Շաբաթ 17, Մայիս 2025
ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ մօտ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը երէկ երեկոյեան պաշտօնական ընդունելութիւն մը կազմակերպեց քաղաքիս մէջ։ Ծանօթ է, որ ամէն տարի 9 մայիսը կը նշուի՝ որպէս Եւրոպայի օր։ Այս տարուան Եւրոպայի օրուան պաշտօնական ընդունելութիւնը սարքուեցաւ երէկ, Չըրաղանի «Ֆէրիյէ» ապարանքէն ներս։
Երեկոյթի հիւրընկալն էր ԵՄ-ի Թուրքիոյ առաքելութեան ղեկավար դեսպան Թոմաս Հանս Օսսովսքի, որ իր տիկնոջ հետ ջերմօրէն ողջունեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով մասնակցութեան համար։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ եւրոպացի դիւանագէտը շնորհաւորեց՝ Եւրոպայի օրուան առթիւ։
Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Շաբաթ, Մայիս 17, 2025