ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏ
Զատկական եօթը շաբաթներու աւարտին «Պենտեկոստէ»ին՝ Հոգեգալուստի օրը Քրիստոսի Զատիկը կը կատարուի Սուրբ Հոգիին հեղումով, որ կը յայտնուի, կը տրուի, կը հաղորդուի իբրեւ աստուածային Անձ, Քրիստոս Տէրը, Իր Լիութենէն, Հոգին առատօրէն կը սփռէ. (ԳՈՐԾ. Բ 33-36)։
Այդ օր Ամենասուրբ Երրորդութիւնը լիովին կը յայտնուի։ Քրիստոսի աւետած Արքայութիւնը բաց է Իրեն հաւատարիմ հաւատացողներուն առջեւ։ Անոնք իրենց մարմինին խոնարհութեամբ եւ հաւատքով արդէն իսկ կը մասնակցին Ամենասուրբ Երրորդութեան հաղորդութեան։
Սուրբ Հոգին, անընդհատ գալուստով, աշխարհը կը մտցնէ «վերջին ժամանակներուն» մէջ՝ որ Եկեղեցւոյ ժամանակն է, որ արդէն իսկ ժառանգուած բայց տակաւին անաւարտ Արքայութիւնն է։ Արդարեւ, Ան է ճշմարիտ Լոյսը, որ կ՚ընդունի երկնաւոր Հոգին, ճշմարիտ հաւատքը։ Հաւատացեալներ կ՚երկրպագեն անբաժանելի Երրորդութեան, որովհետեւ Ան փրկեց մեզ։
Սէրը նախասկիզբն է Քրիստոսով այն նոր կեանքին՝ որ այլեւս հնարաւոր դարձած է, քանի որ մենք. «ընդունած ենք ուժ մը՝ որ Սուրբ Հոգիին է». (ԳՈՐԾ. Ա 8)։
Մարդ արարածին համար դժուար է բաժնել իր ըմբռնումները, հաւատալիքները եւ կեանքը երկու երեսներու, զանոնք լաւ հասկնալու համար։ Ուստի, մարդուն անծանօթ չէ տարբերութիւնը մտքի եւ սրտի կեանքերուն։ Հաւատացեալը կրնայ գիտնալ աւանդական, բարոյական եւ աստուածաբանական բովանդակ գիտութիւնը քրիստոնէական կրօնին, ընդունիլ այս մասին բովանդակ ճշմարտութիւնը ըստ ինքեան, բայց չունենալ այն ներքին հաղորդակցութիւնը՝ զոր կ՚ունենայ մարդ ճշմարտութեան հետ։ Կայ ճշմարտութեան փաստացի համոզումէն անդին, անձնական ուրիշ համոզում մը, որ բոլորովին տարբեր է ճշմարտութեան նկատմամբ մարդուն ունեցած ըմբռնումէն։
Հաւատալիքը անհատին մէջ ճշմարտութիւն ըլլալու համար պէտք է բխի անձէն, ո՛չ թէ անոր շրթներէն, հասկացողութենէն կամ գրչէն։ Ան պէտք է հոսի նկարագրէն, իր զգացումներէն, իր ամբողջ բարոյական եւ մտաւոր էութենէն։ Այս է պատճառը՝ որ մարդ յաճախ ճշմարտութիւններու պարագային, իր ձեռքին մէջ ունի խեցիներ, կաւէ ամաններ՝ արտաքին մասը իրական ճշմարտութեան, եւ չունի զայն կենդանացնող ոգին։
Ա՛յս է պատճառը անտարակոյս, որ շատեր ճշմարտութիւններու շրջուն մանրավաճառներ՝ փերեզակներ են, եւ շուտով կրնան ծախել կամ ուրանալ զայն, քանի որ չունին զայն իրենց անձին եւ փորձառութեանը մէջ, հաղորդուած չեն անոր ներքին իրականութեանը եւ ճշմարտութիւնը անձնացած չէ իրենց հոգիին մէջ։
Արդարեւ, որպէսզի մարդս իրական արժէ՛ք մը ներկայացնէ, պէ՛տք է որ «հոգեւոր շունչ» մը ըլլայ իր ներսը, իբրեւ վերէն իջած եւ թափուած խորհուրդի մը խօսուն արտայայտութիւնը։ Առանց այդ ոգիին, դժուա՛ր թէ մենք կարենանք արժեւորել գերագոյն իրականութիւնը եւ միակ իրականութիւնը քրիստոնէական կեանքին։ Սուրբ Հոգիին ներկայութիւնը իրեն սպասող առաքեալներուն մէջ ո՛չ միայն կենդանի օղակը եղաւ զանոնք իրարու միացնող, այլ նաեւ զիրենք բոլորը հանեց այն սկզբունքին մէջ՝ որ կեանքի գերագոյն սկզբունքն է։
Կեանքի ուժը կը բնորոշուի իր միացուցիչ ըլլալու հանգամանքովը։ Առանց կենսունակութեան ոչ միայն մեր ֆիզիքական, այլ նաեւ մեր ընկերային եւ հոգեկան կեանքը կը վերածուի կտորներու, սահմանուելու համար մահուան։
Մահը կեանքի անջատման սկզբունքն է, իսկ կեանքը՝ հաղորդակցութեան…
Սուրբ Հոգիին միջոցաւ առաքեալները, իսկ իրենցմով բովանդակ Եկեղեցին կը միանար եւ կ՚եղբայրանար, կը զօրանար եւ կը միաձուլուէր…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 4, 2025, Իսթանպուլ