ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆ

Յակոբոս առաքեալ իր ընդհանրական նամակին մէջ կը գրէ. «Ուստի համբերո՛ղ եղէք, եղբայրնե՛ր, մինչեւ Տիրոջ գալուստը։ Տեսէք թէ ի՛նչպէս մշակը համբերութեամբ կը սպասէ, միչեւ որ աշնան եւ գարնան անձրեւները իջնեն եւ հողը իր թանկագին բերքը տայ։ Դուք ալ համբերեցէք եւ ամուր պահեցէք ձեր սիրտերը, որովհետեւ Տիրոջ գալուստը մօտ է». (ՅԱԿ. Ե 7-8)։ Արդարեւ, համբերութիւնը կը կայանայ եւ կը զօրանայ սիրոյ մէջ. «Որովհետեւ, եթէ Աստուած իր Որդիին մահովը մեզ իր հետ հաշտեցուց դեռ այն ատեն՝ երբ տակաւին թշնամի էինք իրեն, հիմա որ ա՛լ հաշտուած ենք՝ որքա՜ն աւելի վստահութեամբ կրնանք ըսել՝ թէ պիտի փրկուինք Քրիստոսի կեանքով». (ՀՌՈՄ. Ե 10)։

Քրիստոս մեզ սիրելուն համար մեռաւ մեզի համար, երբ տակաւին մենք «թշնամիներ» էինք եւ օտար՝ Իրեն։

Եւ սէրը համբերատար է. «Սէր ունեցողը համբերատար, երկայնամիտ կ՚ըլլայ եւ քաղցրաբարոյ…». (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 4)։ Եւ բոլոր առաքինութիւններուն գործադրումը կ՚ոգեւորուի եւ կը ներշնչուի սէրէն, քանի որ ան. «զօդն է կատարելութեան». (ԿՈՂ. Գ 14) եւ ան կերպարն է առաքինութիւններուն ե՛ւ համբերատարութեան։

Սուրբ Հոգիին զօրութեան պտուղն է համբերութիւնը, ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. (ԳԱՂ. Ե 22-25)։ Ուստի, Սուրբ Հոգին մեր կեանքն է, եւ որքան աւելի հրաժարինք մեր անձէն, ա՛յնքան աւելի Հոգիով կ՚ընթանանք. (ՄԱՏԹ. ԺԶ 24-26)։

Արդարեւ, ժողովրդական իմաստութիւնն ալ կը վկայէ այս ճշմարտութեան երբ կ՚ըսէ. «Համբերութիւնը կեա՛նք է»։ Թէեւ յոռետես միտքեր կ՚աւելցնեն այս խօսքին. «համբերութեան շատն ալ տանջանք է…»։ Բայց կեանքը, ընդհանրապէս նեղութիւններով լեցուն ընթացք մը չէ՞։ Անոնց լաւագոյն պատասխանը կու տայ Յիսուս երբ կ՚ըսէ. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։

Եւ Յիսուսի այս պատուէրին համաձայն՝ նեղութեան դարմանը համբերութիւն է, եւ համբերութիւնը քաջութիւն, վեհանձութիւն կը պահանջէ։ Այս ուղղութեամբ, Աստուծոյ նկատմամբ անվերապահ յոյսը, հաւատքը եւ վստահութիւնը կը զօրացնեն քաջութիւնը մարդուս մէջ։ Ան՝ որ կ՚ապաւինի եւ կը վստահի Աստուծոյ, ամէն ինչ, ամէն բան, ամէն վայրկեան Աստուծմէ կը յուսայ հաւատքով եւ համբերութեամբ՝ քաջ է եւ անտարակոյս, աներկբա՛յ…

Համբերութիւնը կատարելութիւն է, զոր կը կազմէ մեր մէջ Սուրբ Հոգին իբրեւ երախայրիք յաւիտենական եւ անանց փառքին։ Համբերութիւնը ունակական եւ հաստատ տրամադրութիւնն է գործելու այն՝ ինչ որ բարի է եւ ճշմարի՛տ։ Եւ համբերութիւնը առաքինութիւն մըն է՝ իմացականութեան եւ կամքին հաստատ տրամադրութեան։ Ան է, որ կը կանոնաւորէ մեր արարքները, կը դիւրացնէ եւ տանելի կ՚ընէ կեանքը, կը դասաւորէ եւ կ՚առաջնորդէ մեր ընթացքը ըստ բանականութեան եւ հաւատքին։ Համբերատարութիւնը կրնայ միանալ եւ գործակցիլ բարոյական չորս առաքինութիւններու շուրջ. խոհեմութիւն, արդարութիւն, զօրութիւն եւ ժուժկալութիւն։

Համբերութեան մղիչ ուժերն են՝ հաւատքը, յոյսը եւ սէրը։ Երբ կը պակսին ասոնք, կարելի չ՚ըլլար համբերութեամբ ապրիլ կեանքը։ Համբերութիւնը կ՚աճի դաստիարակութեամբ, հոգեւոր փորձառութեամբ, ինքնակամ արարքներով եւ ճիգին մէջ յարատեւութեամբ։ Աստուածային շնորհքը կը մաքրազտէ եւ կը բարձրացնէ, կ՚ամրացնէ համբերութիւնը։

Ուստի, հա՛րկ է միշտ աղօթել առանց յոգնելու եւ ձանձրանալու հաւատքի համբերութեամբ։ Աստուած ի՛նք. «կը համբերէ, որովհետեւ չ՚ուզեր որ մէկը կորսուի». (Բ ՊԵՏ. Գ 9)։ Եւ Յիսուս ի՛նք համբերատարութեան տիպարը եղաւ, երբ չարչարանքներու համբերեց խաչի ճամբուն եւ խաչին վրայ… Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան կ՚ըսէ. «Տեսէ՛ք, թէ ինչպէս Յիսուս Քրիստոս մեզի խոնարհ ըլլալ կը սորվեցնէ, ցոյց տալով մեզի, թէ մեր առաքինի կեանքը կախում չունի միայն մե՛ր աշխատանքէն, այլ Աստուծոյ շնորհքէն…»։

Յոյսի մէջ համբերութիւնը իրապէ՛ս կեանք է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունիս 18, 2025, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յունիս 19, 2025