«ԽՈՀՔ ԵՒ ԽՕՍՔ»ԷՆ ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ…
Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեանի «Խոհք եւ խօսք»ը մեզ՝ հոգեւորականներու սնարի գիրք մըն է, ուր կը գտնուին ո՛չ միայն իր կեանքի տեսարանները, այլ նաեւ տիպար հոգեւորականի մը որդեգրած սկզբունքները՝ որոնք ուղեցոյցներ են ներկայ հոգեւոր կեանքին։
Ուստի, ստորեւ կը ներկացնենք «Դ» հատուածը՝ Երուսաղէմ, 1915 մայիս 3/16 կիրակի թուագրեալ՝ հաւատարիմ մնալով բնագրին, յարգելով հեղինակին խորհուրդները եւ խօսքերը։
«Որպէսզի միքտս ու համոզումներս յստակ կերպով պատկերացնեմ, հարկ է որ կարեւորագոյն կէտերը միառմի նշանակեմ այստեղ, զի տեսակ մը խոստովանութիւն կամ բարոյական կտակ կը նկատեմ սոյն գրութիւնը։
«Կը խոստովանիմ թէ կը ստէի, եթէ Հաւատքի եւ Գիտութեան լռին պայքարը, որ ներկայ դարուս մէջ հրապարակի վրայ ալ կը մղուի, իմ վրաս ազդած չէ ըսէի։ Որչափ ալ ուսմանց ընթացքս եւ դաստիարակութիւնս կրօնական ուղղութեամբ եղած են, այսու ամենայնիւս թէ՛ ուսմամբ, թէ՛ ընթերցմամբ, թէ՛ յարաբերութեամբ եւ թէ՛ մօտէն շփմամբ, արտաքին գիտութեանց եւ պատմական հետազօտութեանց եւ ներկայ դարուս ուղղութեանց օտար մը եղած չեմ։
«Իմ միտքս ալ ընկճուած է դաւանական խորհուրդներու ծանր բեռերուն ներքեւ, իմ տեսութիւններս ալ զգածուած են անիմանալիներու մթութեան առջեւ։ Բայց մտախոհ զգուշաւորութեամբ եւ հանդարտ խորհրդածութեամբ կրցած եմ միտքս հանդարտեցնել, եւ ներքին խաղաղ մտայնութիւն եւ կացութիւն մը կազմել։ Այդ մասին իմ միտքիս վրայ մեծապէս ներգործած են բնական կամ նիւթական աշխարհի գաղտնիքները, որոնցմէ դիւրաւ բարձրացած եմ գերբնական եւ հոգեկան գաղտնիքներու իրականութեան։
«Երրորդութեան խորհուրդն իսկ անմարսելի եւ անտանելի չեմ գտած, բայց Մարդեղութեան եւ Հաղորդութեան խորհուրդները աւելի ճնշած են միտքս, աստուածային բնութեան հետ համաձայնացնելու դժուարութեանց կողմէն։ Այսու հանդերձ անոր հպատակիլս ալ դիւացած է, քրիստոնէութեան վրայ ունեցած բարձր եւ զօրաւոր, իրական եւ ճշմարիտ համոզմանս ուժով, զի երբ հիմ մը հաստատուն է, անոր շէնքն ու մասերը խարխուլ չեն կրնար ըլլալ։
«Այդ համոզմանս շնորհիւ կրցած եմ ոչ միայն լաւ հաւատացեալ մը, այլեւ աստուածաբանական ճշմարտութեանց լաւ ուսուցիչ մըն ալ ըլլալ, հեռի մնալով միշտ հռոմէադաւան դրութեան չափազանցեալ եւ մենամոլ տեսութիւններէն, եւ հիմնուելով հայադաւան լայնախոհ եւ ներողամիտ դրութեան վրայ, ինչպէս գործերովս ալ ապացուցած եմ։
«Հաւատքին անհրաժեշտութեան համոզումը կը քաղեմ մարդկային բնութեան իսկ իր կազմակերպութիւնը լրացնելու համար Հաւատքի պէտք ունենալէն բնական եւ կենցաղական շրջանակին մէջ։
«Հաւատքին պակասութիւնը ահագին դատարկ մը կը ձգէ մտաւորական բնութեան մէջ, եւ որովհետեւ գիտութիւնն ալ կ՚ընդունի թէ բնութիւնը դատարկէ կը խորշի, անկէ կը հետեւցնեմ թէ, Հաւատքը անհրաժեշտ պէտք մըն է միտքին դատարկը լրացնելու։
«Այդ է Հաւատքի մասին ունեցած հաւատքս։
«Հաւատքի չափ, եւ թերեւս Հաւատքէ ա՛լ աւելի զօրաւոր եղած է Յոյսի վրայ համոզումս, այն Յոյսը որ աստուածային Նախախնամութեան եւ Հովանաւորութեան սկզբունքը կ՚ազդէ մարդուն։ Այդ ազդեցութեամբ է որ առ Աստուած դիմումը եւ հայցուածը, կամ սովորական բառով աղօթքը, անկեղծութեամբ եւ համոզմամբ կիրարկած եմ ամէն պարագային։
«Ամէն գործի սկիզբին կամ ընթացքին, ամէն դժուարութեանց առթիւ, ամէն նեղութեանց մէջ, ամէն շփոթութեանց հանդէպ, առ Աստուած դիմումը հաստատուն սովորութիւն եմ ըրած պատանեկան տարիքէս ի վեր։ Նախադասած աղօթքս է Շնորհալիին Պահապան ամենայնին, զոր երիցս կը կրկնեմ որեւէ պարագային։
«Ես ալ ինծի համար հառաչանքներ շարադրած ունիմ. ինչպէս՝ Տէր իմ, Հայր իմ, ներէ՛, ողորմէ՛, օրհնէ՛, փրկէ՛, ազատէ՛, պարգեւէ՛, շնորհէ՛. կամ թէ՝ Տէր իմ Յիսուս, դու ես իմ յոյս, հայեա՛ց յիմ կոյս, մի՛ յինէն խոյս, յիշեր ընդ քոյս, զերթ մանուկ կոյս, անզօր մի բոյս, ծագեա՛ յիս լոյս, մտացս ի յոյզ։ Աղօթքի մէջ սիրած եմ հետեւիլ Եկեղեցւոյ այն գեղեցիկ սկզբունքին, որ վեհ է եւ վսեմ, թէ՝ Դու Տէր, գիտես զպէտս մեր եւ զկարիս առաւել քան զոր գիտեմք եւ իմանամք. որով աղօթքիս ելքին վրայ անխռով միտքով մը կը նայիմ։
«Չեմ ցաւիր եթէ վիշտի եւ նեղութեան, հակառակութեան եւ հալածանքի հանդիպիմ, բաւական է որ վերջէն վերջ յաջող ելք մը ունենամ, զի մի՛ երբեք սասանեցայց։ Փորձառութիւնն ալ շատ օգտած է այդ համոզումս զօրացնելու, զի շատ փոթորկալից եւ վտանգաւոր, դժուարին ու շփոթ վիճակներէ անցած եմ, բայց, Աստուծոյ փառք, ամէնն ալ վերջ ի վերջոյ յաջող երեւոյթ առած են, եւ ընկճուած ու անպատուուած վիճակ ունեցած չեմ։
«Աւազակի եւ դաւաճանի, զրպարտողի եւ բանսարկուի, հալածիչի եւ թշնամիի ամբաստանութեան արկածներ ալ անցուցած եմ, բայց մինչեւ այս օրս ամենուն մէջ ալ աստուածային հովանաւորութեան արդիւնքը տեսած եմ, եւ առ Աստուած յոյսս եւ վստահութիւնս աճած է, եւ ապահով աչքով մը նայած եմ եւ կը նայիմ ամէն ձախող պատահարի վրայ։
«Յոյսը զօրացուցած է յիս Աստուածսիրութիւնը, ուսկից կը բղխի Ընկերսիրութիւնը։
«Աստուածսիրութիւնը՝ իմ համոզմամբ՝ Պատուիրանապահութիւնն է, իսկ գլուխ պատուիրանին Սէրն է։ Ջանացած եմ հաւատարիմ մնալ աստուածային պատուիրաններուն, որոնք Սինայի բարձունքէն հռչակուեցան, եւ Կափառնաումայ լեռնէն իրենց լրումը ստացան։ Կատարեալ գիտակցութեան եւ ուղիղ խիղճի եւ անաչառ տեսութեան կանոններով գործելու հետեւած եմ միշտ, եւ այժմ ալ ներքին խայթ մը չեմ զգար ըրածներուս եւ ըսածներուս մասին։ Չեմ համարձակիր զիս չսխալած կարծել, բայց կրնամ չսխալելու աշխատած ըսել. ուրիշ է գործին արդիւնքը եւ ուրիշ է գործողին դիտումը։ Ազատ գաղափար ունեցած եմ մարդկային կամակայութենէ բղխած օրէնքներուն, կամ պատահական սովորութենէ յառաջ եկած պարտաւորութեանց մասին, ի՛նչ եւ ո՛վ ալ ըլլայ անոնց նիւթն ու հեղինակը։ Միայն թէ յարգած եմ երկու կարեւոր պայմանները, որք են չգայթակղեցնել եւ չվնասել։ Այս եղած է իմ բարոյական կեանքիս ամփոփումը. եւ ի՛նչ որ ըրած եմ թէ՛ անհատականս եւ թէ՛ պաշտօնական, թէ՛ անձնական եւ թէ՛ հանրային տեսակէտէն, այդ սկզբունքներուս մէջ կը գտնեն իրենց մեկնութիւնը, ըսեմ նաեւ, իրենց արդարացումը»։
Կրօնք եւ գիտութիւնը համընթաց են, աւելին՝ մոլեռանդութի՛ւն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 12, 2025, Իսթանպուլ