ՈՂԲ. ԱՐԱՄ ԳԱՄՊՈՒՐԵԱՆԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ՝ ՄԱՀՈՒԱՆ Ա. ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ
Համայնքային շրջանակները շաբաթավերջին ոգեկոչեցին բարեյիշատակ բարերար ու երախտաշատ կրթական մշակ հոգելոյս Արամ Գամպուրեանը՝ մահուան առաջին տարելիցին առթիւ։ Իրեն համար կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնին զուգահեռ՝ բացումը կատարուեցաւ հանգուցեալի շիրմին վրայ զետեղուած կիսանդրիին, որ յայտնի արուեստագէտ Էրօլ Սարաֆեանի ձեռակերտն է։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան, Ղալաթիոյ խնամակալութեան, Դպրեվանքի խնամակալութեան, Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի եւ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ներկայացուցիչները մասնակցեցան ոգեկոչման արարողութեան։ Հոգեհանգստեան պաշտօնին ներկայ գտնուեցան նաեւ բազմաթիւ դէմքեր, որոնք փութացած էին Արամ Գամպուրեանի բարի յիշատակին առջեւ իրենց խոնարհումը բերելու։
Շիշլիի գերեզմանատան մէջ, Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեանի գլխաւորութեամբ կատարուած պաշտօնի ընթացքին բոլորը առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին Արամ Գամպուրեանի յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։