ԹԷ՛ ԱՐԱՐՈՂԱԿԱՐԳ, ԹԷ՛ ՋԵՐՄՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութիւնը կը շարունակուի դրական մթնոլորտի մը մէջ։ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կը հիւրընկալուի թէ՛ բարձր արարողակարգով եւ թէ մարդկային ջերմութեամբ՝ հոգեւոր առաջնորդի մը պարագային անհրաժեշտ բոլոր պատշաճութիւններով։

Նորին Ամենապատուութիւնը քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիոյ Լոս Անճելըսի հիւպատոսարանը։ Այս առթիւ Նորին Ամենապատուութիւնը զրուցեց Լոս Անճելըսի մօտ Թուրքիոյ աւագ հիւպատոս Սինան Քուզումի հետ։ Այցելութեան աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։

Միւս կողմէ, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի օրհնութեամբ կազմուած կարգադիր յանձնախումբի ատենապետը՝ Սարօ Մարուքեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընթրիքի սեղանով մը պատուեց իր բնակարանին մէջ։ Լոս Անճելըսի մէջ բնակութիւն հաստատած նախկին պոլսահայերու շարքին ազդու գործիչ մը եւ յայտնի բարերար մըն է Սարօ Մարուքեան, որ որդին է Գատըգիւղի ընտանիքի անմոռանալիներէն հոգելոյս Զօհրապ Մարուքեանի։ Սարօ եւ Մանուշ Մարուքեան ամոլը ընթրիքի ընթացքին անթերիօրէն հիւրընկալեցին Նորին Ամենապատուութինը, թեմակալ առաջնորդը, հոգեւոր հայրերն ու հրաւիրեալները։ Բաժակաճառերու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Մարուքեան ընտանիքին կողմէ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս ծաւալուած գործունէութեան մասին։

Նորին Ամենապատուութիւնը Լոս Անճելըսի մէջ պիտի մնայ մինչեւ շաբաթավերջ։ Ան այս կիրակի պիտի պատարագէ Պըրպենքի Ս. Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ։ 

 

Հինգշաբթի, Յունիս 19, 2025