«ՀԱՐԵՒԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐԷՆ ՊԱՀԱՆՋ ՄԸ ՉԿԱՅ»

Ալպանիոյ հիւրընկալմամբ, այսօր տեղի կ՚ունենայ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 6-րդ գագաթաժողովը, որուն կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Թիրանի մէջ, Փաշինեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոստայի եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Երեւան-Պրիւքսէլ յարաբերութիւններու խորացման ուղղեալ օրակարգային հարցեր։ Կողմերը ընդգծեցին համագործակցութեան շարունակական զարգացման կարեւորութիւնը։ Նիկոլ Փաշինեան բարձր գնահատեց Եւրոմիութեան հետեւողական աջակցութիւնը՝ Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած բարեփոխումներու իրականացման համար։

Բաց աստի, Եւրոմիութեան ներկայացուցիչները ողջունեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան ենթադրեալ պայմանագրի նախագծի բնագրին համաձայնեցումը։ Անոնք ընդգծեցին, որ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման տեսակէտէ սա շատ կարեւոր իրադարձութիւն մըն է։ Եւրոպացի պաշտօնատարները շեշտեցին նաեւ, որ ԵՄ պատրաստակամ է շարունակելու աջակցիլ խաղաղութեան գործընթացին եւ խթանել տարածաշրջանէն ներս երկարաժամկէտ կայունութեան հաստատումը։

Ի լրումն այս բոլորին, հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին։ Անթոնիօ Քոստա եւ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն ողջունեցին այս նախագիծը եւ զայն կարեւորեցին տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման տեսանկիւնէն։ Կողմերը կարեւորեցին երկխօսութեան շարունակականութիւնը եւ պայմանաւորուեցան աշխուժօրէն համագործակցիլ ապագայ քայլերու շուրջ՝ հաշուի առնելով փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ բոլոր հարցերը։

Միւս կողմէ, Թիրանի մէջ Նիկոլ Փաշինեան պատասխանեց նաեւ Ատրպէյճանէն լրագրողի մը հարցման։ Այս առթիւ ան յայտարարեց, որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը տարածքային պահանջ չի պարունակեր որեւէ հարեւան երկրի դէմ։ Այս հարցազրոյցին ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան կրկնեց Երեւանի կողմէ Պաքուին հասցէագրուած առաջարկը հերթական անգամ, որպէսզի խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման զուգահեռ նոյնաժամանակ լուծարուին ԵԱՀԿ-ի այն կառոյցները, որոնք ձեւաւորուած կամ ստեղծուած էին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման համար։

Ուրբաթ, Մայիս 16, 2025