ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝ ՎՃՌԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐՈՎ ԴԷՊԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ
Բազմաթիւ վերլուծաբաններու կարծիքով՝ Հայաստան վճռական քայլերով կ՚ընթանայ դէպի 2026-ի ընտրութիւնները։ Անոնց շարքին է Լիլիթ Տալլաքեան։ Ուստի, այս օրերուն լսելի հիմնական հարցադրումներէն մին կապ ունի երկրի ներքին քաղաքական կեանքի յառաջիկայ հաւանական իրադարձութիւններուն հետ։ Հարց է, անշուշտ, թէ երկրի առկայ լարուածութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ փարատուիլ կամ արդեօք այս լարուած մթնոլորտը ի՞նչ հանգուցալուծում պիտի ունենայ՝ նոյնիսկ եթէ տեղի ունենան արդար եւ ազատ ընտրութիւններ։
Ի՜նչ խօսք, որ բոլոր ուժերը սկսած են «յայտ» ներկայացնել եւ պարզել իրենց մկանները՝ մտնելու համար մեծ խաղին մէջ։ Սա շատ լաւ կը գիտակցի բոլորը։ Բուն խնդիրը այդ չէ եւ կայ շատ աւելի խորունկ մտահոգութիւն մը, որ կապուած է առկայ իրավիճակներուն հետ։ Արդեօք այսօրուայ մթնոլորտը կամ ստեղծուած միջավայրը կը դիմանա՞յ մինչեւ յաջորդ տարի նախատեսուած ընտրութիւնները կամ թէ տեղի կ՚ունենան տարբեր տրամաչափի ներքին պայթումներ, որոնք որոշակի հանգիստ կրնան տրամադրել հասարակութեան, որ ատելութեան հողի վրայ լարում կ՚ապրի։ Հասարակական ներքին իրադրութիւնը այնքան բարդ է, որ ստեղծուած եւ երեւցած բեւեռացումները արդէն ունին երկար տարիներու նախապատմութիւն եւ անհնար է, որ այսպիսի ընթացքի մը մէջ մտած Հայաստանը մէկ օրէն միւսը անցնի բուժման փուլ։
Երկար տարիներէ ի վեր բնակութիւն հաստատած ենք Երեւանի մէջ, ուր տեսած ենք բազում մակարդակի լարումներ, քէն, ատելութիւն եւ ոխ։ Այս բոլորը, սակայն, չէ կրցած Հայաստանն ու անոր հասարակութիւնը նետել ներքին բախումներու, արիւնահոսութեան որոգայթներուն մէջ։ Ի՜նչ խօսք, շատ լաւ է, որ այսպէս է ընդհանուր պատկերը, սակայն, այսօր միայն այդ ներքին վախը չէ, որ մտահոգութիւն կը պատճառէ շատերուն։ Խնդիրը կապուած է արտաքին գործօններու. Ատրպէյճանի կեցուածքը, Ռուսաստանի ժխտականի հասած չէզոքութիւնը, Եւրոպայի անիրատես խոստումները ու այս բոլորէն անդին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին անորոշութիւնը։ Ի լրումն այս բոլորին, կայ Թուրքիոյ պարագան, որուն դիմաց Հայաստանի քաղաքացիները ունին կարծրատիպային մօտեցում մը՝ հակառակ, որ երկրի այսօրուայ իշխանաւորները ամէն ճիգ կ՚ընեն յարմարուելու համար Անգարայի գործածած լեզուին հետ։ Դրական է, անշուշտ, որ քանի մը տարիէ ի վեր Թուրքիա բոլորովին նոր ոճով մը կը վարուի տարածաշրջանին մէջ։ Ճիշդ է, որ Անգարա «հելվա»ի կտորներ չի դներ Երեւանի բերնին մէջ, սակայն, միւս կողմէ ալ Թուրքիոյ նախագահը յաճախակիօրէն հանդէս կու գայ՝ որպէս ջատագով Ատրպէյճան-Հայաստան հաշտեցման, հետեւաբար նաեւ երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման։
Կապեցինք ներքին գործընթացներու հոլովոյթը Հայաստանի շուրջ ընթացող ընդհանուր գործընթացներուն հետ։ Այդուհանդերձ, անչափ կարեւոր է թափանցել Հայաստանի հասարակութեան ներքին շերտերուն՝ հասկնալու համար, թէ իսկապէս դէպի ո՞ւր կ՚ընթանայ երկիրը։
Եւ ճիշդ այս բոլոր հարցումներուն հետամուտ՝ օրերս տեսակցեցանք քաղաքական մեկնաբան Լիլիթ Տալլաքեանի հետ։ Ստորեւ մեր զրոյցի սղագրութիւնը։
-Վերջին յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ Հայաստան կը մտնէ 2026 թուականի ընտրութիւններու փուլը։ Ի՞նչ կրնաք ըսել այս մասին։
-Ցաւալիօրէն, Հայաստանի ներքին դաշտին վրայ կը շարունակուի իրագործումը սեւ-սպիտակ քաղաքականութեան, որու հիմնական գաղափարն է՝ նախկին իշխանութիւններու վերադարձի սպառնալիքի օգտագործմամբ ժողովրդական աջակցութիւն ստանալ ընտրութիւններուն: Չեմ տեսներ գաղափարներու պայքար, արտաքին քաղաքական մարտահրաւէրներու վերաբերեալ ռազմավարութիւն, տնտեսական զարգացման եւ ձեւի ընտրութեան վերաբերեալ բանավէճ, արդարադատութեան վերականգնման ուղղութեամբ քննարկումներ: Քաղաքական խօսոյթը կը սկսի եւ կ՚աւարտի փոխադարձ վիրաւորանքներով, մեղադրանքներով եւ այս խորապատկերին վրայ կը նկատուի լայն հասարակութեան խորացող անտարբերութիւնը քաղաքական գործընթացներու նկատմամբ: Որքան ընտրութիւնները մօտենան՝ այնքան ատելութեան մթնոլորտը պիտի թեէժանայ եւ ականատես պիտի ըլլանք հասարակութեան մէջ պառակտումի խորացման:
-Այս բոլորին զուգահեռ՝ հնարաւո՞ր է, որ վարչապետ Փաշինեան կազմակերպէ սահմանադրական բարեփոխման հանրաքուէ մը։ Կա՞յ այդպիսի հեռանկար մը։
-Կը կարծեմ՝ մինչեւ ընտրութիւններ եւ ժողովուրդի կողմէ նոր լիազօրութեան տրամադրումը՝ Նիկոլ Փաշինեան չի նախաձեռներ սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ հանրաքուէ մը, որովհետեւ այդ մէկը պիտի չընկալուի հասարակութեան կողմէ: Այլ հարց է, որ փոփոխութիւնները պէտք չէ զուգորդուին Ալիեւի պահանջներուն հետ, որովհետեւ Ատրպէյճանի Սահմանադրութիւնը տարածքային պահանջներ ունի Հայաստանէն՝ յղում ընելով 1918 թուականին ընդունուած՝ Ատրպէյճանի առաջին հանրապետութեան անկախութեան հռչակագիրին եւ նոյնպէս ենթակայ է փոփոխութեան:
-Կը նկատենք նաեւ, որ ներքին քաղաքական համընդհանուր պատկերին վրայ բաւական դաժան պայքար մը կը ձեւաւորուի մէկ կողմէ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ միւս կողմէ Սերժ Սարգսեանի միջեւ։ Ինչո՞վ պայմանաւորուած է այդ պայքարը։
-Ինծի համար նորութիւն չէ Քոչարեանի եւ Սարգսեանի միջեւ տարաձայնութիւններու վերաբերեալ քննարկումը: Դեռ 2013 թուականին Ռոպերթ Քոչարեան կը ցանկար վերադառնալ իշխանութեան՝ Փութին-Մետվետեւ փոխատեղման օրինակով: Սակայն, Սարգսեան չգնաց այդ քայլին, որմէ յետոյ ձեւաւորուեցաւ Ծառուկեան-Օսկանեան-Դաշնակցութիւն միաւորումը, Քոչարեանի մերձակայ մամուլը սկսաւ քննադատել Սարգսեանը՝ արտաքին քաղաքական գործունէութեան համար։ Իսկ Սարգսեանի քաղաքական խումբի անդամները սկսան խօսիլ 1 մարտի դէպքերու, գոյք՝ պարտքի դիմաց գործարքի եւ Քոչարեանի տարիներու փտածութեան մասին: Ակնյայտ է, որ անոնց միջեւ տարաձայնութիւնները չունին գաղափարական բնոյթ, խօսքը իշխանութեան եւ գողօնը պահելու մասին է: Ճգնաժամային իրավիճակներու մէջ, երբ ընդհանուր վտանգ կը սպառնայ ազատութեան կամ գողցուածին, անոնք կը միաւորուին, սակայն, իշխանութեան գլուխ գալու հարցով ունին անյաղթահարելի տարաձայնութիւններ:
-Միւս կողմէ, անընդհատ կը խօսուի, որ Փաշինեանի վարկանիշը մեծ անկում կը կրէ։ Թէ՛ այս անկումը եւ թէ Փաշինեանի իշխանութեան դէմ առկայ անվստահութեան աճը ինչքանո՞վ կրնան ազդել ընտրութիւններուն վրայ։
-Փաշինեանի հեղինակութեան անկումը, հիմնականին, պայմանաւորուած է նախկին իշխանութիւններուն դէմ անոր վարած քաղաքականութեամբ, օրէնքը քաղաքական նպատակներով օգտագործելու մեթոտով: Կան նաեւ դժգոհութիւններ՝ Ռուսաստանէն տնտեսական, ռազմական եւ քաղաքական բազմազանութեան ապահովման լուրջ քայլերու բացակայութեան վերաբերեալ: Ընտրութիւններու ընթացքին վտանգ կայ, որ գործէ 2018 թուականի հակառակ ազդեցութիւնը. Փաշինեանէն դժգոհները պիտի քուէարկեն Քոչարեանի օգտին կամ ալ պիտի նկատուի ընտրութիւններուն ցած մասնակցութիւն: Եթէ քաղաքական այլընտրանք չձեւաւորուի, կը կարծեմ՝ կ՚ունենանք նմանատիպ ոչ-արհեստավարժ խորհրդարան մը, գուցէ որոշ արեւմտամէտ պատգամաւորներու ներկայութեամբ: Սակայն, այդ համակարգը որեւէ լաւ տեղ չի տանիր Հայաստանը՝ հաշուի առնելով երկրին առջեւ ծառացած լուրջ մարտահրաւէրները:
-Իշխանութիւններու կողմէ որդեգրուած եւ նախկինները թիրախաւորելու ուղղուած մօտեցումը պիտի աշխատի՞ գալիք ընտրութիւններուն։
-Կը կարծեմ, թէ հասարակութեան մէջ դիմադրողականութիւն ձեռք բերուած է այս խաղի վերաբերեալ, սակայն, պիտի գտնուին խումբեր, որոնք պիտի քուէարկեն ելլելով փոխադարձ ատելութենէ եւ այս ձեւաչափը նորէն պիտի աշխատի՝ յատկապէս իրական այլընտրանքի մը բացակայութեան պայմաններուն:
-Հայաստանի շուրջ ստեղծուած աշխարհաքաղաքական պայմանները ինչքանո՞վ կ՚ազդեն ներքին գործընթացներու վրայ։
-Ուքրայնայի մէջ Ռուսաստանի դիրքերու ամրապնդումը հնարաւորութիւն կու տայ, որպէսզի ան Ատրպէյճանի օգնութեան հասնի՝ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ը ստանալու նպատակով։ Սա կարեւոր է Մոսկուայի աշխարհաքաղաքական եւ տարածաշրջանային դիրքերու ամրապնմդան նպատակով: Պարզ է, որ Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի նոր յարձակումը կրնայ պատճառ դառնալ ներքին քաղաքական լուրջ ցնցումներու, որոնցմէ պիտի օգտուին Ռուսաստանն ու նախկին իշխանութիւնները: Միւս կողմէ, կարեւոր է Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու ուշադրութիւնը տեւական սեւեռել Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան վրայ։ Արդարեւ, Ռուսաստան-Արեւմուտք հակասութիւններու խորացման պայմաններուն տակ Մոսկուայի դիրքերու թուլացումը նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ առաջնային է Արեւմուտքին համար. բան մը, որմէ պէտք է օգտուի Հայաստան: Սա երկարաժամկէտ ռազմավարութիւն մըն է Արեւմուտքի մէջ եւ չեմ կարծեր՝ Թրամփի իշխանութեան գլուխ եկած ըլլալը այդ մէկը դարձնէ վերանայման առարկայ: Նոր հնարաւորութիւնները կը ստեղծեն նաեւ նոր մարտահրաւէրներ եւ կը շահին այն երկիրները, որոնք կը վարեն ոչ-զգացական եւ ճկուն արտաքին քաղաքականութիւն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան