Ուրբաթ 20, Յունիս 2025
ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍ
Գալֆաեան տան տարեվերջի հանդէսը նախընթաց օր տեղի ունեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Սկիւտարի սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն մասնակցեցան վարժարանի վարիչները, ծնողներ եւ հիւրեր, որոնք ջերմօրէն շրջապատեցին շրջանաւարտները։ Դպրոցի տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Յայտագրի գործադրութենէն վերջ, ընթացաւարտները հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ ստացան իրենց վկայականներն ու յուշանուէրները։
Հուսկ, ստեղծուած ոգեւորութիւնը շարունակուեցաւ ընդունելութեան ժամանակ։
Հինգշաբթի, Յունիս 19, 2025