ԱՆՇԵՂ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
Երեւան կը շարունակէ միջազգային բոլոր հարթութիւններու վրայ շեշտել իր անշեղ յանձնառութիւնը՝ տարածաշրջանային խաղաղութեան ուղղութեամբ։
Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան մասնակցեցաւ Եւրոխորհուրդի նախարարաց կոմիտէի 134-րդ նստաշրջանին։ ԵԽ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքի շրջանակներէն ներս Արարատ Միրզոյեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Բաց աստի, ան առանձնազրոյց մըն ալ ունեցաւ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալասի հետ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արարատ Միրզոյեան ելոյթի ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստան հաւատարիմ կը մնայ Հարաւային Կովկասէ ներս կայուն խաղաղութեան։
Միրզոյեան եւ Քալաս կարծիքներ փոխանակեցին միջազգային եւ տարածաշրջանային զարգացումներու շուրջ։ Անոնք ընդգծեցին ներկայ՝ անորոշութիւններով լի ժամանակաշրջանին ամուր եւ համախոհ գործընկերութիւններու զարգացման կարեւորութիւնը։ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հաստատման ջանքերու համատեսքէն ներս ընդգծուեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման կարեւորութիւնը։
Արարատ Միրզոյեան եւ Քայա Քալաս կանգ առին Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան խորացման ուղղութեամբ ձեւաւորուած տեսլականին եւ հեռանկարներուն վրայ։
Միւս կողմէ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ այսօր կը մասնակցի՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեցերորդ գագաթաժողովին։ Հերթական այս հաւաքը տեղի կ՚ունենայ Ալպանիոյ մէջ։