ԱՍՏՈՒԱԾԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԻՇԽԱՆԱԿՐՕՆԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

Եթէ բանանք հայոց պատմութեան հին էջերը, պիտի տեսնենք, որ այդտեղ եկեղեցի եւ ազգ միատեղ գոյութիւն են, որովհետեւ մեր ազգին պատմութիւնը ո՛չ եկեղեցւոյ եւ ո՛չ ալ պետութեան առանձին պատմութիւնն է. այս մէկը ի զօրու է նաեւ այլ պետութիւններու պարագային, որովհետեւ շատ հին ժամանակներէն եկեղեցի եւ պետութիւն ունեցած են յարաբերութիւններ եւ փոխազդեցութիւններ: 

Եթէ ուսումնասիրենք մարդկային պատմութիւնը, պիտի տեսնենք եկեղեցւոյ եւ պետութեան միջեւ հիմնական երեք շրջան.

Ա.- Առաջինը կը կոչուի Աստուածապետական կառավարութիւն (theocratic regime). Աստուածապետական կառավարութիւնը այն վարչաձեւն է, ուր կրօնական առաջնորդները ունին քաղաքական իշխանութիւն եւ պետութեան օրէնքները հիմնուած են կրօնական սկզբունքներու վրայ: Եթէ օրինակ վերցնենք իսրայէլացի ժողովուրդը՝ մանաւանդ Հին կտակարանին մէջ, պիտի տեսնենք, թէ այդ ազգը առաջնորդողները «եկեղեցական»ներն էին՝ ինչպէս Մովսէսը եւ ուրիշներ. անոնց մէջ գործող բոլոր օրէնքները հիմնուած էր հոգեւոր պատուիրաններու վրայ: Որպէս օրինակ կրնանք վերցնել մերօրեայ Պարսկաստանը, որուն առաջնորդը հոգեւորական է եւ անոր ձեռքին տակ կը գտնուի երկրի բոլոր կառոյցները: Կրնանք օրինակ վերցնել Վատիկանը՝ որուն լիակատար իշխանութիւնը պապին կը պատկանի: Հայաստան նման շրջան ունեցա՞ւ. պատասխանը այնքան ալ յստակ չէ, սակայն, կրնանք ըսել, որ 301 թուականին, երբ Հայաստան Քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն ընդունեց, եկեղեցին դարձաւ պետութեան անբաժանելի մասը. այդ ժամանակաշրջանին կաթողիկոսը թագաւորին վրայ ունեցած է ազդեցութիւն եւ վայելած է մեծ հեղինակութիւն: Նոյն այդ հեղինակութիւնը կրնանք տեսնել Բագրատունեաց եւ Կիլիկիոյ թագաւորութիւններու ժամանակաշրջանին, երբ եկեղեցւոյ առաջնորդներ նաեւ քաղաքական գործիչներ էին: Անշուշտ, ամբողջութեամբ Աստուածապետական կառավարութիւն չէ ունեցած Հայաստանը:

Բ.- Երկրորդը առաջինին ամբողջութեամբ հակառակ, պետութիւնը կ՚իւրացնէ կրօնական հաստատութիւնները. որ կը կոչ-ւի իշխանակրօնապետութիւն (caesaropapism). Այս մէկը այն վարչակարգն է, ուր թագաւորը նաեւ եկեղեցւոյ ղեկավարը կը նկատուի. թագաւորը կ՚իշխէ թէ՛ պետական եւ թէ կրօնական բոլոր հաստատութիւնները եւ աշխարհիկ ու հոգեւոր իշխանութիւնը միատեղ առաջ կը տանի: Այս պարագային եկեղեցականները նոյնիսկ ենթակայ են թագաւորին: Պատմութեան մէջ կարելի է բազմաթիւ օրինակներ գտնել նման համակարգի. օրինակի համար, Բիւզանդական կայսրութիւնը կ՚առաջնորդուէր իշխանակրօնապետութեամբ. կայսրերը կը ներկայանային որպէս Աստուծոյ ներկայացուցիչներ։ Կայսրերը իրե՛նք կ՚որոշէին ո՛վ առաջնորդ դառնայ, ո՛վ կաթողիկոս կամ եպիսկոպոս: Եթէ աչքէ անցընենք եկեղեցական ժողովները՝ ինչպէս օրինակ, 451 թուականի Քաղկեդոնի ժողովը, պիտի տեսնենք, որ բացի հոգեւորականներէն ներկայ են նաեւ Բիւզանդական կայսրութեան ներկայացուցիչներ: Նոյն այդ համակարգը կը տեսնենք Ցարական Ռուսիոյ մօտ՝ մանաւանդ 1700-ական թուականներուն. 1721 թուականին Պետրոս Մեծ Ցարը վերացուց Մոսկուայի պատրիարքութիւնը եւ հիմնեց Սուրբ Սինոդը՝ որ պետութեան հսկողութեան տակ էր: 

Գ.- Երրորդ վարչաձեւը պետութիւն եւ եկեղեցի փոխադարձ համաձայնութեամբ առաջնորդուիլն է (concordat). Այս վարչաձեւը կը մշակէ եկեղեցւոյ եւ պետութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները։ Եկեղեցին կը զբաղի եկեղեցական գործերով՝ վայելելով իշխանութեան նեցուկը, իսկ կառավարութիւնը կը գործէ ազատ՝ վայելելով եկեղեցւոյ յարգանքը: Եթէ աչքէ անցընենք պատմութիւնը՝ այս համաձայնութիւնը պիտի գտնենք բազմաթիւ պետութիւններու մօտ. օրինակի համար, Միջնադարեան Եւրոպայի մէջ կը տեսնենք այս վարչաձեւը. նման վարչաձեւ կը տեսնենք 1800-ականներուն Ֆրանսայի մէջ՝ Նափոլէոնի եւ Պիոս Պապի միջեւ եղած համաձայնագրով: Նման համաձայնութիւն կը տեսնենք Տալայլամայի եւ Չինաստանի կայսրին միջեւ: 

Դ.- Չորրորդ եւ ամենէն վերջինը վտանգաւորն է՝ որուն մէջ կը գտնուի այսօր Հայաստանը՝ պետութիւն եւ կրօնք բաժանումի դրութիւն. Անշուշտ, շատեր կը կարծեն, որ այս մէկը ամենէն տրամաբանական եւ առողջ ձեւն է՝ եթէ հակառակութիւններ չստեղծուին: Եկեղեցին զբաղի իր գործերով, պետութիւնը՝ իր գործերով եւ իրարմէ հեռու ամէն մէկը իր համակարգին մէջ իր գործերը դասաւորէ: Անշուշտ, այս մէկը բնականաբար դիւրին չէ, որովհետեւ պետութեան եւ եկեղեցւոյ սկզբունքները կը հակասեն զիրար եւ հետեւաբար ինչպէս պատմութեան բոլոր շրջաններուն մէջ՝ այնպէս ալ այսօր, դժուար է որոշ եզր մը գտնել. պատմութեան ընթացքին իւրաքանչիւր համաձայնութիւն ունեցած է կարճ ու ժամանակաւոր ընթացք: 

Այժմ Հայաստանի մէջ մեր որդեգրելիք վարչաձեւի կռիւն է, որ կը մղուի. Փաշինեան կ՚ուզէ անցնիլ իշխանակրօնապետութեան, իսկ եկեղեցին՝ իր քաղաքական յայտարարութիւններ ընող առաջնորդներով Աստուածապետական կառավարութիւն մը... արդի՞ւնք. փոխադարձ ատելութիւն, հաւատացեալներու եւ հաւատքէ հեռու գտնուողներու միջեւ հակամարտութիւն... եւ դրական ո՛չ մէկ բան: 

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչպէ՞ս պէտք է համագործակցին եկեղեցին եւ պետութիւնը:

Պատասխան. Եկեղեցին եւ պետութիւնը պէտք է այնպէս համագործակցին, որ պահպանուի իւրաքանչիւրին դերն ու սահմանները՝ պահպանելով պետութեան անկախութիւնը, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ ինքնավարութիւնը: Անոնց համագործակցութիւնը կը նպաստէ արդարութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի յառաջխաղացին, որովհետեւ կը սկսին երկուստեք նպաստ բերել հասարակութեան բարօրութեան: Կարեւոր է, որ համագործակցութիւնը հիմնուած ըլլայ յարգանքի եւ երկխօսութեան հիման վրայ՝ խուսափելու քաղաքական եւ կրօնական ճնշումներէ, որպէսզի իրարու հետ ստեղծեն կայուն միջավայր:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունիս 14, 2025