ՄԱՐՄՆԱԿԱՆ ԱՉՔԻՆ ՏԵՍԱԾԸ
Մարդուս մարմնական աչքը միա՛յն զգացական բաներ կը տեսնէ։ Մարդկային հոգիին ակնարկը սահմանափակ է, եւ «մութ ամպերով պատուած»։ Այդ մթութեան մէջէն լոյսը տեսնել հմտութիւն կը պահանջէ՝ իմաստութիւն եւ խոր իմացականութիւն ունեցողներուն յատուկ առաքինութի՛ւն մըն է։
Երկրի վրայ, մարդ ինքզինք բոլորովին յոգնած կը զգայ, քանի որ զբաղած է աշխարհային բազմաթիւ, եւ շատ անգամ ապարդիւն գործերով։ Իրապէ՛ս, եթէ ուշադրութիւն ընենք, մարդ, յաճախ ո՜րքան անօգուտ, փուճ, անհետեւանք եւ զո՜ւր զբաղումներով կը վատնէ իր ժամանակը եւ անշուշտ ի զուր կը յոգնի, եւ օգտակար աշխատանքի համար կարողութիւնը կը պակսի։
Մինչդեռ մարդ երբ կարենայ դիտել աշխարհը մտային ու հոգեւոր աչքով, պիտի տեսնէ եւ զանազանէ՝ օգտակարը եւ անօգուտը, արդիւնաւորը եւ անհետեւանքը։ Պարապ աշխատանքով յոգնած մարդը չի՛ կրնար զանազանել շահաբերը եւ վնասակարը։
Եւ գիտակցութեան տէր մարդը ո՛րքան ողորմելի եւ վատ կը գտնէ ինքզինք այս ցած վիճակին մէջ։
Չէ՞ որ հազարաւոր նեղութիւններ, հոգեր, դժուարութիւննե՜ր կը շրջապատեն մարդս, ամէնուրեք։ Եւ վատառողջ շրջապատ մը, միջավայր մը մարդս գետին կը ճնշէ եւ հետզհետէ կը խեղդէ։ Եւ այդ վիճակին մէջ ապշած, շուարած մարդը՝ անորոշութեան մէջ անիմաստ ու աննպատակ՝ կ՚ապրի կեանք մը, որ կը նմանի մութին մէջ ճամբայ քալող մէկու մը։ Մինչդեռ մարդ ստեղծուած է բարձր նպատակի մը համար եւ այն որ հաւատարիմ չէ իր կոչումին, ի վերջոյ կը կորսնցնէ իր ճամբան, կը շեղի եւ աննպատակ՝ կը կորսուի…։
Ո՜րքան սարսափելի մահուան տեսակներ, նեղութիւններ, դժբախտութիւններ կը սպառնան մարդուն։ Եւ ո՜րքան թակարդներ լարուած են մարդուն դէմը։ Այդ ծուղակներէ պէ՛տք է զգոյշ ըլլայ մարդ, քանի որ կարճատես է ան, լարուած թակարդները եւ անդունդները տեսնելու համար։ Սա անուրանալի է, թէ երեւոյթը կը խաբէ եւ պատրանքը կը հրապուրէ, եւ միշտ ալ ա՛յդպէս եղած է։ Մարդ ո՛չ մէկ պահուն ապահով է, եւ չի գիտեր, թէ ի՛նչ բան զինք կրնայ փրկել ու մխիթարել։ Երջանկութեան աղբիւրը հեռո՜ւ է եւ անծանօթ շատերէ, մանաւանդ որ անոնք ստիպուած են աշխարհի բնակիչներով եւ աշխարհային եղելութիւններով զբաղիլ։ Բայց ինչպիսի՜ ցած զբաղմունք եւ սակայն ա՛յսպէս կ՚ուզէ Աստուած՝ մարդուն բարիքին եւ օգտին համար։ Երբեմն «ժխտական»ը «դրական»ին նախապատճառը եւ նախապատրաստողը կը հանդիսանայ, ի՛նչ որ կեանքի փորձառութիւնը եւ զանազան դէպքեր ու պատահարներ կը վկայեն։
Պահ մը խորհինք, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, մարդը իր սեպհական ուժերով ո՛չինչ է, եւ ո՛չինչ կը գտնէ այդ նուաստ բաներուն մէջ։
Խորհեցէք եւ տեսէ՛ք, սիրելինե՜ր, մարդ, ամէն ինչ կը սորվի եւ գիտէ, ու կ՚իմանայ ուրիշներու միջոցով։ Այս պատճառով է որ մարդ զգայարանքներ ունի իբր գործիք կամ միջոց։ Արդարեւ զգայարանքները՝ մարդուս «ծառայ»ները եւ պատգամաւոր»ներն են։
Նոյնիսկ մարդոց հոգիները բաժնուած են իրարմէ՝ մահկանացուներու պատեաններով։ Անոնք իրարու հետ միութիւն չունին, իրենք իրենց իսկ անտեսանելի են եւ անծանօ՛թ։ Միայն զգայարանքներով զիրար կը հասկնան եւ իրարու հաղորդակից կ՚ըլլան։
Զգայարանքներու միջնորդութեամբ հոգիներ իրարու կը միանան. ամէն ինչ զգայարանքներով կ՚ըլլայ, ամէն տեղ անոնց կը վստահի մարդ։
«Աստուած միա՛յն, մեր Արարիչը եւ Նախախնամը եւ Վախճանը, Իրեն վերապահեց անմիջական յարաբերութիւնը մեր հոգիներուն հետ եւ Իր կենակցութեան արժանի ըրաւ մեզ»։ Այս կը նշանակէ, թէ միա՛յն Աստուած կը խօսի մարդկային հոգիին։ Եւ երբ երբեմն մարդուս զգայարանքներուն կը խօսի, ուրիշ նպատակ չունի, բայց եթէ մարդը Իր ներքին ձայնին, Իր անտեսանելի գործերուն ուշադիր դարձնել։ Ան երբ կը խօսի մարդուս հոգիին ե՛ւ զգայարանքներուն՝ Ինքզինք կ՚իջեցնէ անոր «խեղճ վիճակ»ին։ Ուստի վսեմ է հաղորդակցութիւնը Աստուծոյ եւ մարդու միջեւ։
Աստուած կը մխիթարէ, առիթ կ՚ընծայէ, որ մարդ վայելէ իր կոչումը՝ որ է անմահութի՛ւն։
Եւ մարդուս մարմնական աչքը բաւարար չէ՛ տեսնելու եւ ապրելու այս մեծ վայելչութիւնը, այլ պէտք է որ դիտէ հոգեւոր աչքով եւ իր զգայարանքներուն զգացածէն աւելիին հասնի։ Այդ կերպով է, որ մարդ կրնայ հաւասարիլ երանելի հոգիներուն, քանի որ այն ատեն է որ յայտնապէս կրնայ տեսնել զանոնք, որ ծածկուած է մարմնական աչքին առջեւ։ Մարդ միայն հոգեւոր աչքով է որ կրնայ տեսնել երջանկութեան տեսիլքը։
Սակայն, պէտք է խոստովանիլ, թէ մարդը՝ իր աշխարհասիրութեամբ կը պղծէ աշխարհը եւ իր իսկ կեանքը, քանի որ իր մարմնական աչքով կը տեսնէ միա՛յն աշխարհայինը՝ նիւթը, շահը եւ անիրաւը։
Մարդ, վստահելով նիւթական աշխարհի ժամանակաւոր արժէքներուն, կ՚ապստամբի ամէն բարոյական արժէքի դէմ, եւ նոյնիսկ Աստուծոյ դէմ կ՚ելլէ, քանի որ ան միայն իր մարմնական աչքով կը դիտէ եւ կը տեսնէ միայն տեսանելի աշխարհը։ Ուստի կը մերժէ տեսնել այն ամէն ճշմարտութիւնը, որ անտեսանելի է։ Մարդ երբեմն կը նայի ու չի՛ տեսներ, երբեմն ալ չի նայիր եւ բնականաբար չի տեսներ…։
Հո՛ս է ահաւասիկ կարեւորութիւնը «անդրադառնալ»ու՝ անդրադառնալ հոգեւոր աչքին, անդրադառնալ բարոյական արժէքներուն, անդրադառնալ ճշմարտութեան եւ մանաւանդ անդրադառնալ իր էութեան եւ ներաշխարհին։ Մարդ շատ անգամ կ՚ուրանայ ճշմարտութիւնը, քանի որ չէ՛ անդրադարձած անոր, չէ տեսած, եւ ընդհանրապէս, մարդ կ՚ուրանայ այն՝ որ չէ կրցած տեսնել։
Ուրեմն, որքան որ մարդ արտաքին աշխարհի արժէքները, իրականութիւնները կը զգայ հինգ զգայարանքով, պարտի զգալ նաեւ աւելի վերինը, ներքինը՝ որ ճշմարտութի՛ւն է, իրական է այնքան՝ ո՛րքան տեսանելի իրականութիւնները։ Շատ անգամ խաբեբայ են՝ խորամանկ ու ստրո՛ւկ, մարդուս վստահած զգայարանքները, քանի որ ստէպ կը թիւրէ մարդ զանոնք հաղորդակցութեան՝ մարմինի անազնիւ ու վատ տենչերուն հետ։ Մարդ յաճախ կը լքէ բարձրագոյն եւ ընտիր դիրքը եւ կ՚ընկերակցի անազնիւ ու վատ տենչերու եւ նոյնիսկ գերին կ՚ըլլայ անոնց։ Ապա ուրեմն պէտք է յիշել բանաւոր էակի եւ անբան էակի տարբերութիւնը…։
Մարդ, որպէս բանաւոր էակ, կոչուած է բարձրութիւններու, վեհութիւններու, երանի՜ այն մարդուն որ կ՚անդրադառնայ իր արժէքին ու արժանիքին եւ հաւատարիմ կը մնայ իր կոչումին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 12, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024