ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ԵՌՈՒԶԵՌ

Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի օրհ­նու­թեան յա­ջոր­դած ներ­կայ օ­րե­րուն Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ կը շա­րու­նա­կուի ե­ռու­զե­ռը։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը հան­դի­պում­ներ կ՚ու­նե­նայ Միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցած քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու գա­հա­կալ­նե­րուն կամ ա­նոնց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ պա­տուի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րուն հետ։ Այս շրջագծով Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ե­րէկ մէկ­տե­ղուե­ցաւ Ղպտի ե­կե­ղեց­ւոյ պե­տին՝ Ա­ղեք­սանդ­րիոյ եւ Հա­մայն Ափ­րի­կէի Պապ ու Պատ­րիարք Թէո­դո­րոս Բ.-ի հետ։ Հրա­ժեշ­տի հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ը­սաւ, թէ կը կա­րե­ւո­րէ զօ­րակ­ցու­թիւ­նը, ո­րով կ՚ամ­րապն­դուին նաեւ փո­խա­դարձ կա­պե­րը ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մի­ջեւ։ Բո­լոր հրա­ժեշ­տի հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը Միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան բե­րուած մաս­նակ­ցու­թեան եւ ա­ղօ­թակ­ցու­թեան հա­մար իր օրհ­նու­թիւնն ու գնա­հա­տան­քը փո­խան­ցեց քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։

Միւս կող­մէ, նա­խըն­թաց օր Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը մէկ­տե­ղուե­ցաւ Մայր Ա­թո­ռի այն միա­բան­նե­րուն հետ, ո­րոնք Օ­շա­կա­նի Ս. Մես­րոպ Մաշ­տոց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մաս­նա­ւոր վար­դա­պե­տու­թեան չորս աս­տի­ճան­ներ ստա­ցան ձե­ռամբ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ռու­սաս­տա­նի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Եզ­րաս Արք. Ներ­սի­սեա­նի։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը իր օրհ­նու­թիւ­նը փո­խան­ցեց եօթ նոր վար­դա­պետ­նե­րուն ու վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, թէ ա­նոնք ա­մե­նայն պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ պի­տի ի­րա­կա­նաց­նեն ի­րենց ծա­ռա­յու­թիւ­նը Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ան­դաս­տա­նէն ներս։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2015