ԱՄՍԹԵՐՏԱՄԻ Ս. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ ՔԱՆԴԱԿԸ

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի մասնակցութեամբ, շաբաթավերջին Ամսթերտամի Ս. Նիկողայոս մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական արարողութիւն մը։ Այսպէս, այս տաճարէն ներս զետեղուած Ս. Գրիգոր Նարեկացիի քանդակը բացուեցաւ պաշտօնական արարողութեամբ մը։ Հանդիսաւոր հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան նաեւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ տեղւոյն վիճակաւորը՝ Եան Հենտրիքս եպիսկոպոսը, ինչպէս նաեւ Ամսթերտամի Ս. Հոգի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ներկայացուցիչները։

Հանդիսութեան ընթացքին Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Նորին Սրբազնութիւնը այս առթիւ շեշտեց, որ յիշողութեան, հաւաքի եւ սիրոյ միաւորիչ գործօն մը կը համարուի Ս. Գրիգոր Նարեկացին։

Չորեքշաբթի, Մայիս 14, 2025