել։ Կարելի՞ է, որ բանականութիւնը գործածուի մարդէ զատ՝ արհեստական, մարդու ձեռքով շինուած որեւէ առարկայով։

Անշուշտ, մարդ բանականութիւնը պիտի գործածէ, ո՛չ մէկ տարակոյս, պիտի յառաջդիմէ, գիւտեր պիտի կատարէ, գիտութեան բոլոր բարիքներէն, օգուտներէն պիտի օգտուի։ Բայց…

Բանականութեան գործածութիւնը ի սկզբանէ սահման մը ունի. «Տէր Աստուած պատուիրեց մարդուն՝ ըսելով.- Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր։ Բայց բարիի եւ չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր, քանի որ այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս». (ԾՆՆԴ. Բ 16-17)։

Գիտենք, որ Աստուածաշունչ մատեանի պատուէրներուն հնազանդիլ, հպատակիլ երբե՛ք յետամտութիւն եւ յետադիմութիւն չէ, քանի որ անոնք ճշմարտութեան ստոյգ արտայայտութիւններն են։

Ուստի, Աստուած մարդուն տուած է ամէն ազատութիւն, բայց նաեւ սահմանափակած է զանոնք, այն պայմանով մարդ գործածած է իր ազատութիւնը…

Այս ազատութիւնը՝ մարդուն աստուածատուր բանականութիւնը իր իսկ շինած արհեստական առարկայի մը փոխանցել՝ յատկապէս իրեն յանձնուած արժէք մը «ուրիշ էութեան» մը վստահիլ սկզբնական օրէնքին ներհա՛կ է։

Բանականութիւնը մարդուն կը վերաբերի եւ անոր պատասխանատուութեան սահմաններուն մէջ կը գտնուի։ Եթէ բանականութիւնը յանձնուի ձեռակերտ առարկայի մը՝ «պատասխանատուութեան» եզրը ո՞ւր պիտի տեղաւորենք։ Առանց պատասխանատուութեան բանականութեան ազատութիւնը վայելել կարելի չէ՛. եւ ուրեմն, հարցը սա է.- Արհեստական բանականութիւնը պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը պիտի ունենա՞յ։ Կարելի՞ է արհեստական բանականութեան պատասխանատուութիւն վերագրել։ Անշուշտ ո՛չ…

Մարդ ստեղծուած է երեք արժէքներով եւ անոնք մարդը կատարեալ «մա՛րդ» կ՚ընեն։ Ուստի, մարդ՝ մարմին, բանականութիւն եւ զգացութիւն արժէքներով ամբողջ մը կը կազմէ։ Բանականութիւնը եւ զգացումը՝ միտքը եւ խիղճը զիրար կը հակակշռէ։ Արհեստական բանականութիւնը ո՛չ զգացում եւ ոչ ալ խիղճ ունի, ուստի, անոր բանականութիւնը անկատար է եւ անվստահելի՛։

Եւ երբ այս տողերը կը գրենք՝ չկարծուի, որ գիտութեան արժէքը որեւէ կերպով կ՚անտեսենք եւ կը ստորագնահատենք։ Գիտութիւնը, արդարեւ, Աստուծոյ մարդուն տուած պարգեւ մըն է, որ կ՚աճի բանականութեան եւ իմաստութեան մէջ՝ որոնք արդէն մարդուն մասնայատուկ արժէքներ են։ Եւ այս ուղղութեամբ՝ գիտութիւն եւ հաւատք ճշմարտութեան առաջնորդող միջոցներ են, որոնք համընթաց են։ (Émile Boutroux. 1845-1921, «Science et Religion dans la Philosophie Contemporaine»), (Étienne Bonnot de Condillac. 1714-1780, «Essai sur L’origine des Connaissances Humaines»

Ուստի, կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ մարդ կոչուած է գիտնալու, հասկնալու, գիտնալով եւ հասկնալով հաւատալու եւ ճշմարտութեան, այսինքն՝ Աստուծոյ հասնելու եւ թէ՝ ճշմարտութեան հասնելով գիտութեան մէջ յառաջդիմելո՛ւ։ Այս իմաստով չենք կրնար գիտութիւնը մերժել եւ անոր բարիքները ուրանալ։

Բայց, դարձեալ կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մարդուս ցոյց տուած է, որ երբ բնութեան հետ անսանձ եւ անզուսպ կերպով զբաղած է մարդ եւ բնութեան կարգ մը խորհուրդները չէ յարգած, բնութիւնը անողոք կերպով վրիժառու եղած է։

Մարդը կը մասնակցի իմաստութեան եւ բարութեան Արարչին՝ որ կու տայ անոր իր արարքներուն տիրապետելու եւ ինքզինք կառավարելու կարողութիւնը ճշմարտութեան եւ բարիին հասնելու համար։ Բնական օրէնքը կ՚արտայայտէ սկզբնական բարոյական իմաստը, որ թոյլ կու տայ մարդուն իր բանականութեամբ զանազանելու ի՛նչ որ բարի է եւ չար, ինչ որ ճշմարտութիւն է եւ սո՛ւտ։

Կատարեալ է այն մարդը՝ որ կրնայ ներդաշնակել եւ հաւասարակշռել գիտութիւնը եւ հաւատքը, քանի որ երկուքն ալ կը ձգտին ճշմարտութեա՛ն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 12, 2025, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Մայիս 13, 2025