ՀՈԳԻ ԵԶՐԻ ՄԱՍԻՆ
Անտեսանելի ուժ մըն է հոգին։ Յաճախ, «հոգի» եզրը Աստուածաշունչ մատեանի մէջ կը նշանակէ «մարդկային կեանքը». (ՄԱՏԹ. ԺԶ 25-26), (ՅՈՎՀ. ԺԵ 13) եւ կամ ամբողջ «մարդկային անձը». (ԳՈՐԾՔ. Բ 41)։ Միաժամանակ ան կը մատնանշէ ի՛նչ որ մարդուն մէջ ամենէն ներհուն. (ՄԱՏԹ. ԻԶ 38), (ՅՈՎՀ. ԺԲ 27) եւ ամենամեծ արժէքն է (ՄԱՏԹ. Ժ 28), (Բ ՄԱԿ. Զ 30), այն ինչը՝ որ մարդը մասնաւորապէս Աստուծոյ «պատկեր» կը դարձնէ. «հոգի»ն կը նշանակէ՝ մարդուն մէջ գտնուող «հոգեւոր նախասկիզբ»ը։
Ահաւասիկ, այս իմաստով Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի «մահ»ը կը բացատրէ որպէս «մարմին առանց հոգիի»։ Ուստի, եթէ չկայ «հոգի», չկայ նաեւ «կեանք»։ Բայց քանի որ մարդկային միտքը կ՚ըմբռնէ այն ի՛նչ որ տեսանելի է եւ շօշափելի՛, մարդ իր սահմանափակ բանականութեամբ կը հաւատայ, ընդհանրապէս, միայն զգալի, դրական եւ յաճախ անհերքելի, բացայայտ իրականութիւններու։ Բայց, ինչպէս յաճախ կրկնուած է՝ իրականութիւնը եւ ճշմարտութիւնը տարբեր արժէքներ են։ Ուստի եւ ամէն իրողութիւն, իրականութիւն «ճշմարտութիւն» չէ՛։ Եւ ուրեմն, մարդուն չտեսածը գոյութիւն չունի, ըսել կարելի չէ՛։ Աչազուրկ մէկը երբ չի կրնար տեսնել, զոր օրինակ, ծաղիկ մը, կրնա՞նք խորհիլ եւ եզրականացնել, թէ այդ ծաղիկը գոյութիւն չունի։
Եւ կամ շիլ նայող մէկու մը համար տեսածները ծուռ, շեղ եւ շիլ են, ըսել կարելի՞ է։
Ուրեմն, ինչպէս չտեսնուածը գոյութիւն չունի, ըսել կարելի չէ, նոյնպէս՝ ամէն տեսնուած ալ թէեւ իրականութիւն, բայց «ճշմարտութիւն» չէ՛։
«Հոգի» եզրը, այո՛, չենք կրնար տեսնել, բայց իր ազդեցութիւնները կ՚ապրինք՝ կեանքը կը վայելենք։
Գրեթէ բոլորս կ՚օգտագործենք ելեկտրականութիւնը եւ կը վայելենք անոր բարիքները կեանքի ամէն ոլորտի, շրջանի մէջ։ Բայց կա՞յ մէկը՝ որ «ելեկտրականութիւն»ը տեսած ըլլայ։
Եւ դարձեալ, գրեթէ բոլորս կը գործածենք ելեկտրականութեամբ աշխատող գործիքներ, առարկաներ, բայց եթէ ելեկտրականութիւնը խզուի, կրնա՞նք օգտագործել զանոնք։ Եւ սա մեր կեանքին մէջ, մեզմէ «անբաժանելի» բջիջային հեռաձայններուն մարտկոցի լիցքը եթէ սպառի, չե՞նք միացներ զայն մարտկոցի ելեկտրութեան սարքին…
Ելեկտրականութեամբ աշխատող, գործող առարկաներու «հոգի»ն է ելեկտրականութիւնը՝ այն անտեսանելի բայց ազդեցութիւններովը յայտնուող ուժը։
Աստուծոյ Խօսքին ներփակած ուժը եւ զօրութիւնը այնքան մեծ են, որ մարդուս համար յենարան եւ կորով կը հանդիսանան եւ հաւատքի ուժ, հոգիի սնունդ, հոգեւոր կեանքի վճիտ, յստակ եւ մնայուն աղբիւր, ակ կը հանդիսանան։
Երբեմն կը պատահի, որ «հոգի»ն զանազանուի «շունչ»էն։ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Եւ Աստուած Ինք, որ խաղաղութիւն կը պարգեւէ, թող կատարելապէս սրբէ ձեզ, եւ ձեր ամբողջ էութիւնը՝ հոգի, շունչ եւ մարմին, անարատ պահէ մինչեւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի գալստեան օրը». (Ա ԹԵՍԱՂ. Ե 23)։ Եկեղեցին կ՚ուսուցանէ, թէ այս զանազանումը հոգիին մէջ երկուութիւն չի ներմուծեր։ «Շունչ» բառը կը նշանակէ, թէ մարդը իր ստեղծումէն սկսեալ սահմանուած է իր գերբնական վախճանին։ Եւ թէ անոր հոգին ընդունակ է ձրիաբար բարձրանալու Աստուծոյ հետ հաղորդութեան։
Եկեղեցւոյ «հոգեւոր աւանդութիւն»ը շեշտը կը դնէ նաեւ «սիրտ»ին վրայ՝ որ սուրբգրային իմաստով. «խորքն է էակին» (ԵՐՄ. ԼԱ 33)։ Հո՛ն է որ մարդը կը վճռէ ըլլալ Աստուծոյ հետ կամ Աստուծոյ դէմ. (Բ ՕՐ. Զ 5, ԻԹ 3), (ԵՍ. ԻԹ 13), (ԵԶԿ. ԼԶ 26), (ՄԱՏԹ. Զ 21), (ՂՈՒԿ. Ը 15), (ՀՌՈՎՄ. Ե 5)։
Եզրակացնելով՝ քանի որ կեանք մը կը վայելենք, կ՚ապրինք, ապա ուրեմն «հոգի» եզրը անուրանալի՛ է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 3, 2025, Իսթանպուլ