ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԹԻՒԵՐՆ ՈՒ ՓԱՍՏԵՐԸ

100 տա­րի ա­ռաջ, Ա. Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մին մօ­տա­ւո­րա­պէս 15 մի­լիոն զի­նուոր­ներ եւ քա­ղա­քա­յին­ներ զո­հուե­ցան, եւ աշ­խար­հի մարդ­կու­թեան հաս­ցու­ցած ա­նոր տա­ռա­պանք­նե­րը ու բա­ցած վէր­քե­րը չէին բու­ժուած դեռ բո­լո­րո­վին, հաշ­տու­թիւն կնքուած էր յաղ­թա­կան դաշ­նա­կից­նե­րու եւ պար­տուած կող­մե­րու մի­ջեւ:

82 տա­րի ան­ցաւ այն օ­րէն ի վեր, երբ Ա­տոլֆ Հիթ­լէր 30 Յու­նուար 1933-ին Գեր­մա­նիոյ վար­չա­պետ նշա­նա­կուե­ցաւ եւ իշ­խա­նու­թիւ­նը ձեռք ա­ռաւ՝ ա­ջակ­ցու­թեամբ իր հիմ­նած «Ազ­գա­յին ըն­կեր­վա­րա­կան գեր­ման բա­նուո­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան» (նա­ցի):

76 տա­րի ա­ռաջ, 1 Սեպ­տեմ­բեր 1939-ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ Բ. Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մը (1939-1945), որ վճռա­կան դար­ձա­կէտ մը կազ­մեց Եւ­րո­պա­յի ժա­մա­նա­կա­կից պատ­մու­թեան մէջ: Մօտ 50 մի­լիոն զի­նուոր­ներ եւ քա­ղա­քա­յին­ներ զո­հուե­ցան միայն Եւ­րո­պա­յի մէջ:

1931.
Հոկ­տեմ­բեր 27-ին Նիւ Եոր­քի մէջ, «Ի­լեքթ­րիք» ըն­կե­րու­թեան մէկ ճաշ­կե­րոյ­թի ժա­մա­նակ, «Սի­մընս» ըն­կե­րու­թեան տէ­րը՝ Քար Ֆրտրիշ Ֆոն Սի­մըն­սը յայ­տա­րա­րած է. «Ա­տոլֆ Հիթ­լէ­րի շարժ­ման ար­մատն է՝ պայ­քար ընդ­դէմ ըն­կեր­վա­րու­թեան»:

1932.
Յու­նուար 27-ին Գեր­մա­նիոյ Տիւ­սել­տորֆ քա­ղա­քի գոր­ծա­րա­նա­տէ­րե­րու ա­կում­բին մէջ ա­ւե­լի քան 700 տնտե­սա­կան պե­տե­րու ներ­կա­յու­թեան Ա­տոլֆ Հիթ­լէր հե­տե­ւեա­լը յայ­տա­րա­րած է. «Մենք վերջ­նա­կա­նա­պէս ո­րո­շած ենք մարք­սա­կա­նու­թիւ­նը մին­չեւ իր վեր­ջին ար­մա­տը Գեր­մա­նիոյ մէջ կտրել եւ փճաց­նել»:

Մա­յիս 30-ին Գեր­մա­նիոյ Նա­խա­գահ մար­շալ Փաուլ Ֆոն Պե­նեքն­թորֆ Հին­տեն­պուրկ (1847-1934) Վար­չա­պետ Հայն­րիշ Պրու­նի­կը (1885-1970) կը հե­ռաց­նէր պաշ­տօ­նէն, Յու­նիս 1-ին ա­նոր տե­ղը կը նշա­նա­կէր զօ­րա­ւոր կայ­սե­րա­կան մը՝ Ֆրանց Ֆոն Փա­փէ­նը:

1933.
Նա­ցի­նե­րուն իշ­խա­նու­թեան գլուխ գա­լուն հա­մար, «Օ­թօ Վոլֆ Մոն­թան» ըն­կե­րու­թիւ­նը, «Թրեսթ­նէր» դրա­մա­տու­նը, «Կուս­թաֆ քրուփ ֆոն Պոհ­լին», «Հալ­պախ» ըն­կե­րու­թիւ­նը, «Սի­մընս» ըն­կե­րու­թիւ­նը եւ տաս­նեակ ու­րիշ մեծ եւ փոքր ըն­կե­րու­թիւն­ներ օգ­նե­ցին Ա­տոլֆ Հիթ­լէ­րին՝  բա­րո­յա­պէս եւ նիւ­թա­պէս, որ կա­րե­նայ վեր­ջին պահ­պա­նո­ղա­կան ընդ­դի­մադ­րու­թեան յաղ­թա­հա­րել:

Յու­նուար 30-ին նա­ցի բռնա­տէր Ա­տոլֆ Հիթ­լէր դրա­մա­տէ­րե­րու օգ­նու­թեամբ իշ­խա­նու­թեան գլուխ ե­կաւ եւ մնաց տաս­ներ­կու տա­րի:

Մարտ 13-ին Փաուլ Եո­զէֆ Կո­պելս (1897-1945) կը նշա­նա­կուի քա­րոզ­չու­թեան նա­խա­րար:

Օ­գոս­տոս 2-ին կը մա­հա­նայ Գեր­մա­նիոյ Նա­խա­գահ մար­շալ Հին­տեն­պուր­կը, Ա­տոլֆ Հիթ­լէր կը դառ­նայ Ֆիւհ­րէր ռայշս քանց­լըր-վար­չա­պետ նա­խա­գահ՝ գեր­ման Բ. կայս­րու­թեան եւ գլխա­ւոր հրա­մա­նա­տար բա­նա­կին:

«Ա­ռանց գեր­ման գոր­ծա­րա­նա­տէ­րե­րու եւ նա­ցի կու­սակ­ցու­թեան միաս­նա­կան աշ­խա­տան­քին՝ Ա­տոլֆ Հիթ­լէր եւ իր կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ­նե­րը ո­րե­ւէ ան­դամ կա­րող չէին Գեր­մա­նիոյ իշ­խա­նու­թիւ­նը ձեռք առ­նել եւ ամ­րաց­-նել եւ Եր­րորդ ռայ­շը չէր հա­մար­ձա­կեր աշ­խար­հը պա­տե­րազ­մի մէջ կոր­ծա­նել»:

Այս խօս­քե­րը ար­տա­սա­նած է ա­մե­րի­-կա­ցի դա­տա­խա­զը 27 Օ­գոս­տոս 1947-ին Նիւ­րեն­պեր­կի պա­տե­րազ­մա­կան մար­դաս­պան­նե­րու դա­տա­րա­նին մէջ:

1936. Մար­տին Ա­տոլֆ Հիթ­լէր կը գրա­ւէր Ռայն­լան­թի-Ռուհ­րի ճար­տա­րա­րուես­տա­կան հա­րուստ շրջա­նը:

1938. Մարտ 13-ին գեր­ման բա­նա­կը կը շար­ժի դէ­պի Աւստ­րիա եւ ա­ռանց պա­տե­րազ­մի կը գրա­ւէ ու կը միաց­նէ Գեր­մա­նիոյ՝ Մեծն Գեր­մա­նիա կազ­մե­լով:

1938. Սեպ­տեմ­բե­րին Գեր­մա­նիոյ, Ֆրան­սա­յի, Ի­տա­լիոյ եւ Անգ­լիոյ մի­ջեւ Միւ­նիխ քա­ղա­քին մէջ կը կնքուի հա­մա­ձայ­նա­գիր մը, ո­րով Չե­խոս­լո­վա­քիոյ Զիւ­տեթ­նի շրջա­նը կը միա­ցուէր Մեծն Գեր­մա­նիոյ:

1939.
Մարտ 15-ին գեր­ման բա­նա­կը այս ան­գամ կը մտնէ եւ կը գրա­ւէ Չե­խիան:

Օ­գոս­տոս 22-ին Գեր­մա­նիան դեռ Լե­հաս­տա­նը չէր գրա­ւած, Ա­տոլֆ Հիթ­լեր Օ­պեր­զալց­պերկ քա­ղա­քին մէջ իր հրա­մա­նա­տար­նե­րուն ու զօ­րա­վար­նե­րուն ա­ռաջ հե­տե­ւեա­լը խօ­սած է.

«Ես իմ մա­հա­բեր խում­բե­րուն հրա­հանգ տուած եմ, ա­ռանց ո­ղոր­մու­թեան կամ գթու­թեան, տղա­մար­դիկ, կի­ներ եւ ե­րա­խա­ներ, ո­րոնք սլա­ւա­կան ցե­ղին կը պատ­կա­նին, ոչն­չաց­նել:

«Միայն այս­պէս կա­րող ենք մենք տէր դառ­նալ կեն­սա­տա­րած­քի, ո­րուն կա­րի­քը մենք ու­նինք:

«Ո՞վ կը յի­շէ վեր­ջա­պէս, այ­սօր դեռ հա­յե­րու բնաջն­ջու­մը»:

Օ­գոս­տոս 23-ին Հիթ­լէր ու Եո­զէֆ Ստա­լին կը ստո­րագ­րեն ոչ յար­ձա­կո­ղա­կան դաշ­նա­գիր մը, ուր եւ կ՚ո­րո­շուի Լե­հաս­տա­նը բաժ­նել ի­րենց մի­ջեւ:

Սեպ­տեմ­բեր 1-ին գեր­ման բա­նա­կը կը յար­ձա­կէր Լե­հաս­տա­նի վրայ ճիշդ ժա­մը 4.45-ին եւ կը գրա­ւէ Լե­հաս­տա­նի միայն կէ­սը:

Սեպ­տեմ­բեր 17-ին Խորհր­դա­յին Միու­թեան Կար­միր բա­նա­կը կը յար­ձա­կի եւ կը գրա­ւէ Լե­հաս­տա­նի ա­րե­ւե­լեան տա­րածք­նե­րը եւ այս­պէ­սով Լե­հաս­տա­նը մօտ վեց տա­րի աշ­խար­հի քար­տէ­սին վրա­յէն կը չքա­նայ:

Այս­պէ­սով կը պայ­թէր Բ. Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մը:

1940
Ապ­րիլ 9-ին գեր­մա­նա­կան բա­նակ­նե­րը եր­կու շաբ­թուան մէջ կը գրա­ւեն Դա­նիան եւ Նոր­վե­կիան, 5 շա­բա­թէն՝ Հո­լան­տան, 17 օ­րուան մէջ՝ Պել­ժի­ան, 6 շա­բա­թէն՝ Ֆրան­սան, 3 շա­բա­թէն՝ Յու­նաս­տա­նը, 11 օ­րէն՝ Եու­կոս­լա­ւիան, ու­րեմն Անգ­լիա­յէն զատ՝ Գեր­մա­նիոյ սահ­ման­նե­րը հա­սած էին մին­չեւ Պրեսթ-Լի­թովս­քի:

1941.
Յու­նիս 22-ին Ա­տոլֆ Հիթ­լէր խզե­լով Մոս­կուա­յի հետ կնքած բա­րե­կա­մա­կան դաշ­նա­գի­րը՝ կը յար­ձա­կէր այս ան­գամ Խորհր­դա­յին Միու­թեան վրայ, Լե­հաս­տա­նի վրա­յով, Լաթ­վիան, Լի­թուա­նիան, Էս­թո­նիան, Սպի­տակ Ռու­սիան եւ Ուք­րա­յնան կը գրա­ւուին, եւ գեր­մա­նա­ցիք կը հաս­նին մին­չեւ Լե­նինկ­րա­տի մօ­տե­րը, հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր գե­րի­ներ կը բե­րեն Գեր­մա­նիա՝ գոր­ծա­րան­նե­րու մէջ գոր­ծե­լու:

Դեկ­տեմ­բեր 7-ին Գեր­մա­նիոյ դաշ­նա­կից Ճա­բո­նի օ­դա­նա­ւա­տոր­մը յան­կար­ծա­կի յար­ձա­կե­լով Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու՝ Փըրլ Հար­պը­րի վրայ, կը փճաց­նեն ա­մե­րի­կեան նա­ւա­տոր­մը:

Դեկ­տեմ­բեր 11-ին Միա­ցեալ Նա­հանգներն ալ պա­տե­րազմ կը յայ­տա­րա­րեն:

Ռու­սա­կան «ա­մառ»ը շատ կարճ կը տե­ւէ Հիթ­լէ­րի հա­մար, օ­րէ օր վատ լու­րեր կը հաս­նէին Պեր­լին, Լե­նինկ­րա­տի պա­շա­րու­մը ար­դէն Հիթ­լէ­րին մէջ­քը կոտ­րած էր, հի­ւանդ էր, մի­նակ էր, միայն մար­շալ Կիւ­րին­կը ի­րեն յոյ­սեր կու տար, գեր­ման պա­շա­րուած բա­նա­կին օ­դէն օգ­նել, բայց ան ալ չյա­ջո­ղե­ցաւ:

265 հա­զար պա­շա­րուած զի­նուոր­նե­րէն մին­չեւ պա­տե­րազ­մի վեր­ջը 100 հա­զա­րէն ա­ւե­լին սպան­նուած էին, տաս­նեակ հա­զար­ներ՝ հի­ւանդ եւ վի­րա­ւոր, միայն 34 հա­զար վի­րա­ւոր պա­շա­րուած էր, 90 հա­զար գե­րի կը տա­նին ռու­սե­րը դէ­պի Ռու­սաս­տա­նի զա­նա­զան կող­մե­րը, պա­տե­րազ­մէն ետք շատ տա­րի­ներ ետք քի­չեր կը յա­ջո­ղէին վե­րա­դառ­նալ:

1944. Յու­լիս 20-ին գեր­մա­նա­կան խումբ մը սպա­նե­րը կը փոր­ձէին Ա­տոլֆ Հիթ­լէ­րը սպան­նել, բայց չեն յա­ջո­ղիր, բո­լորն ալ կը գնդա­կա­հա­րուին եւ ա­նոնց ըն­կեր­ներն ու բա­րե­կամ­նե­րը կը բան­տար­կուին:

1945. Ապ­րիլ 28-ին Հիթ­լէր կ՚ա­մուս­նա­նայ իր ըն­կե­րու­հի Է­վա Պրաու­նի հետ: 40 ժամ վերջ եր­կու­քը միա­սին անձ­նաս­պան կ՚ըլ­լան «Ֆիւհ­րի­րի պունք­րի» մէջ:

1945. Մա­յիս 8-ին գեր­մա­նա­կան բա­նա­կի հրա­մա­նա­տար զօ­րա­վար Քայ­թէ­լը չորս մեծ պե­տու­թիւն­նե­րու առ­ջեւ կը ստո­րագ­րէ Գեր­մա­նիոյ անձ­նատուու­թիւ­նը:

1945. Սեպ­տեմ­բեր 2-ին Ճա­բոն պաշ­տօ­նա­պէս անձ­նա­տուր ե­ղաւ, ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ա­մե­րի­կեան եր­կու հիւ­լէա­կան ռում­բե­րը վեր­ջա­ցու­ցին Բ. Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մը:

«Little Boy»ը 6 Օ­գոս­տո­սին կոր­ծա­նեց Հի­րո­շի­մա քա­ղա­քը: «Fat Man»ը 9 Օ­գոս­տո­սին կոր­ծա­նեց Նա­կա­զա­քի քա­ղա­քը: Այս եր­կու քա­ղաք­նե­րուն մէջ մա­հա­ցաւ 200 հա­զար հո­գի:

Բ. Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի սար­սա­փի հա­շուեկ­շի­ռը.

Պա­տե­րազ­մը տե­ւեց ճիշդ 5 տա­րի, 8 ա­միս եւ 6 օր: Իսկ միայն Եւ­րո­պա­յի մէջ տե­ւեց 2077 օր, 49.842 ժամ եւ 35 վայր­կեան:

Պա­տե­րազ­մի վեր­ջին 120 օ­րե­րը տե­ղի ու­նե­ցած են միայն Գեր­մա­նիոյ հո­ղին վրայ:

Պա­տե­րազ­մին մաս­նակ­ցած են 61 եր­կիր­ներ, ո­րոնք ի­րա­րու դէմ պաշ­տօ­նա­կան պա­տե­րազմ են յայ­տա­րա­րած: Եւ­րո­պա­յի մէջ կա­յին 5 չէ­զոք եր­կիր­ներ՝ Զուի­ցե­րիա, Սպա­նիա, Փոր­թու­գալ, Իր­լան­տա եւ Շուէտ:

Բ. Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մը ար­ժեց 375 մի­լիառ ա­մե­րի­կեան ոս­կի տո­լար, Գեր­մա­նիոյ հա­մար ար­ժեց 657 մի­լիառ ռայշս մարք, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն հա­մար՝ 109 մի­լիառ տո­լար:

Պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ մաս մը եր­կիր­նե­րու կո­րուստ­նե­րը.

Եր­կիր   քա­ղա­քա­յին­ներ զի­նուոր­ներ

Խ. Միու­թիւն   7.000.000  13.000.000

Գեր­մա­նիա     3.640.000  3.250.000

Լե­հաս­տան     6.000.000  120.000

Ֆրան­սա         270.000    250.000

Եու­կոս­լա­ւիա  130.000    300.000

Ի­տա­լիա         70.000     330.000

Աւստ­րիա       230.000   40.000

Անգ­լիա          290.000   60.000

Եւ­րո­պա         39.600.000, մէ­ջը ըլ­լալով հրեա­ներ՝ 5.900.000

Ա­սիա             20.950.000    

Ընդ­հա­նուր     60.550.000

Խորհր­դա­յին Միու­թեան մէջ ապ­րող հա­յե­րը Բ. Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մին մաս­նակ­ցած են ա­ւե­լի քան 500 հա­զա­րով, եւ ա­նոնց­մէ 103-ը ար­ժա­նա­ցած են Խորհր­դա­յին Միու­թեան հե­րո­սի կո­չու­մին, իսկ զո­հե­րուն թի­ւը հա­սած է 300 հա­զա­րի:

1945-ի Ապ­րիլ եւ Մա­յիս ա­միս­նե­րուն Պեր­լի­նի շուրջ տե­ղի ու­նե­ցած ճա­կա­տա­մար­տին զո­հուած են մօ­տա­ւո­րա­պէս 250 հա­զար քա­ղա­քա­ցի­ներ եւ զինուոր­ներ, միայն Պեր­լի­նի Ռայշս­թա­կի շուրջ 30 Ապ­րի­լին զո­հուած են մօտ 2000 հո­գի:

Մա­յիս 2-ին խորհր­դա­յին բա­նա­կը բո­լո­րո­վին գրա­ւած էր Գեր­մա­նիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Պեր­լի­նը, բա­նա­կին մէջ էին նաեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի բազ­մա­թիւ զա­ւակ­ներ՝ զօ­րա­վար­ներ, սպա­ներ եւ զի­նուոր­ներ: Սպի­տակ Ռու­սիոյ ռազ­մա­ճա­կա­տի հրա­մա­նա­տար մար­շալ Ժու­քո­վի զի­նա­կիցն էր ռազ­մա­ճա­կա­տի քաղ­աքային վար­չու­թեան պետ՝ զօ­րա­վար Սար­գիս Հա­լա­ջեան, հրա­սայ­լե­րու հրա­մա­նա­տար զօ­րա­վար Հա­մա­զասպ Բա­բա­ջա­նեան, կոր­պու­սի հրա­մա­նա­տար զօ­րա­վար Սար­գիս Մար­տի­րո­սեան: Պեր­լին քա­ղա­քի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած կռիւ­նե­րուն կը մաս­նակ­ցէին՝ զօ­րա­վար Սար­գիս Կա­րա­պե­տեան, զօ­րա­վար Ի­սա­հակ Գաս­պա­րեան եւ ու­րիշ հրա­մա­նա­տար­ներ:

Պեր­լի­նի գրաւ­ման եւ ճա­կա­տա­մար­տին մաս­նակ­ցող հայ­կա­կան 89-րդ «Թա­մա­նեան» հռչա­կա­ւոր հրաձ­գա­յին զօ­րա­բա­նա­կի հրա­մա­նա­տար զօ­րա­վար Նուէր Սա­ֆա­րեան, 1943-ին Ե­րե­ւա­նէն «Թա­մա­նեան» զօ­րա­բա­նա­կին գլուխ ան­ցած յաղ­թա­կան մար­տեր մղած էր նա­ցի Գեր­մա­նիոյ բա­նակ­նե­րուն դէմ Խրի­մի մէջ եւ մաս­նակ­ցած էր Լե­հաս­տա­նի այլ քա­ղաք­նե­րու ա­զա­տագրման, եւ անց­նե­լով Օ­տէր գե­տը՝ գրա­ւած էր Ֆրանք­ֆուրթ-Օ­տէ­րը ու մին­չեւ Պեր­լին:

Հայ մե­ծա­նուն զի­նուո­րա­կան զօ­րա­վար Նուէր Գէորգ Սա­ֆա­րեան ծնած էր Վաս­պու­րա­կա­նի Ար­ճէշ գիւ­ղը, 1907-ին: 1915-ի պա­տա­հար­նե­րուն ըն­թաց­քին ա­ւե­րուե­ցաւ Ար­ճէ­շը, ութ տա-­րե­կան պա­տա­նին որ­բա­ցած ու ա­նօ­թե­ւան պա­տա­հա­բար յա­ջո­ղե­ցաւ ա­զա­տիլ: Գաղ­թի փշոտ ճամ­բան բռնած­նե­րուն մէջ էր Նուէ­րին մայ­րը՝ եր­կու զա­ւակ­նե­րով, զա­նա­զան տա­ռա­պանք­նե­րէ ետք յա­ջո­ղե­ցան Էջ­միա­ծին հաս­նիլ:

1944-ին աշ­նան զօ­րա­վար Նուէր Սա­ֆա­րեա­նի գուն­դե­րը հրա­ման կը ստա­նան տե­ղա­փո­խուիլ մար­շալ Գէոր­գի Ժու­քո­վի են­թա­կա­յու­թեան տակ, ար­դէն ժա­մա­նա­կին Կով­կա­սի մէջ զօ­րա­վար Սա­ֆա­րեան ը­սած էր՝ Պեր­լին կը մտնեմ:

Ան­մահ մեծ վա­նե­ցի զօ­րա­վար Նուէր Սա­ֆա­րեան կա­տա­րեց իր խոս­տու­մը, իր գուն­դե­րը հաս­ցուց մին­չեւ Պեր­լին եւ մաս­նակ­ցե­ցաւ Պեր­լի­նի ճա­կա­տա­մար­տին: Մին­չեւ 50-60-ա­կան թուա­կան­նե­րուն Ռայշս­թա­կի շէն­քին քանդուած պա­տե­րուն վրայ հա­յե­րէ­նով գրուած էին ինք­նագ­րեր, ո­րոնք գուած էին յաղ­թող հայ հե­րոս զի­նուոր­նե­րու կող­մէ:

Ա­յո՛, «Թա­մա­նեան» զօ­րա­բա­նա­կի հրա­մա­նա­տա­րի եւ իր անձ­նա­կազ­մի եւ ամ­բողջ հայ ժո­ղո­վուր­դի յաղ­թա­նա­կի հան­դէսն էր:

Ազ­գա­սէր եւ հայ­րե­նա­սէր Սա­ֆա­րեա­նին դեռ 41 տա­րե­կան է, երբ ա­նաս­տուած պոլ­շե­ւիկ հա­յե­րը ի­րեն իբ­րեւ հի­ւանդ յայ­տա­րա­րե­ցին եւ ղրկե­ցին հանգս­տեան թո­շա­կի:

Յետ եր­կա­րա­տեւ հի­ւան­դու­թեան, 1982 Սեպ­տեմ­բեր 2-ին, Ե­րե­ւա­նի մէջ մա­հա­ցաւ հայ զի­նուո­րա­կան տա­ղան­դի մէկ հռչա­կա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ՝ ան­մահ զօ­րա­վար Նուէր Գէորգ Սա­ֆա­րեան:

Ին­ծի հա­մար մեծ պա­տիւ մըն էր 1978 Մա­յիս 8-ին Ե­րե­ւա­նի իր բնա­կա­րա­նին մէջ ան­մահ վա­նե­ցի զօ­րա­վա­րին ձեռ­քը եւ ճա­կա­տը համ­բու­րե­լ…

ՀԱ­ՄՕ ՊԵՏ­ՐՈ­ՍԵԱՆ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 3, 2015