ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ նախակրթարանի բաժնի շրջանաւարտութեան հանդէսը, որու ընթացքին տղաքը թաղի ընտանիքի խրախուսանքին արժանացան կրթական նոր հանգրուանին ընդառաջ։

Հանդէսին ներկայ գտնուեցան Գատըգիւղի ընտանիքէն վարիչներ, ինչպէս նաեւ թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Աւ. Քհնյ. Ճիվանեան։

Յայտագրի ընթացքին ուսուցչուհի Էլիզապէթ Քապէ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Աշակերտները զանազան ելոյթներով խլեցին ծափահարութիւններ։ Ծնողներու անունով արտայայտուեցան Մարալ Արսլանլըօղլու եւ Նարօտ Թաշճըօղլու։

Հանդէսը եզրափակուեցաւ տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի շնորհաւորութեան խօսքով, որմէ վերջ նախակրթարանի շրջանաւարտ սաներուն յանձնեց վկայականներ եւ յուշանուէրներ։

Ծրագրի գործադրութենէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։

Երեքշաբթի, Յունիս 17, 2025