ՏԱՏԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ

Պաքըրգիւղի ընտանիքը երէկ տօնական բարձր տրամադրութեամբ նշեց թաղի Տատեան վարժարանի շրջանաւարտից օրը։ Վարժարանի հանդիսասրահը դռները լայն բացած էր զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներու համար։ Տատեանցիներու օրը աշակերտներու ելոյթներով եւ ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտով բացառիկ հրճուանք պարգեւեց ներկաներուն։ Անշուշտ, յոբելեար շրջանաւարտները արտասովոր զգացումներու մէջ էին՝ իրենց յուշանուէրները ստանալու ժամանակ։

Պաքըրգիւղի ընտանիքի վարիչները յառաջ տարած էին բծախնդիր նախապատրաստական աշխատանքներ, որոնք պսակուեցան յաջողութեամբ։

Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը յայտագրի ընթացքին հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Ան յաջողած է ո՛չ միայն դպրոցի գործունէութեան նոր թափ մը տալ, այլեւ փոխել նաեւ շրջանաւարտներու հետ յարաբերութիւններու որակը։ Աւանդական հաւաքի ընթացքին տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը կոչ ուղղեց, որպէսզի զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ միշտ պահեն իրենց կապը Տատեան վարժարանին հետ։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին սարքուած ընդունելութեան ժամանակ դպրոցի ներկայ շրջանաւարտները անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ՝ մինչ արձակման փուլին այժմէն ժամադրուեցան յաջորդ տարուան համար։

Երկուշաբթի, Մայիս 19, 2025