Երկուշաբթի 19, Մայիս 2025
ԱՄԱՌՆԱՄՈՒՏԻ ԱՌԹԻՒ ՏԻԿՆԱՆՑ ՆԱԽԱՃԱՇ
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբը վերջին օրերուն կազմակերպեց նախաճաշ մը, որ տեղի ունեցաւ «Marmara Yelken» մարզակումբի սրահին մէջ։ Այս նախաձեռնութիւնը համախմբեց քաղաքիս հայաբնակ զանազան թաղերէ կանայք, որոնք միասնաբար ողջունեցին ներկայ ամառնամուտը։
Տիկնանց կազմի ատենապետուհի Վերժին Պիւքիւճեան եւ Արամեան-Ունճեան վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու հանդէս եկան սրտի խօսքերով։
Հաւաքոյթը կազմակերպած տիկնանց յանձնախումբին կ՚անդամակցին՝ Վերժին Պիւքիւճեան, Անահիտ Պալեան, Մինէ Էրլեւենտ, Մելինէ Քըլըչսորալ, Սիրուկ Գոլեոզեան, Արտա Ուզուն, Ալին Շէնճան, Նատիա Կարագեան, Տալիլա Քըլըչճը, Առլէթ Կիւնթէր, Նելլի Սիրունեան, Իրմա Քոնաք, Սօսի Արապեան, Սոնկիւլ Եոսմայեան, Վիվիէն Յովսէփեան եւ Դալար Կէօքտաղ։
Երկուշաբթի, Մայիս 19, 2025