ՆԱԹՕ-Ի ԱՆԴԱՄ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՀԱՒԱՔԸ

ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ անպաշտօն ժողով մը գումարեցին Անթալիայի մէջ։ Դաշինքի անդամ երեսունմէկ երկիրներու նախարարներուն հաւաքը զուգադիպեցաւ՝ Իսթանպուլի այսօրուան Ռուսաստան-Ուքրայնա բանակցութիւններու նախօրեակին։ Երէկուան անպաշտօն հաւաքը՝ ՆԱԹՕ-ի Լախէյի մօտալուտ գագաթաժողովէն առաջ տեղի ունեցած նախապատրաստական բնոյթով վերջին աշխատանքներուն թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Հարկ է նշել, որ 2026 թուականին ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը նախատեսուած է Թուրքիոյ մէջ։ Դաշինքի անգամ երեսունմէկ երկիրներէն քսանվեցը նախարարի մակարդակով մասնակցութիւն բերաւ Անթալիայի երէկուան ժողովին։

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հիւրընկալմամբ կազմակերպուած ընթրիքով սկսաւ Անթալիայի անպաշտօն ժողովը։ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէ այս փուլին հանդէս եկաւ բացման խօսքով մը։ Դիւանագիտական աղբիւրները կը շեշտեն, որ այս ժողովը Թուրքիոյ կողմէ ՆԱԹՕ-ի եւ Եւրոատլանտեան անվտանգութեան նկատմամբ ընծայուած կարեւորութեան լուրջ ցուցիչներէն մին կը համարուի։

Ժողովականները քննարկումներու ընթացքին անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձուցին Ռուսաստան-Ուքրայնա առկայ հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարները։

Հինգշաբթի, Մայիս 15, 2025