ՁԳՏԻԼ ԱՒԵԼԻ ԿԱՏԱՐԵԱԼԻՆ

Արդէն մէկ տարիէ ի վեր Հայաստանի մէջ կը գործէ «Կերոն» հիմնադրամը, որու առաքելութիւնը մէկ խօսքով եթէ ըսենք՝ Հայաստանի եւ հայաշխարհի զարգացումն է։ Հիմնադրամը կ՚իրականացնէ Հայաստանի զարգացման ծրագիրներ՝ ներգրաւելով մասնագէտներ՝ ամբողջ աշխարհէն, առաջ մղելով ենթակառուցուածքային զարգացումը եւ ամրապնդելով Հայաստանի ներկայութիւնը միջազգային ասպարէզին մէջ: 

«Կերոն»ի հիմնադիրներն ու ղեկավարները կը պատկերացնեն Հայաստան մը, ուր կը միաւորուին լուսաւոր միտքերը աշխարհի զանազան անկիւններէն՝ նպաստելով այնպիսի միջավայրի մը ստեղծման, ուր նախաձեռնող մասնագէտները կը փափաքին ապրլ, ստեղծագործել եւ ձեւաւորել բարեկեցիկ ապագայ՝ բոլորին համար:

Մէկ տարուայ ընթացքին կատարուած բազմատեսակ աշխատանքը այսօր «Կերոն» հիմնադրամը ճանաչելի դարձուցած է Հայաստանի մէջ եւ երկրի սահմաններէն դուրս։ 

ԺԱՄԱՆԱԿ այցելեց «Կերոն» հիմնադրամ, որ գործունէութիւն կը ծաւալէ Երեւանի պատմական շէնքերէն մէկուն՝ Աֆրիկեանի՝ սեւ փխաքարէ շինուած նշանաւոր առանձնատան մէջ (Բուշկինի փողոցին վրայ), ծանօթացաւ աշխատանքներուն եւ հարցազրոյց ունեցաւ գործադիր տնօրէն Վանանէ Արարքցեանին հետ։

*

-Վանանէ, նախ կ՚ուզէի հարցնել՝ ի՞նչ կարգի պատասխանատուութիւն կը զգաք՝ գործունէութիւն ծաւալելով Երեւանի եզակի պատմական շէնքերէն մէկուն մէջ, ի՞նչ են այդ առումով ձեր զգացումները։ 

-Շէնքը իսկապէս պատմական է, աւելի քան 120 տարուայ պատմութիւն ունի, կառուցուած է թամանեանական շրջանէն ալ առաջ, եղած է Աֆրիկեան եղբայրներէն Առաքել Աֆրիկեանին առանձնատունը, իսկ դիմացը եղած է եղբայրներուն ակումբը, որ, ցաւօք, 2014-ին, հակառակ պայքարին, քանդուեցաւ, եւ անոր տեղը հիմա պանդոկ կը տեսնենք։ 

Ցաւօք, այսօր Երեւանի մէջ մատներու վրայ կը համրուին պատմական շէնքերը, եւ երբ մէկ տարի առաջ մենք շէնք կը փնտռէինք մեր հիմնադրամին համար, իմ ընտրութիւնը կանգ առաւ այս շէնքին վրայ, հակառակ որ անմխիթար եւ աւերակ վիճակ մը ունէր։ Բայց մանուկ հասակէն ծանօթ ըլլալով այս շէնքին (անմիջապէս կողքը իմ մեծ մայրիկիս տունն էր), ես մէկ անգամէն կը պատկերացնէի այն միջավայրը, մթնոլորտը, որ պիտի տիրէ այս շէնքին մէջ, երբ մենք վերականգնենք զայն եւ սկսինք հոս աշխատիլ։ Ցաւալիօրէն շէնքը կրած է խորհրդային շրջանի աւերները՝ ոչնչացուած է առաստաղի որմնանկարներուն մէկ մասը, որոշ պատեր տեղաշարժուած են, սակայն մենք ջանացինք պահպանելով եղածը՝ նորոգել զայն եւ վերականգնել հնութիւնը։ Այս շէնքը իւրայատկութիւն ունի՝ շատ բարձր առաստաղներով, որմնօճախներով կառոյց մըն է, այստեղ գտնուելով՝ մեծ խնամքով եւ հոգատարութեամբ կը վերաբերուինք ամէն քարին, անկիւնին։ 

-Մէկ տարուայ ընթացքին հիմնադրամի կատարած ի՞նչ կարեւոր աշխատանքներու մասին կարող էք խօսիլ։ 

-Անցեալ տարուայ այս օրերուն մենք նոր-նոր կը հաստատուէինք, հոս նորոգում կ՚ընթանար, երկու հոգինոց խումբով միայն սկսած ենք մեր աշխատանքը եւ այսօր շատ-շատեր մեզի կ՚ըսեն՝ մենք տարիներէ ի վեր ձեզ գիտենք, ինչպէ՞ս մէկ տարի է, որ կը գործէք։ Մէկ տարուայ ընթացքին մեր կատարած աշխատանքին ծաւալը այնքան մեծ է, որ մարդոց մօտ այն տպաւորութիւնն է, թէ տարիներ շարունակ գիտեն մեր հիմնադրամը, կը կարծեն՝ մենք շատոնց կանք։ 

Մեր բոլոր ծրագիրներն ալ կարեւոր են, անոնք կը բաշխուին հիմնադրամի հինգ ռազմավարական ուղղութիւններուն մէջ․ այդ ուղղութիւններն են՝ առողջապահութիւնը, կրթութիւնը, մշակոյթը, մարմնամարզը եւ տարածքային զարգացումը: Այս հինգ ուղղութիւններով իրականացուող մեր ծրագիրներէն նախեւառաջ հիմնադրամը ունի կարեւոր ուղղութիւն մը եւ առաքելութիւն՝ միջավայր փոխել Հայաստանի մէջ։ Իսկ միջավայր փոխելով մենք կը հասկնանք նաեւ ատոր մէջ դուրսէն մարդիկ ներգրաւելը, կը հասկնանք դուրսէն մեր երկիր հրաւիրելը մասնագէտներ, որոնք կու գան կ՚ապրին եւ իրենց մասնագիտական գիտելիքներով մեր երկրին մէջ փոփոխութիւններ կը կատարեն եւ կը ստեղծեն նոր արժէք։ Մենք արդէն ուղենիշային կերպով սկսած ենք այս նախագիծը, եւ Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբին հետ կատարելով առաջին քայլերը՝ արդէն իսկ հրաւիրած ենք չորս մասնագէտներ, որոնք Հայաստան տեղափոխուած են բնակութեան (երեքը՝ օտարազգի են, մէկը՝ Միացեալ Նահանգներէն հայազգի)։ Մեր տարբերութիւնը նմանատիպ հիմնադրամներէն (որոնք նոյնպէս Հայաստան դուրսէն մարդիկ կը հրաւիրեն) այն է, որ մենք նախ կը կարեւորենք այդ մարդոց՝ ասպարէզի մը մասնագէտ ըլլալը եւ շեշտը չենք դներ միայն սփիւռքի վրայ, այսինքն պարտադիր չէ, որ Հայաստան տեղափոխուող այդ մասնագէտները ազգութեամբ հայ ըլլան, կարո՛ղ են ըլլալ, չենք բացառեր, բայց այդ մէկը պարտադիր պայման մը չէ՝ անոնք մեր ծրագիրներուն մէջ ներգրաւելու համար։ Եւ երրորդ կարեւոր տարբերութիւնը այլ հիմնադրամներէ՝ այն է, որ մենք այդ մարդոց Հայաստան տեղափոխութիւնը կը դիտարկենք հոս երկարաժամկէտ ապրելու տեսակէտէ։ Կան կազմակերպութիւններ, որոնք նման մասնագէտներ կը հրաւիրեն կարճ ժամանակով՝ մէկ շաբաթով, մէկ ամիսով, մէկ տարիով, հոս վերապատրաստում կ՚իրականացնեն այդ մասնագէտներու հետ եւ այլն․․․ Բայց մենք կը յայտարարենք, որ մասնագէտը առնուազն հինգ տարիով պիտի տեղափոխուի եւ հոս բնակի, միայն այդ պարագային մարդը կը սկսի երկրին հանդէպ ունենալ սեփականութեան եւ հոգատարութեան զգացումները եւ ան, իր մասնագիտական ներդրումէն զատ, կը սկսի նաեւ հասարակական ներդրում ունենալ։ Այդպիսի մէկը կը սկսի, օրինակ, հետաքրքրուիլ, թէ երկրին մէջ առողջապահութեան, կրթութեան եւ միւս համակարգերը ինչպէ՛ս կը գործեն, քանի ինք պիտի օգտուի ատոնցմէ։ Այս պարագային նոյնպէս մեր որդեգրած ուղղութիւններուն կը վերադառնանք, թէ ի՞նչ ջանք պիտի ներդնենք, որպէսզի այդ միւս ոլորտներն ալ զարգանան։ Եւ այդ պարագային մեր երկրին մէջ կը փոխուի միջավայր։ 

-Հիմնադրամին անունը ինչպէ՞ս ընտրուեցաւ։

-Շատ պատահական կերպով հետաքրքրական բացայայտում մը ունեցանք, որ կը փաստէ, թէ մենք պատահական չենք ընտրած «Կերոն»ը՝ մեր հիմնադրամին համար։ Նախ՝ «Կերոն» անուանումը իմ մտայղացումն էր, ընտրեցի այդ անուանումը՝ մոմ, ջահ, լոյս իմաստը տեսնելով նաեւ մեր գործունէութեան խորհրդաբանութեան մէջ, եւ երբ արդէն մեր խորհրդապատկերը՝ գրութեամբ ղրկեցի ընկերներէս մէկուն, ան ըսաւ՝ բառը հակառա՞կ գրած էք։ Ես նախ չհասկացայ իր ըսածը, բայց յետոյ անդրադարձայ, որ «կերոն» միւս կողմէն կարդալով կ՚ըլլայ «նորեկ», եւ ապշեցայ ակամայ այդ համընկնումէն՝ տեսնելով, որ «նորեկ» բառն ալ մեր հիմնական առաքելութիւնը կ՚արտայայտէ եւ այդ բառին իմաստով ալ մենք կ՚ուզենք Հայաստանը զարգացնել։ Չէ՞ որ Խորհրդային Միութեան ժամանակ այն մարդիկ, որոնք մեծ հայրենադարձութեան ժամանակ տեղափոխուած են Հայաստան, զիրենք նորեկ կոչած են հոս, իրենք նաեւ նորութիւններ բերած են իրենց հետ՝ սկսած խոհանոցէն, նորաձեւութենէն, նիստուկացէն եւ այլն։ 

Այդպէս ես հասկցայ, որ «Կերոն»ը ճիշդ ընտրուած անուն մըն է մեր գործունէութեան համար։ Եւ մեր խորհրդապատկերն ալ հետաքրքրական խորհրդաբանութիւն կը պարունակէ․ անոր մէջ շողեր են, որոնք գիծերու տեսքով են՝ երկար ու կարճ եւ որոնք զատ-զատ կարծես ոչինչ կը նշանակեն, սակայն միաւորուելով՝ ամբողջական պատկեր մը կը կազմեն՝ լոյսի պատկեր մը։ Եւ ատոնք կարծես մեր ծրագիրները կը խորհրդանշեն՝ փոքր, մեծ, որոնք կը կազմեն մեր ամբողջական գործունէութիւնը, որ նոյնպէս միտուած է Հայաստանի մէջ լոյս տարածելուն։ 

-«Կերոն»ի ամենայաջողած ծրագիրը ո՞րը կը նկատէք։ 

-Քանի որ հինգ ռազմավարական ուղղութիւն ունինք, ապա բոլոր ուղղութիւններով ալ կարելի է նշել ծրագիրներ, որոնք մեզի համար թէ՛ մեծ են, թէ՛ կարեւոր, թէ՛ յաջողած։

Կարող եմ խօսիլ Անահիտ աստուածուհիի արձանի՝ Հայաստանի մէջ ցուցադրութիւնը, որ առաջին անգամ Հայաստանի եւ աշխարհի յառաջատար թանգարաններէն մէկուն՝ Բրիտանական թանգարանին հետ գործակցութեան արդիւնքին իրականացաւ։ Մեր երկրին համար նշանակալից իրադարձութիւն էր այդ թանգարանին հետ գործակցութիւնը, եւ մենք կարողացանք իրականացնել զայն։ Երկար տարիներ այդ ցուցանմոյշը տեղափոխելու եւ հոս ցուցադրելու բանակցութիւններ ընթացած են, բայց ոչ մէկ անգամ իրականացած է։ Այս ցուցադրութիւնը, որ վեց ամիսէն ալ երկար տեւեց, քանի որ պահանջարկը մեծ էր, մեծ ընդունելութիւն ունեցաւ, նաեւ անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ դարձաւ ամենաշատ այցելութիւններ ունեցած ցուցահանդէսը Պատմութեան թանգարանին համար։ Շուրջ 56 հազար մարդ այցելած է, եւ առանձնակի հպարտութիւն է, որ ատոնցմէ 18 հազարը երեխաներ եւ երիտասարդներ էին, այսինքն մենք ակամայ կերպով նպաստած ենք, որ երիտասարդութիւնը, երեխաները եւ ընդհանրապէս, մեր հասարակութիւնը վերադառնայ թանգարան այցելելու մշակոյթին, ինչ որ պահ մը կորսուած մշակոյթ դարձաւ, որովհետեւ հետաքրքրութիւնները այլեւս այլ վայրերու մէջ էին։ 

Մեր մեծ նախագիծերէն կարող եմ նշել առողջապահութեան եւ կրթութեան ոլորտին առընչուող ծրագիր մը։ Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանը, մեր ամենամեծ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններէն է, ութ հազարէ աւելի ուսանող ունի, եւ Հայաստանի ամենաշատ արտասահմանցի ուսանող ունեցող համալսարանն է (շուրջ 8 հազար ուսանող ունի, որոնցմէ 24 տոկոսը օտարերկրեայ ուսանողներ են աշխարհի 33 երկիրներէ) եւ նաեւ ամենաերկար ուսումը հոն կը տրուի՝ վեց եւ աւելի տարիներ, այսինքն ուսանողները վեց եւ աւելի տարիներ իրենց օրուայ մեծ մասը հոն կ՚անցընեն։ Ահա այդպիսի համալսարան մը ցաւօք ունի անմխիթար վիճակի մէջ գտնուող գրադարան մը, որ խորհրդային տարիներէն եկած գրադարան մըն է՝ փոքր տարածքի մը մէջ տեղաւորուած իր ոչ-արդիական ընթերցասրահով եւ գրապահոցով:

Ուրախութեամբ կրնամ նշել, որ մօտ ապագային 6 հարիւր մեթր քառակուսի տարածք ունեցող գրադարանը կ՚ունենայ 3 հազար մեթր քառակուսի տարածք՝ իր ներկայի տարածքէն չորս անգամէն աւելի եւ փաստօրէն, Բժշկական համալսարանը պիտի ունենայ միջազգային չափանիշներով, խիստ արդիական պայմաններով օժտուած գրադարան մը: Հոլանտական նշանաւոր ընկերութիւն մը հրաւիրուած է՝ նախագծելու գրադարանին շէնքը, որ պիտի համապատասխանէ գրադարանային ճարտարապետութեան, ինչ որ ճարտարապետութեան զատ ճիւղ մըն է։ Մեր հրաւիրած մասնագէտները ճարտարապետներ են, որոնք նախագծած են բազմաթիւ երկիրներու նշանաւոր գրադարաններ եւ յատուկ մասնագիտացած են։ Մեր հիմնադրամի աջակցութեամբ կ՚ունենանք ժամանակակից գրադարան՝ Հերացի փողոցին վրայ՝ զատ մուտքով եւ նաեւ աւելի երկար ժամեր աշխատող, որպէսզի ուսանողները նաեւ դասերէն ետք յաճախեն։ Իր հիմնական գործառոյթէն զատ, գրադարանը նաեւ պիտի ըլլայ միջավայրի ձեւաւորման վայր մը։ 

Տարածքային զարգացման մեր ծրագիրներէն է Սարեան փողոցի աստիճաններու ձեւաւորումը՝ սարեանական գունապնակով․ նախագիծը տակաւին չէ հասած աւարտին, բայց, արդէն շատ սիրուած տեղ է, եւ այս ալ միջավայր փոխելու մեր տեսլականներէն մէկն է։ 

Մեր մէկ այլ նախագիծ կ՚առընչուի Երեւանին․ միշտ կ՚ըսենք, թէ մենք երեխայասէր ժողովուրդ ենք, Երեւանը երեխաներու համար յարմար քաղաք մըն է, բայց մեր ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուին, որ Երեւանի մէջ հանրային տարածքներէ ներս չկայ նոյնիսկ մէկ անվճար հանրային, ժամանակակից խաղահրապարակ, որ կ՚ըլլայ միջազգային չափանիշներով՝ անվտանգ, վերամշակուած նիւթերով պատրաստուած եւ այլն․․․ Մենք այս հարցը ուսումնասիրեցինք եւ քաղաքապետարանի, թաղապետարանի հետ քննարկելով՝ որոշեցինք մէկի տեղ երեք այդպիսի խաղահրապարակ սարքել, որովհետեւ պահանջարկը այնքան մեծ պիտի ըլլայ, որ մէկ խաղահրապարակը բաւարար պիտի չըլլայ երեխաներու համար եւ շուտով Կեդրոն համայնքին մէջ մենք կ՚ունենանք 3 ժամանակակից, անվճար խաղահրապարակներ՝ զանազան տարիքային խումբերու երեխաներու համար։ 

Շատ են մեր ծրագիրները, կ՚ուզեմ նշել նաեւ «Երաժշտական մեթրօ» նախագիծը։ Այս տարի, երեք ամիս շարունակ «Երիտասարդական» կայարանին մէջ տեղի ունեցան երաժշտական ելոյթներ՝ զանազան երաժիշտներու մասնակցութեամբ։ Մարմնամարզի բնագաւառին մէջ մենք ունինք յաջողուած ծրագիր մը, որ կ՚առընչուի երիտասարդ եւ խոստմնալից թենիսիսուհի Էլինա Աւանէսեանին։ Ան Կիներու թենիսի ընկերակցութեան համաշխարհային վարկանիշի լաւագոյն քառասնեակին մէջ ընդգրկուած առաջին հայ մարզիկն է։ Անոր երկու ծնողքն ալ Արցախէն են, ժամանակին տեղափոխուած են Ռուսաստան, եւ ինք, ծնուելով եւ մեծնալով դուրսը՝ յաջողութիւններ արձանագրած է Հայաստանէն դուրս։ Մենք բանակցութիւններ վարեցինք, որպէսզի Էլինան այսուհետեւ հանդէս գայ Հայաստանի դրօշի ներքոյ։ Անցած տարուայ յուլիսին մեր բանակցութիւնները իր գործերը կառավարող ընկերութեան հետ, պսակուեցան յաջողութեամբ, եւ այդ ժամանակուընէ սկսեալ Էլինա Աւանէսեան բոլոր միջազգային մրցաշարքերուն հանդէս կու գայ Հայաստանի դրօշի ներքոյ։ Եւ ուրախալին այն է նաեւ, որ յաջորդ Ողիմպիական խաղերուն Էլինան հանդէս պիտի գայ նաեւ մեր ազգային հաւաքականէն եւ առաջին անգամ Հայաստանը Ողիմպիական խաղերու թենիսի մրցաձեւին մէջ պիտի ունենայ մասնակից։ Ան, հակառակ որ չի բնակիր Հայաստան, բայց համաձայն մեր պայմանագրի, տարին առնուազն մէկ-երկու անգամ պիտի գայ Հայաստան, հանդիպի երեխաներու հետ, քաջալերէ այդ մարզաձեւին զարգացումը։ Եւ մէկ անգամ երբ եկաւ, ի զարմանս մեզ, շուրջ հինգ հարիւր երեխայ կարգ կը սպասէր՝ զինքը տեսնելու համար։ Ինքն ալ զարմացած էր, որ այդ մարզաձեւը Հայաստանի մէջ այդքան սիրուած է եւ օր օրի հետաքրքրութիւնը կ՚աւելնայ։

Հիմնադրամը բազում այլ ծրագիրներ եւս իրականացուցած է, որոշներ ընթացքի մէջ են, որոշներ նոր կեանք պիտի ստանան․․․ Անշուշտ, շատ ծրագիրներու ձգած ազդեցութիւնը երկարաժամկէտ կտրուածքով միայն նկատելի պիտի ըլլայ, մենք այդ փոփոխութիւնները երկրի, սերունդներու վրայ, տարիներ յետոյ կը տեսնենք․․․ 

-Հիմնադրամը ուրկէ՞ նիւթական միջոցներ կը ներգրաւէ՝ բազմազան այս ծրագիրները իրականացնելու համար։ 

-Մեր հիմնադիրը տիկին Մարետա Գէորկեանն է։ Գէորկեանները Զուիցերիա երկար տարիներ ապրելով՝ այժմ ե՛ւ Հայաստան ե՛ւ Զուիցերիա կը բնակին։ Անոնք տարիներ շարունակ ձեռնարկատիրական գործունէութիւն ունեցած են, բայց միշտ ուզած են աւելին ընել Հայաստանի համար։ Դրուագային զանազան նախագիծեր, զանազան ժամանակահատուածներու, անշուշտ, ըրած են Հայաստանի համար, համակարգուած եւ Հայաստանի զարգացման միտուած հիմնադրամ ստեղծելու գաղափար ալ միշտ եղած է, բայց ձեւ եւ մարմին չէ ստացած։ Ես ալ միշտ աշխատակցած եմ Հայաստանի զարգացման զանազան ծրագիրներու մէջ եւ, ահաւասիկ, նախանցեալ տարեվերջին, երբ մենք միասին կը զրուցէինք, հասկցանք, որ մեր արժեհամակարգերը կը համապատասխանեն իրարու, եւ այդպէս, ստեղծուեցաւ հիմնադրամը։

Մեր բոլոր նախագիծերը կ՚իրականացուին գործընկերներու հետ միասին՝ ատիկա կ՚ըլլայ կառավարութիւն, տեղական ինքնակառավարման մարմին, կազմակերպութիւններ, թէ այլ հիմնադրամներ։ Մեր գաղափարախօսութիւնը այն է, որ մենք կը ջանանք երկրին մէջ արժէք ստեղծել եւ համոզուած ենք, որ ատոր ստեղծման պատասխանատուութիւնը երբ կը կիսուի ուրիշ կառոյցի մը հետ, ծրագիրը աւելի հնարաւորութիւններ կ՚ունենայ յաջողութեան հասնելու։

Կ՚ուզեմ նշել, որ հիմնադրամը ընտանեկան հիմնադրամ չէ։ Այո՛, ընտանիք մը ստեղծած է, առաջին քայլերը դրած է, կ՚օգնէ ամէն ինչով, ինչ որ շատ կարեւոր է հիմնադրամի կայացման համար, բայց, հիմնադրամը այլեւս պիտի սկսի դրամահայթայթման գործընթացի մը։ Մենք այս մէկ տարուայ ընթացքին ցոյց տուինք մեր արժէքները, մեր աշխատելաոճը, որակը՝ մեր աշխատանքի եւ մեր ծրագիրներուն շարունակականութիւնը, ընդլայնումը ապահովելու համար այլեւս կը դիտարկենք գործընկերութիւն, անհատ նուիրատուութիւններ, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ այլ ընկերութիւններու հետ համագործակցութիւն։ Այն ալ ըսեմ, որ մենք բոլորովին ապաքաղաքական հիմնադրամ ենք, ամէն ինչէն անկախ, մեծ հաւատով մեր աշխատանքը կը կատարենք՝ ի նպաստ Հայաստանի ապագային։ Շատ յաճախ մարդիկ կ՚ուզեն իրենք ալ բան մը ընել, բայց ձեւը չեն գտներ, չեն գիտեր՝ ինչպէս ընել, չեն վստահիր․․․ Մենք պատրաստ ենք այդ դերը ստանձնել եւ աջակցիլ բոլոր այն մարդոց, որոնք կը փափաքին Հայաստանի զարգացման համար բան մը ըրած ըլլալ։ Մենք կանք եւ պատրաստ ենք այդ դերը ստանձնել՝մեր որակով, մեր արհեստավարժ վարչախումբով եւ մեր թերեւս կարճ, բայց կը կարծեմ՝ վստահելի ուղիով։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 5, 2025