ՎԱՂԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՋՐՕՐՀՆԷՔ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ վա­ղը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Ջրօրհ­նէ­քի հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն։ Յա­ւարտ Միած­նաէջ Մայր Տա­ճա­րին մէջ մա­տու­ցուե­լիք Ս. Պա­տա­րա­գին, հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին, նո­րօրհ­նեալ Յաղ­թու­թեան Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նով պի­տի կա­տա­րուի Ջրօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւն։

Մինչ այդ, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի օրհ­նու­թեամբ  Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ար­խի­ւի եւ թան­գա­րան­նե­րու տնօ­րէն Տ. Ա­սո­ղիկ Քհնյ. Կա­րա­պե­տեա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ լոյս տե­սաւ «Միւ­ռո­նօրհ­նու­թիւ­նը ԺԹ.-ԻԱ. դա­րե­րուն» փաս­տա­թուղ­թե­րու եւ նիւ­թե­րու ժո­ղո­վա­ծոն։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի ար­խի­ւի եւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ար­խի­ւի հա­մա­տեղ ջան­քե­րով հրատա­րա­կուած այս վա­ւե­րագ­րե­րը կը լու­սա­բա­նեն 19-21-րդ դա­րե­րուն Միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան եւ միւ­ռո­նի ա­ռաք­ման գրե­թէ բո­լոր ա­ռանց­քա­յին հար­ցե­րը։ Ժողո­վա­ծո­յին մէջ ընդգր­կուած են նաեւ 2001 եւ 2008 թուա­կան­նե­րու միւ­ռո­նօրհ­նու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ նիւ­թեր, ինչ­պէս նաեւ պատ­մա­կան լու­սան­կար­ներ եւ ցարդ չհրա­տա­րա­կուած նիւ­թե­րու ցան­կեր։ Այս ժո­ղո­վա­ծոն կազ­մած եւ ծա­նօ­թագ­րած է Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ար­խի­ւի աշ­խա­տա­կից­նե­րէն պատ­մա­բան Գո­հար Ա­ւա­գեան։

Գիր­քը տպագ­րուած է մե­կե­նա­սու­թեամբ ա­մե­րի­կաբնակ Տի­րան եւ Քնար Եղ­բայ­րեան ա­մո­լին։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 3, 2015