ՊԱՊԻԿԵԱՆ ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԱԿ-Ի ԽԱՂԱՂԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Պերլինի մէջ մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի խաղաղապահութեան նախարարական հանդիպման, որու բացման պաշտօնական արարողութեան շրջանակներէն ներս ունեցաւ նաեւ այլ երկկողմանի հանդիպումներ։ Այսպէս, Պապիկեան մէկտեղուեցաւ Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Պորիս Փիստորիուսի եւ Անգլիոյ զինեալ ուժերու նախարար Լուք Փոլարտի հետ։ Բաց աստի, ան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։
Պապիկեան-Փիստորիուս հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան եւ պաշտպանութեան բնագաւառէ ներս Երեւան-Պերլին համագործակցութեան այժմու վիճակն ու զարգացման հեռանկարները։ Զրուցակիցները բարձր գնահատեցին համագործակցութեան ներկայ մակարդակը եւ ընդգծեցին զայն ընդլայնելու ուղղութեամբ իրենց պատրաստակամութիւնը։ Նախարարները անդրադարձան նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցերու։
Սուրէն Պապիկեան Լուք Փոլարտի հետ ալ անդրադարձաւ Երեւան-Լոնտոն համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւններուն եւ անոնց զարգացման հեռանկարներուն։ Կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնեցին համագործակցութեան նոր թափ տալու՝ մասնաւորապէս երկու երկիրներէ ներս կցորդներ նշանակելու կապակցութեամբ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան օրակարգին վերաբերեալ զանազան նիւթերու։
Բացի Անգլիոյ եւ Գերմանիոյ պաշտօնակիցներէն, Սուրէն Պապիկեան Պերլինի մէջ անպաշտօն հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Չինաստանի, Ղազախիստանի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարներուն հետ։
Միւս կողմէ, Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ Նիւ Տելհիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Աճիտ Տովալի հետ։