ՆՈՅՆ ԿԵՐՊՈՎ ԽՈՐՀԻԼ

Եր­բեք մտա­ծա՞ծ էք, սի­րե­լի­նե՜ր, ե­թէ ըն­կե­րու­թեան մը, հա­սա­րա­կու­թեան մը մէջ բո­լոր ան­հատ­ներ «նոյն կերպ»ով խոր­հէին, ի՜նչ կ՚ըլ­լար հե­տե­ւան­քը։

Կրնան ը­սել ո­մանք, որ կա­տա­րեալ խա­ղա­ղու­թիւն եւ ան­դոր­րու­թիւն կը տի­րէր, ե­րա­նի՜ թէ ըլ­լար այդ հա­մամ­տու­թիւ­նը, այն ա­տեն տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ գո­յու­թիւն չէին ու­նե­նար, եւ աշ­խարհ դրախ­տի մը կը վե­րածուէր…։ Ան­շուշտ լաւ բան է հա­մա­կար­ծիք ըլ­լալ, բայց ե­թէ այդ հա­մա­կար­ծիք մի­ջա­վայ­րին մէջ «ճշմար­տու­թիւն»ը կոր­սուի՞, կը խոր­հի՞ք, թէ սպա­սուած խա­ղա­ղու­թիւ­նը եւ եր­ջան­կու­թիւ­նը կ՚ի­րա­կա­նա­նայ։ Ա­տի­կա կա­տա­րեալ խա­բէու­թիւն մը պի­տի ըլ­լար, միա՛յն քօ­ղար­կուած խա­ղա­ղու­թիւն մը, քա­նի որ մարդ­կա­յին բնու­թիւ­նը, բա­նա­կա­նու­թիւ­նը պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ, որ իւ­րա­քան­չիւր անձ տար­բեր կեր­պով ըմբռ­նէ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, տար­բեր կեր­պով դա­տէ եւ տար­բեր կեր­պով խոր­հի ու գա­ղա­փար կազ­մէ ա­նոր մա­սին։ Եւ կար­ծեմ ան­հատ ըլ­լա­լու՝ անձ ըլ­լա­լու յատ­կա­նիշն է այս հան­գա­ման­քը։

Յա­ճախ կը կրկնենք՝ մարդ միայն մար­մին չէ՛, այլ «մար­մին, հո­գի եւ միտք» ե­րեք­նե­րէ բաղ­կա­ցած «միու­թիւն» մըն է ան, եւ ու­րեմն ա­մէն անձ ու­նի իւ­րա­յա­տուկ հո­գին ու միտ­քը՝ ինչ­պէս ու­նի ու­րիշ­նե­րէն ան­ջատ մար­մի­նը։ Ան­ձը կը տար­բե­րի ու­րիշ­նե­րէ իր մար­մի­նով, հո­գիով եւ միտ­քով։

Ա­մէն մարդ, իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ, այս ի­մաս­տով ու­րոյն անձ մըն է։ Ա­պա ու­րեմն կրնայ տար­բե­րու­թիւն­ներ ու­նե­նալ ու­րիշ­նե­րէ եւ չնմա­նիլ միւս­նե­րուն։ Այս ալ կը նշա­նա­կէ՝ թէ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մը մէջ՝ իւ­րա­քան­չիւր անձ կրնայ տար­բեր խոր­հիլ, ի՛նչ որ բնա­կան է եւ բա­նա­կա՛ն։ Ուս­տի «ին­չո՞ւ նոյն կեր­պով չենք խոր­հիր» կամ «ին­չո՞ւ նոյն կեր­պով չխոր­հինք», ը­սել մարդ­կա­յին բնու­թեան հա­կա­ռա՛կ է…։

Քա­ղա­քա­կիրթ, յա­ռա­ջա­դէմ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մէջ, ընդ­հան­րա­պէս ըն­դու­նուած է այս ի­րո­ղու­թիւ­նը եւ գա­ղա­փա­րի տար­բե­րու­թիւն­նե­րու փո­խա­նա­կու­թեան մի­ջո­ցով ստեղ­ծուած է ըն­կե­րա­յին ներ­դաշ­նա­կու­թիւն, եւ ու­րեմն՝ խա­ղա­ղու­թիւն եւ եր­ջան­կու­թիւն։ Քա­ղա­քա­կիրթ ըն­կե­րու­թիւն­ներ չեն ու­զեր, որ նոյն կեր­պով խոր­հի ա­մէն անձ, քա­նի որ ան ար­գելք է յա­ռաջ­դի­մու­թեան։

Նոյն կեր­պով խոր­հե­լու բռնա­դա­տուած, հար­կադ­րուած հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­ներ կը ստեղ­ծեն «մե­քե­նան­ման» ան­հատ­ներ, ո­րոնք նպաս­տա­ւոր կամ անն­պաստ ա­մէն ի­րո­ղու­թիւն կ՚ըն­դու­նին եւ պատ­ճառ կը դառ­նան ա­մուլ եւ ան­շարժ, անն­պա­տակ ըն­կե­րու­թեան մը։

Մինչ­դեռ, ըն­կե­րու­թեան մը յա­ռաջ­դի­մու­թեան մղիչ ու­ժը՝ գա­ղա­փա­րի փո­խա­նա­կու­թիւնն է՝ ընդ­հա­րու­մը, բա­խու­մը՝ որ­մէ կը ծնի ճշմար­տու­թիւ­նը, ի՛նչ որ վերջ­նա­կան նպա­տա՛կն է մար­դուն։

Բայց ան­հատ­նե­րու տար­բեր ու ան­կախ խոր­հի­լը պէտք չէ վնա­սէ ըն­կե­րա­յին ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը եւ խա­ղա­ղու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ, ան­հա­տա­պաշտ եւ ան­կախ միտ­քի տէր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­մար ան­կա­րե­լի է «նոյն կեր­պով խոր­հիլ»։

­Հա­սա­րա­կու­թեան մը մէջ թող տար­բե­րին մտա­ծում­ներ, խոր­հե­լա­կեր­պեր, գա­ղա­փար­ներ, հոգ չէ, հա­ւա­տա­լիք­ներ ու հա­մո­զում­ներ ալ զա­նա­զա­նուին, բայց այդ տար­բե­րու­թիւն­նե­րը, զա­նա­զա­նու­թիւն­նե­րը պէտք չէ՛ վնաս հասց­նէ եղ­բայ­րա­կան սի­րոյ, այ­լա­պէս՝ մար­դա­սի­րու­թեան բարձ­րա­գոյն զգա­ցու­մին։

Ե­թէ հա­մո­զում­ներ, կար­ծիք­ներ, հա­ւա­տա­լիք­ներ տար­բեր են, ինչ որ բնա­կան է, բայց ին­չո՞ւ զի­րար չսի­րենք։ Գա­ղա­փա­րի, հա­մո­զու­մի, հա­ւա­տա­լի­քի եւ բո­լոր բնա­կան-մարդ­կա­յին տար­բե­րու­թիւն­ներ եւ զա­նա­զա­նու­թիւն­ներ պէտք չէ՛ ար­գելք հան­դի­սա­նայ սի­րոյ, որ ա­մե­նա­բարձր ու ա­մե­նէն ազ­նիւ ար­ժէքն է մարդ­կու­թեան։

Գա­ղա­փար­ներ, կար­ծիք­ներ կրնան տար­բե­րիլ, փո­խուիլ, բայց սէ­րը մնա­յուն է՝ ա­նայ­լայ­լե­լի եւ մշտնջե­նա­ւոր։ Եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով պէտք չէ զո­հել սէ­րը՝ կար­ծի­քի մը կամ հա­մո­զու­մի մը հա­մար։ Մտա­ծում­ներ ժա­մա­նա­կա­ւոր են, իսկ սէ­րը՝ ան­ժա­մա­նա՛կ։ Եւ ո՜ր­քան նշա­նա­կա­լից է Մ. Ա. Վոլ­թէ­րի խօս­քը, թէ՝ կը հա­կա­ռա­կի գա­ղա­փա­րի մը կամ մտա­ծու­մի մը, եւ սա­կայն հա­կա­ռա­կած գա­ղա­փա­րը ա­զա­տօ­րէն ար­տա­յայ­տե­լու ի­րա­ւունքն ալ կը պաշտ­պա­նէ ի գին ա­մէն ին­չի։ Ա­հա­ւա­սիկ, ա­զա­տամ­տու­թիւ­նը, լու­սամ­տու­թիւ­նը, հան­դուր­ժո­ղու­թեան, զո­հո­ղու­թեան ազ­նիւ ո­գին ալ ա՛յս կը պա­հան­ջէ։ Այս զո­հո­ղու­թիւ­նը եր­բեք պէտք չէ հասկ­նալ որ­պէս հա­մա­կեր­պու­թիւն կամ զի­ջում, կրա­ւո­րա­կա­նու­թիւն, այլ՝ ազ­նուա­խոհ մար­դու կե­ցուա՛ծք։

Ինչ­պէս ան­հա­տա­կան, նոյն­պէս եւ ըն­կե­րա­յին բազ­մա­թիւ հար­ցե­րու մէջ վճռա­կան ո­րո­շու­մը կու տայ միշտ սիր­տը, կամ խիղ­ճը եւ ո՛չ թէ միտ­քը։ Ուս­տի այն ճամ­բան, որ հասկ­ցո­ղու­թեան, հաշ­տու­թեան, հա­մա­խո­հու­թեան, խա­ղա­ղու­թեան եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ՝ տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը չէ՛, չոր ու ցա­մաք պայ­մա­նագ­րու­թիւ­նը չէ, այլ՝ մա­նա­ւանդ յոր­դող, տաք սէ՛րն է։

Բա­րե­կա­մու­թիւ­նը՝ բա­րիք կա­մե­ցող, բա­րեա­ցա­կամ ո­գին է, որ ինք­նին կը լու­ծէ, կը քա­կէ թշնա­մու­թեան թնճու­կը։ Ա­տե­լու­թիւ­նը ե­թէ թոյն մը, ժահր մըն է՝ դեղ­թա­փը սէ՛րն է։

Մարդ ե­թէ կ՚ա­տէ, չի կրնար սի­րել։ Մարդ պէտք է սի­րէ, որ­պէս­զի չա­տէ։ Ուս­տի կա­րե­լի՞ է լե­ղին ու քաղց­րը նոյն գա­ւա­թին մէջ դնել…։

Ար­դա­րեւ, ժո­ղո­վուր­դի մը բա­ժա­նուած ու հա­կա­մարտ տար­րե­րուն բու­ժիչ դե­ղը ո՛չ թէ քա­ղա­քա­կան փի­լի­սո­փա­յու­թեան մը մէջ՝ այլ սի­րոյ գե­րա­գոյն զգա­ցու­մին եւ ա­մե­նա­վե­րին, բարձր ար­ժէ­քին մէջ կը գտնուի։

Մարդ սի­րե­լու հա­մար պէ՛տք է ա­մէն տե­սակ նա­խա­պա­շա­րու­մը եւ աշ­խար­հիկ նող­կանքն ու ար­հա­մար­հան­քը թօ­թա­փէ իր մէ­ջէն։ Այն ա­տեն, ա­հա­ւա­սիկ մարդ կ՚անդ­րա­դառ­նայ իր կո­չու­մին, իր հան­գա­ման­քին, իր էու­թեան։

Կրնայ դժուա՛ր թուիլ աշ­խար­հա­պաշտ միտ­քե­րու հա­մար թօ­թա­փել այդ բո­լո­րը, բայց մար­դոց հա­մար ան­կա­րե­լին՝ Աս­տուծ­մով կա­րե­լի է։

Աշ­խար­հա­պաշտ­ներ նոյ­նիսկ, չ՚ար­ժե՞ր ա­ռիթ մը, պա­տե­հու­թիւն մը տալ Աս­տու­ծոյ, որ ի­րենց հա­մար ան­կա­րե­լին «կա­րե­լի՛» ը­նէ։

Ին­չո՞ւ վախ­նանք զի­րար սի­րե­լէ…։

Ին­չո՞ւ ա­տենք երբ կա՛յ սէ­րը։

Աս­տուած եր­բեք ան­տար­բեր չի գտնուիր ա­մէն ա­նոնց՝ որ սէր կը խնդրուի Իր­մէ, քա­նի որ Ի՛նք Սէ՛ր է եւ սէր խնդրո­ղը՝ Աս­տուած կը խնդրէ։ Աս­տուած կը խօ­սի, կը պա­տաս­խա­նէ, երբ Սէ՜ր կ՚ա­ռա­ջար­կուի իբ­րեւ սպե­ղա­նի, դեղ ու դար­ման վէր­քե­րու, իբ­րեւ լու­ծիչ ա­տե­լու­թեան մա­հա­բեր թոյ­նին, ա­նոր որ մա՛հ կը սպառ­նայ մար­դուն թէ՛ ան­հա­տա­կան եւ թէ հա­սա­րա­կա­կան-ըն­կե­րա­յին կեան­քին։

Տե­սա­բա­նօ­րէն չենք խորհր­դա­ծեր, այլ գործ­նա­կան՝ մեր մտա­ծո­ղու­թեան մէջ քան ա­մե­նէն գռե­հիկ ի­րա­պաշ­տը։ Յո­ռե­տես ալ չենք այս մա­սին, քա­նի որ թէ՛ պատ­մու­թիւ­նը եւ թէ կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը կը վկա­յեն, թէ կա­րե­լի է սի­րել՝ փո­խա­նակ ա­տե­լու…։

Մարդ պէտք չէ բա­նագ­նա­ցը ըլ­լայ ո­րե­ւէ հար­ցի եւ կամ մէկ կող­մի մը կամ միւս կող­մի մը սա­կար­կիչ գոր­ծա­կա­լը։ Մարդ իր ան­հա­տա­կա­նու­թեամբ պէտք է տի­րէ հար­ցե­րուն՝ ի՛նք պէտք է դա­տէ եւ ո­րո­շէ կող­մը, որ զինք պի­տի ա­ռաջ­նոր­դէ ճշմար­տու­թեա՛ն։ Ար­դա­րեւ իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ, որ մաս կը կազ­մէ հա­մայն մարդ­կու­թեան, պէտք է անհ­րա­ժեշ­տա­բար «ներշն­չող»ը կամ թե­լադ­րի­չը ըլ­լայ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մը, փի­լի­սո­փա­յու­թեան մը՝ որ ձեւ ու մար­մին կ՚առ­նէ սի­րոյ ձու­լա­րա­նին մէջ։ Քա­նի որ սի­րոյ հա­լո­ցը կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծէ մար­դը իր բո­լոր ե­րե­սակ­նե­րով եւ հան­գա­մանք­նե­րով։

Ա­մէն շրջա­նի ստի­պո­ղա­կա­նու­թիւ­նը ա՛յս է, այս ըլ­լա­լու է, ե­թէ մարդ ի­րա­պէս նպա­տակ ու­նի կա­տա­րե­լա­գոր­ծուե­լու՝ եր­ջա­նիկ ըլ­լա­լու։

Հա­սա­րա­կաց միտ­քը կը կազ­մուի հա­սա­րա­կաց զգա­ցու­մով, քա­նի որ սրտին խօս­քը՝ մտ­­քին խօսքն է։ Եւ երբ սիր­տը մէ՛կ է, ա­պա ու­րեմն մի՛տ­քեր ալ մէկ կ՚ըլ­լան։

Եւ երբ մարդ նուա­զա­գոյն եզ­րի մէջ կրնայ հա­մամ­տիլ, դիւ­րին է ա­ւե­լի մեծ հար­ցե­րու մէջ ալ հա­մա­խոհ ու հա­մա­ձայն ըլ­լալ։

Բայց նախ եւ ա­ռաջ պէտք է, որ մարդ սիր­տով, սի­րով մէ՛կ ըլ­լայ, յա­ջոր­դա­բար կը միա­նան ա­մէն գա­ղա­փար ու ա­մէն կար­ծիք, որ­քան ալ հե­ռու ըլ­լան, կամ հե­ռու կարծուին ի­րար­մէ։ Երբ սիր­տե­րը մօտ են՝ միտ­քե­րը ա­ւե­լի եւս մօտ են ի­րա­րու։ Ու­րեմն, սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, գա­ղա­փա­րի, հա­մո­զու­մի, տե­սա­կէտ­նե­րու տար­բե­րու­թիւ­նը եւ հա­կա­ռա­կու­թիւ­նը բնա­կան է եւ ակն­կա­լե­լի, նե­րե­լի է նոյ­նիսկ եւ քա­ջա­լե­րե­լի՝ քա­նի որ, ինչ­պէս ը­սինք, յա­ռաջ­դի­մու­թեան եւ ըն­կե­րա­յին աշ­խու­ժու­թեան ա­ռիթ կու տայ, շար­ժում կը ստեղ­ծէ, կը լու­սա­ւո­րէ մարդ­կա­յին ա­պա­գա­յի ճամ­բան եւ կը յստա­կաց­նէ զայն։

Բայց, սի­րե­լի­՜ներ, ան­նե­րե­լի եւ ա­նըն­դու­նե­լի է ա­տե­լու­թիւ­նը, մաղ­ձը, հո­գե­կան այդ սպան­նիչ թոյ­նը։ Միտ­քեր թող հե­ռա­նան, հոգ չէ, բայց երբ սիր­տեր մօտ ըլ­լան, ա­նոնք ալ ի վեր­ջոյ կը մօ­տե­նան, կը մտեր­մա­նան եւ կը նոյ­նա­նան։

Երբ այս ի­մաս­տով մօ­տե­նանք ըն­կե­րա­յին հար­ցե­րուն՝ պի­տի տես­նուի, որ մարդ­կու­թիւ­նը շատ ալ պէտք չու­նի «գա­ղա­փա­րա­փո­խու­թեան», այլ՝ պէտք ու­նի «հո­գե­փո­խու­թեա՛ն»։­

Ան­շուշտ պարզ նա­խան­ձախնդ­րու­թիւն մըն է այս՝ մեր պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան, որ­պէս ան­հատ եւ որ­պէս ան­դամ մարդ­կա­յին ըն­տա­նի­քին։ Եւ իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ իր կա­րո­ղու­թեան ու տա­րո­ղու­թեան չա­փով ու­նե­նա­լո՛ւ է այդ նա­խան­ձախնդ­րու­թիւ­նը։

Իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ պա­տաս­խա­նա­տո՛ւ է աշ­խար­հի խա­ղա­ղու­թե­նէն, մարդ­կա­յին ան­դոր­րու­թե­նէն, ո՛չ միայն իր կամ իր մեր­ձա­ւոր­նե­րուն, այլ ամ­բողջ մարդ­կու­թեան եր­ջան­կու­թե­նէն, եւ ու­րեմն ըստ այնմ պէտք է վա­րուի։

Մա՛րդ ի­րա­ւունք չու­նի ը­սե­լու, թէ աշ­խար­հի խա­ղա­ղու­թիւ­նը միայն իր ջան­քով կա­րե­լի չէ հաս­տա­տել, իր ջան­քե­րը ի զուր են, չեն ծա­ռա­յեր ընդ­հա­նու­րին։ Ա­մէն մարդ, իւ­րա­քան­չիւր անձ, բո­լոր մարդ­կու­թիւ­նը պա­տաս­խա­նա­տո՛ւ է աշ­խար­հի խա­ղա­ղու­թե­նէն եւ մար­դոց եր­ջան­կու­թե­նէն։ Ա­սի­կա «աշ­խարհ փրկել»ու ամ­բար­տա­ւան յա­ւակ­նու­թիւ­նը չէ՛, այլ մա՛րդ ըլ­լա­լու կո­չու­մը եւ պա­հանջ­ը։

Կա­րե­լի է հարց­նել. հա­պա ի՞նչ կրնանք ը­նել։ Շա՜տ բան կրնաք ը­նել այս մա­սին, քա­նի որ զօ­րա­ւոր բա­րո­յա­կան զէնք մը ու­նիք, բա՛ւ է որ կա­րե­նաք գոր­ծա­ծել զայն։ Եւ այդ բա­րո­յա­կան զօ­րա­ւոր զէն­քը Սէ՛րն է, սկսէ՛, սա պա­հուս սի­րել, դրա­ցիդ սի­րէ, աշ­խա­տա­կիցդ, գոր­ծա­կիցդ սի­րէ, ան­ծա­նօթ մէ­կը սի­րէ, եւ ա­ւե­լին՝ թշնա­մի կար­ծածդ սի­րէ եւ պի­տի տես­նես, որ շատ բան կրնաս ը­նել «խա­ղա­ղու­թեան» հա­մար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպ­տեմ­բեր 11, 2015, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2015