Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏԻ ՄԱՍՈՒՆՔՆԵՐՈՎ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ յիշատակեց Սուրբ Յովհաննէս Կարապետն ու Սուրբ Աթանագինէ Եպիսկոպոսը։ Այս վերջիններուն յիշատակութեան տօնը, միեւնոյն ժամանակ, Վաղարշապատի Սուրբ Շողակաթ վանքի ուխտի օրն է։

Յիշատակեալ սուրբերու մասունքները ամփոփող խաչ-մասունքարանները այս առթիւ երէկ առաւօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն տարուեցան Սուրբ Շողակաթի վանքը՝ հանդիսաւոր թափօրով։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցան արարողութիւնները։ Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի կամարին ներքեւ մասունքներով օրհնութիւն բաշխեց հաւատացեալ ժողովուրդին։

Այնուհետեւ սրբազան մասունքները Նորին Սրբութիւնը փոխանցեց Տ. Անանիա Վրդ. Ծատուրեանին։

Սուրբ Շողակաթ վանքին մէջ օրուան Ս. Պատարագը մատոյց վանահայր Տ. Արիս Աբեղայ Տօնոյեան։ Յաւարտ Ս. Պատարագի մասունքարանով կատարուեցաւ նաեւ Անդաստանի կարգ։

Ուրբաթ, Յունիս 20, 2025