200 ՏԱՐԻ ՅԵՏՈՅ ՇԱՐԱԿՆՈՑԻ ԲԱՑԱՌԻԿ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԷՍԹՈՆԻԱՅԻ ՄԷՋ

Մայիսի 19-ին, գրեթէ 200 տարի անց, առաջին անգամ Էսթոնիոյ Թարթու քաղաքի համալսարանի գրադարանի պահոցներէն դուրս բերուեցաւ եւ ցուցադրութեան դրուեցաւ հայ մեծ գրող Խաչատուր Աբովեանի նուիրաբերած 13-րդ դարու ձեռագիր շարակնոցը՝ գրողի մակագրութեամբ։ Աբովեան մակագրած է․ «Հայկական եկեղեցական երգեր՝ գրուած 1289 թ․։ Նուէր Թորպատի Կայսերական գրադարանին՝ հայ սարկաւագ Խաչատուր Աբովեանէն, 1831 թ․ մարտի 5, Թորպատ»։ Թորպատը ներրկայիս Թարթու կոչուող քաղաքի պատմական անուններէն է՝ գերմանական հնչողութեամբ։

Թարթուի մէջ պահուող այս շարակնողը Խաչատուր Աբովեանի անձնական գրադարանէն պահպանուած միակ գիրքն է։ Յայտնի է, որ Աբովեան ունեցած է մեծ գրադարան մը, որ անհետացած է իր մահէն յետոյ։ 

Շարակնոցը ցուցադրուած է Թարթուի համալսարանի արուեստի թանգարանին մէջ՝ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեանի՝ Էսթոնիայի Հանրապետութիւն այցի առթիւ։ 

Ցուցադրութիւնը իրականութիւն դարձած է Հայաստանի կառավարութեան, «Խաչատուր Աբովեան» տուն-թանգարանի եւ Թարթուի համալսարանի համագործակցութեան արդիւնքին: Հիւսիսային Եւրոպայի հնագոյն եւ լաւագոյն համալսարաններէն է Թարթուի համալսարանը, որ կը նկատուի Էսթոնիայի ազգային համալսարանը։ Նաեւ երկրի ամենամեծ եւ որակեալ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնն է, որու շնորհիւ Թարթու քաղաքը երկրի մայրաքաղաքին հաւասար արժէք կը ստանայ։ Պատմական այս համալսարանը հիմնուած է 1632 թուականին՝ շուէտացի Կուստաւուս Ատոլֆուս թագաւորի կողմէ։

Հայ ականաւոր գրող, մանկավարժ, լուսաւորական, արեւելահայ աշխարհաբար գրականութեան հիմնադիր Խաչատուր Աբովեան 1830-1835 թուականներուն պետական կրթաթոշակով ուսանած է Թարթուի համալսարանը, յատուկ ծրագրով մը հոն նախապատրաստուած է ուսուցչական գործունէութեան։ Համալսարանին մէջ ուսումնասիրած է բնական եւ հասարակական գիտութիւններ, լեզուներ (գերմաներէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, լատիներէն), եւրոպական գրականութիւն ու փիլիսոփայութիւն, երաժշտութիւն, արհեստներ։ Այդ տարիներուն գրողը սերտ կապեր հաստատած է եւրոպացի ու ռուս մտաւորականներու հետ։ Ան նաեւ երգած է երգչախումբի մը մէջ, յաճախած է երաժշտութեան տեսութեան դասերու, սորված է նուագել կիթառ, շրթհարմոն (արմոնիքա), ջութակ, ստեղնաւոր գործիքներ։ 

Ըստ աբովեանագէտներու, այդ ժամանակ, ան, ըստ էութեան ապրած է հոգեւոր վերածնունդ։

ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՅԸ ԹԱՐԹՈՒԻ ՄԷՋ

Խաչատուր Աբովեան առաջին հայն է, որ ուսում ստացած է Թարթուի համալսարանը։ Աբովեան այդ ժամանակ այդ քաղաքի միակ հայն էր, երբ կը զբօսնէր քաղաքը, մարդիկ կը շշնջային՝ «Lieber Armenier», ըսել է թէ՝ սիրելի հայ:

Խաչատուր Աբովեան կը նկատուի նաեւ հայ եւ էսթոն ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան սկզբնաւորողը։ 

Երեւանի մէջ, մեծ գրողի տուն-թանգարանի հիմնական ցուցադրութեան մէջ այցելուները կը տեսնեն անոր այդ տարիներու գրասեղանն ու աթոռները (արեւելաեւրոպական ոճով, 19-րդ դարու պատկանող)։ Այս ցուցանմոյշները Հայաստան տեղափոխուած են Թարթուի քաղաքային թանգարանէն, տակաւին 1981 թուականին:

Ըլլալով Հայաստանի եւ Էսթոնիայի միջեւ բարեկամական կապերու հիմնադիրը, յետագային Խաչատուր Աբովեանի անունով Թարթուի մէջ կոչուած է փողոց մը, ուր զետեղուած է Հայաստանի եւ Էսթոնիայի ժողովուրդներու բարեկամութեան յուշարձան։ Հեղինակը քանդակագործ Յակոբ Ճիվանեանն է, որուն հեղինակած այս յուշարձանը 1978 թուականին Խաչատուր Աբովեանի մահուան 130-րդ տարելիցի կապակցութեամբ Կիւմրիէն նուիրաբերուած է Թարթուին։ 

Վարդագոյն, հրաբխային տուֆաքարէ կառուցուած բարեկամութեան յուշարձանի սիւներուն վրայ էսթոներէն, հայերէն եւ ռուսերէն գրուած է. «Էսթոնացի եւ հայ ժողովուրդներու բարեկամութեան պատուին, որու հիմքին կեցած է մեծ լուսաւորիչ Խաչատուր Աբովեանը։ Լենինական-Թարթու, 1978 թուական»։

ԱՌԵՂԾՈՒԱԾԸ…

Խաչատուր Աբովեանի կեանքէն կարեւոր բացայայտումներու կողքին կան նաեւ առեղծուածներ եւ քիչ ուսումնասիրուած էջեր: Առեղծուածներէն մէկը, անշուշտ, անոր անհետացումն է: Խաչատուր Աբովեան անհետացած է 1843 թուականին՝ առեղծուածային պայմաններու ներքոյ: Եւ անհետացումէն քանի՛ տարի յետոյ եւ ո՛ւր ան մահացած է՝ յայտնի չէ: Անհետացման թուականը ստոյգ ըլլալով՝ կը նշուի միայն այդ մէկը։ 1828-1829 թուականներու ռուս-թրքական պատերազմի հետեւանքով սկսած է հայերու զանգուածային արտագաղթ, շուրջ 90 հազար հայեր հարկադրուած լքած են իրենց հայրենիքը: Խաչատուր Աբովեանի անհետացման վարկածներէն մէկը կը կապուի այս հանգամանքին հետ. կ՚ըսուի, թէ ժամանակի ցարական հակահայկական քաղաքականութիւնը չէր կրնար ազատամիտ Աբովեանի վրայ բացասական ազդեցութիւն մը չունենալ:

Մասնագէտներ ուսումնասիրած են, թէ պատմական այդ ժամանակաշրջանին ինչպէ՛ս կը ձեւաւորուէին Աբովեանի հասարակական-քաղաքական հայեացքները: Ռուսաստանի նկատմամբ խանդավառ վերաբերմունք ունեցող Աբովեանի մօտ յառաջացած են գաղափարական շրջադարձի բոլոր նախադրեալները, ան տեսած է, որ ձախողուած են կրթական-լուսաւորչական ծրագիրները եւ, ընդհանրապէս, իրականութիւն չեն դարձած սեփական պետականութիւնը վերականգնելու հայ ժողովուրդի բոլոր ձգտումները: Ցարիզմի հայահալած քաղաքականութեան դէմ ընդվզելու արդիւնքը 1848 թուականի ապրիլեան օր մը մեծ գրողի առեղծուածային անհետացումն էր, որու մանրամասնութիւնները մինչեւ այսօր յայտնի չեն:

Գրող Ակսել Բակունցի տեսակէտով, Աբովեանը գացած է 1848 թուականի եւրոպական յեղափոխութիւններուն մասնակցելու:

Ակադեմիկոս Աշոտ Յովհաննիսեան կը կարծէր, թէ Աբովեան անձնասպանութիւն գործած է:

Հայագէտ, աղբիւրագէտ Պիոն Յակոբեան նոյնպէս հակուած էր Աբովեանի անձնասպանութեան կամ ծպտեալ տեղ մը ապրած ըլլալու վարկածին:

Ժողովուրդի մէջ նոյնպէս տարածուած էր անձնասպանութեան վարկածը:

Պատմաբան Վարշամ Աւետեան փորձած է համոզել, թէ Աբովեանը սպաննուած է իր պարտապաններու ձեռքով:

Բազմաթիւ վարկածներէն մէկն ալ Աբովեանի Սիպերիա աքսորուելու վարկածն է, զոր պնդած է պատմաբան Վլատիմիր Ղազարեան:

Խաչատուր Աբովեանի Սիպերիա աքսորուելու հաւանականութեան մասին մէկ այլ փաստարկ բերած է Սուրբ Էջմիածնի ճեմարանի ուսուցիչ Ստեփան Կանայեանց: Ան կը պատմէ, որ Գերմանիոյ մէջ իր ուսումնառութեան տարիներուն Աստրախանի իր ընկերոջմէ 1983 թուականին ստացած է նամակ մը, որուն մէջ կը յայտնուէր, թէ ռուս գրող Չերնիշեւսքին Աստրախանի մէջ հայերուն պատմած է, թէ ինք Սիպերիա աքսորուած ժամանակ տեսած է հայազգի Խաչատուր Աբովեանը:

Հանելուկային կերպով անհետացած Խաչատուր Աբովեանի անունը պահած են անոր ժառանգները:

Հանրութեան քիչ յայտնի են նաեւ Խաչատուր Աբովեանի ժառանգները: Գրողը Թիֆլիզի նահանգական դպրոցի տեսուչ ըլլալով պաշտօնավարած ժամանակ՝ 1838 թուականին, կը հանդիպի 18-ամեայ Էմիլիէ Լոոզէին, որուն հայրը գերմանացի էր, մայրը՝ էսթոնուհի: Շարունակուող հանդիպումներն ու զրոյցները աստիճանաբար կը դառնան ջերմ ու անկեղծ եւ տարուան երկրորդ կէսին կ՚աւարտին փոխադարձ սիրոյ խոստովանութեամբ:

Աբովեան քրիստոնեայ աշխարհի հոգեւորական էր, իսկ Էմիլիէն՝ այլազգի, լուտերական երիտասարդուհի մը…

Անհրաժեշտ էր արտօնութիւն ստանալ առաքելական եւ լուտերական եկեղեցիներու կրօնական մեծերէն, հրաժեշտ տալ հոգեւոր կոչման, որմէ ետք միայն կնքել ամուսնական դաշինք: Այդպէս ալ կ՚ըլլայ:

23 յունուար 1839 թուականին Սինոդը կը լսէ Թիֆլիզի նահանգական դպրոցի տեսուչ Խաչատուր Աբովեանի դիմումը եւ դրական լուծում կու տայ:

Էմիլիէն կը համաձայնի, որ պսակադրութիւնը կատարուի հայկական եկեղեցւոյ մէջ, հայ քահանայի կողմէ, ան նաեւ համաձայնութիւն կու տայ, որ իրենց երեխաները նոյնպէս մկրտուին հայկական եկեղեցւոյ մէջ՝ հայկական դաւանանքին համաձայն: Խաչատուր Աբովեան իր կարգին կը պարտադրուի, որ երբեք պիտի չբռնանայ իր կնոջ դաւանանքին: Ամուսնական դաշինքը կը կազմուի եւ կը վաւերացուի Թիֆլիզ, 6 օգոստոս 1939 թուականին: Պսակադրութիւնը տեղի կ՚ունենայ 10 դեկտեմբեր 1839 թուականին:

Ամուսնութեան յաջորդ տարին՝ 31 մայիս 1840 թուականին, կը ծնի անոնց առջինեկը՝ Վարդանը, իսկ 1843 թուականի յունիսին՝ դուստրը՝ Զարմանդուխտը:

Վարդան ութ տարեկան էր, երբ կը զրկուի հօրմէն: Անոր յետագայ խնամքն ու դաստիարակութիւնը կը մնայ մօր՝ Էմիլիէի վրայ, որ ամուսինին առեղծուածային անհետացումէն ետք կ՚ապրի քսաներկու տարի եւ կը մահանայ 1870 թուականին:

Ինն տարեկանէն Վարդան կը յաճախէ Թիֆլիզի ազնուական կիմնազիոնը, ապա Ներսիսեան դպրոցը: Կաթողիկոսը նախատեսած էր անոր կրթութիւն տալ Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանի արեւելեան լեզուներու բաժնէն ներս, սակայն, հիւանդութեան եւ այլ պատճառներով Վարդան կ՚ելլէ Ներսիսեան դպրոցէն, միեւնոյն ատեն կը զրկուի Լազարեան ճեմարանի մէջ ուսանելու հնարաւորութենէն:

Մօր՝ Էմիլիէի մեծ ջանքերուն շնորհիւ ան 1854-1859 թուականներու միջեւ կ՚ուսանի Խարքովի մասնաւոր կրթարանի մը մէջ, ապա կը փոխադրուի Թորպատ եւ 1860 թուականին կը դառնայ համալսարանի ուսանող, այն համալսարանին, ուր հայազգի պատանիներէն առաջինը ընդունուած եւ աւարտած էր իր հայրը: Նիւթական սուղ պայմաններուն պատճառով Վարդան Աբովեան համալսարանը չ՚աւարտեր: Համալսարանի ղեկավարին արտօնութեամբ քննութիւն կը յանձնէ՝ կիմնազիոնի ուսուցիչի կոչում ստանալու համար եւ եօթ տարի կը դասաւանդէ ռուսաց լեզու, պատմութիւն, գեղագրութիւն՝ Էսթոնիոյ նախ Ֆելին գիւղաքաղաքին մէջ, ապա՝ Թալլին քաղաքի զանազան ուսումնական հաստատութիւններու մէջ:

1869 թուականին մօր խնդրանքով Վարդան կը վերադառնայ Անդրկովկաս եւ անմիջապէս ուսուցիչի պաշտօն կը վարէ Ախալքալաքի մէջ: Պայմանները կը ստիպեն անոր, որ 1875 թուականին փոխադրուի Էջմիածին, ուր հինգ տարի ուսուցչութիւն կ՚ընէ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը, այնուհետեւ տասը տարի կը բնակի եւ կ՚աշխատի Երեւանի թեմական դպրոցը:

Վարդան Աբովեան մահացած է 1896 թուականի նոյեմբերին, յուղարկաւորուած է Ս. Գայիանէ եկեղեցւոյ բակը: Ան ամուսնացած էր Կատարինէ Եարալեանին հետ, ունեցած են ութ զաւակ, որոնցմէ Խաչատուրը, Վահանն ու Պետրոսը մահացած են մանուկ հասակին: Վարդան Աբովեանի միւս երեք տղաքը՝ Կոնստանդինը, Լեւոնը, Աշոտը եւ երկու դուստրերը՝ Շուշանիկը, Վիքթորիան մեծցուցած ու կրթութեան տուած է մայրը՝ Կատարինէ Եարալեան-Աբովեանը, քանի որ Վարդանը կանուխ մահացած էր, երբ երեխաները տակաւին մանուկ էին:

Բոլորովին այլ կերպով կը դասաւորուի Խաչատուր Աբովեանի դստեր՝ Զարմանդուխտի կեանքը: Ան հինգ տարեկան էր, երբ զրկուեցաւ հօրմէն: Աւարտելով Երեւանի իգական կիմնազիոնը՝ Զարմանդուխտը շուտով կ՚ամուսնանայ Երեւանի մէջ հարկահաւաքի պաշտօնով աշխատող Գրիգոր Եակովլեւիչ Պոժովսքիին հետ: Անոնք կ՚ունենան հինգ զաւակ՝ չորս աղջիկ՝ Եուլիանա, Օլկա, Զինաիտա (չորրորդին անունը յայտնի չէ) եւ մէկ որդի՝ Վլատիմիր:

Զարմանդուխտին ամուսինը ապրած է մինչեւ 1906 թուականը: Ան հիւանդ ու հաշմանդամ էր եւ երեխաներուն խնամքն ու դաստիարակութիւնը, մեծ կարիքի ու զրկանքներու պայմաններով, ինկած էր Զարմանդուխտի ուսերուն:

Զարմանդուխտի միակ տղան՝ Վլատիմիր Պոժովսքին, ընտանիքին ամենափոքրն էր, սակայն, յետագային կեանքը այնպէս դասաւորուեցաւ, որ մօր, քոյրերուն ու անոնց երեխաներուն միակ խնամատարն ու կարիքները հոգացողը եղաւ կրտսեր զաւակը:

Վլատիմիր շատ կապուած էր մօրը, բարձր կը գնահատէր անոր բացառիկ ջանքերը երեխաներու ուսուցման ու դաստիարակութեան գործին մէջ: Իր կարգին ջանք չէր խնայեր երախտահատոյց ըլլալու մօրը, որ ապրեցաւ 66 տարի եւ մահացաւ 1909 թուականին:

Հայ մեծ լուսաւորիչի տոհմածառին քննութիւնը ցոյց կու տայ, որ անոր սերունդին շուրջ 90 մարդոցմէ 28-ը կեանքէն կանուխ հեռացած են, իսկ մնացած 62 հոգիէն 20-ը չեն հասած նոյնիսկ չափահասութեան: Մնացեալը իրենց կեանքը նուիրած են գիտութեան, հինգը եղած են տոքթոր-փրոֆեսէօրներ, եօթը՝ գիտութեան թեկնածուներ: Խաչատուր Աբովեանի ժառանգները ընթերցողներու սեղանին դրած են զանազան գիտութիւններու գծով աւելի քան 250 գիտական աշխատութիւն, անոնք եղած են ազնիւ, գործունեայ, հայրենասէր եւ մարդասէր անձինք:

ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԳԻՇԵՐԸ՝ «ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱԲՈՎԵԱՆ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Աբովեանի ապրած տունը, որ թանգարանի վերածուած է, ամէն տարի, թանգարաններու գիշերը (մայիսի 18-ին եւ 19-ին) կ՚ընդունի մեծ թիւով հիւրեր։ Եւրոպայէն սկիզբ առած այս աւանդոյթը վերջին տարիներուն մեծ տարածում գտած է նաեւ Հայաստանի մէջ եւ մայիսեան այդ օրերուն թանգարաններն ու մշակութային հաստատութիւնները բաց կը մնան մինչեւ կէսգիշեր եւ անվճար ներս կ՚առնեն այցելուներ։ Անոնց համար թանգարանային ցուցադրութենէն զատ կը կազմակերպուին նաեւ համերգներ, նոր ցուցահանդէսներ, տեղի կ՚ունենան դասախօսութիւններ, մշակութային զանազան ձեռնարկներ։

Համաեւրոպական այս սպասուած տօնը Աբովեանի տուն-թանգարանին մէջ նշանաւորուեցաւ պարահանդէսով մը․ Երեւանի Պետական երաժշտանոցի ուսանողներուն հետ կազմակերպուած էր 19-րդ դարու պարահանդէսային պարերու երեկոյ, նաեւ ներկայացուցեան այդ արուեստին նուիրուած դրուագներ՝ Խաչատուր Աբովեանի «Թորպաթեան օրագրերէն»։ Տեղի ունեցաւ նաեւ «Տարազներ» եւ «Կերպարային տիկնիկներ» կրթական ծրագրերու շնորհանդէսը։

Նշուեցաւ նաեւ, որ Հայաստանի եւ Կովկասի մէջ առաջին հայրենագիտական թանգարանը հիմնած է Խաչատուր Աբովեան․ 1846 թուականին Աբովեան իր ղեկավարած գաւառական դպրոցին մէջ կը կազմակերպէ հնագիտութեան կեդրոն, ուր կը հաւաքէ հնութիւններ՝ դասերը աւելի հետաքրքրական աւանդելու եւ դարձնելու համար։ Ըստ էութեան, ան Հայաստանի առաջին թանգարանապետն էր, ինչպէս նաեւ անոր անուան հետ կը կապուին կարգ մը իրողութիւններ, որոնց կեանք տուած է ան…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մայիս 20, 2025