ԱՄԵՐԻԿԱՆ ԵՒ ԵՒՐՈՊԱՆ ՈՒ ԱՆՈՆՑ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Եւրոպա յարաբերութիւնները անցած են շատ մը փուլերէ, իսկ 20-րդ դարու համաշխարհային երկու պատերազմները ուրուագծած են այդ յարաբերութիւններու բնոյթը եւ հասցուցած են զանոնք ներկայի իրավիճակին։ Այս կէտին կրնանք ըսել, որ ներկայ ժամանակներու միահեծան ու յարաբերաբար միաբեւեռ աշխարհին մէջ ԱՄՆ արդէն իսկ տիրապետողի ու գերակշռողի դիրքով կը դրսեւորուի այդ յարաբերութիւններուն մէջ: Պաղ պատերազմը մասնատեց Եւրոպայի ցամաքամասը երկու մասի, իսկ Սովետական Միութեան քայքայումէն ետք միացեալ Եւրոպայի հանգանակը (մարմնաւուած մշտանորոգուող Եւրոմիւթեամբ) աճեցաւ: ԱՄՆ ներկայիս իբրեւ անվտանգային հովանոց ալ կը ներկայանայ ԵՄ-ին, մա՛նաւանդ Ռուսաստանի դէմ, հակառակ քաղաքական բարդ ու ճիւղաւորուած ենթաբաժանումներու: Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք
ու Մարշալի վերակառուցման ծրագիրով ԱՄՆ արդէն իսկ այսպէս ըսած՝ եւրոպականացումն ու Եւրոպայի պահպանման եւ ներկայացման հարցը ստանձնեց ու Եւրոպան դարձաւ ԱՄՆ-ի քաղաքական, տնտեսական ու նոյնիսկ տեղ մըն ալ մշակութային կցորդը: ԱՄՆ-Եւրոպա կապերը կրնանք համարել ամենահետա-քըրքրականներէն մէկը՝ միջազգային յարաբերութիւններու, պատմագիտական ու ժամանակագրային առումներով եւ մի քանի շերտէ մեկնած.
- Առաջինը՝ երկուքին միջեւ եղած գաղութատիրական կարգերու կայացումներն են, ապա ազատագրական պայքարներու ընթացքը։ Հոս կրնանք յիշել ԱՄՆ-ի գաղութականացումը Մեծն Բրիտանիայի կողմէ, նաեւ ԱՄՆ-ի անկախացումը Մեծն Բրիտանիայէն, եւրոպական ուրիշ երկրի մը՝ Ֆրանսայի աջակցութեամբ: Այս մէկը ԱՄՆ-Եւրոպա յարաբերութիւնները դարձուցած է հակասականօրէն համադրելի ու վերիվայրող՝ իրարու դէմ պատերազմողի եւ իրարու օգնողի մի քանի մակարդակներով:
- Երկրորդը՝ ԱՄՆ-ի աջակցութիւնն է Եւրոպայի մի քանի երկիրներու. օրինակ՝ Նացիական Գերմանիոյ դէմ, ինչ որ նորէն երկուքին յարաբերութիւնները կը դարձնէ հակասականօրէն համադրելի:
- Երրորդը՝ ներկայիս ԱՄՆ-ի մօտեցումն ու վարած քաղաքականութիւնն է Եւրոպայի նկատմամբ, ինչ որ պատմութեան ընթացքին քիչ պատահած օրինակներէն է. երբ գաղութացուած պետութիւն մը (հոս իմա ԱՄՆ) այս անգամ կը դառնայ ո՛չ թէ տիրակալ իր գաղութականացնող պետութեան հանդէպ (իմա Մեծն Բրիտանիա), այլ հովանաւոր ու դաշնակից:
ԱՄՆ Եւրոպայի հետ արձանագրեց մարդկային պատմութեան ամենամեծ յառաջդիմութիւնը, որ քաղաքապատմութեան ու մշակութաբանական սահմանումով փորձագէտներու կողմէ ճանչցուեցաւ որպէս արեւմտեան քաղաքակրթութիւն: Եթէ արեւմտեան քաղաքակրթութեան այսպէս ըսած՝ հոգին ու արմատները Եւրոպան են, ապա ԱՄՆ անոր միտքը, շարժիչ ուժն ու բնութագիրն է: Այս աննախադէպ միաւորումը երեւութային է ամէն իմաստով, այո՛, մարդկային պատմութեան մէջ եղած են կայսրութիւններ, որոնք աշխարհագրական պարունակով կատարած են փորձեր՝ քաղաքակրթութիւններ հիմնելու իրենց նուաճումներով ու ընդլայնումներով (ակամայ կամ քաղաքական նպատակներով, դիտմամբ համամարդկայնացնելու)։ Եւ արդէն իսկ այդ կայսրութիւններու տրամաբանութեամբ է, որ մարդկային քաղաքակրթական նուաճումները առընչուած սեպուած են կայսրութիւններ կերտելու ու կայսրութիւն-պետութիւններու բերած արարումներով: Միայն ԱՄՆ-Եւրոպա յատկանշային, փոխվերընձիւղուած ու կատարելագործուած համարկումն ու համակեցային ներկայացուածութիւնը ստեղծեցին քաղաքակրթական հասկացողութիւն (իմա՝ արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը), կայսրութեան մը աշխարհագրական դասական դասակարգումներէն: Արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը ինքնին բացաւ քաղաքակրթութիւններու հասկցման ու ընկալման նոր հորիզոն ու բովանդակութիւն, ինչ որ համամարդկային է, չափանիշային ու յարաբերաբար կատարեալ (քանի յաջողած է շրջանցնել քաղաքական շերտաւորումները, բաժանումներն ու նոյնիսկ հասկացողութիւնները): Նոյնինքն արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը եզրաբանութեան մակարդակով ալ անմրցելի է, բաղդատմամբ միւս պատմական ու ներկայիս եղած քաղաքակրթութիւններուն, անոր շրջագիծը ԱՄՆ-Եւրոպա միութիւնն է:
Ամէն պարագայի հաճելի է տեսնել որ ինքնեկ, իրողական ու անկեղծ ձեւով ԱՄՆ Եւրոպա է կամ Եւրոպան ամբողջացնող, միաժամանակ Եւրոպան ամերիկանացած է կամ ԱՄՆ-ի շարունակութիւնը:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
•վերջ
Երեւան