ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՐԱԳԷ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս շաբաթավերջին կ՚աւարտէ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղերութեան առաջին փուլը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վաղը Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս իր կեցութեան ծրագիրը պիտի եզրափակէ եւ Լոս Անճելըսէն պիտի անցնի Նիւ Եորք՝ Արեւելեան թեմ։ Այսպէսով պիտի սկսի Նորին Ամենապատուութեան շրջագայութեան երկրորդ փուլը։

Արեւմտեան թեմի Ս. Ղաւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ, Պըրպենք, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վաղը պիտի մատուցանէ Ս. Պատարագ, որ պիտի համախմբէ շրջանի հաւատացեալները։ Երգեցողութիւնները պիտի կատարուին առաջնորդանիստ մայր տաճարի «Խաչատուրեան» դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ։ Սա պիտի ըլլայ Նորին Ամենապատուութեան Լոս Անճելըսի շրջանէն ներս կեցութեան գագաթնային իրադարձութիւնը։ 

Մինչ այդ, վերջին օրերուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այցելեց Լոս Անճելըսի «Արարատ տուն»ը, որ շրջանի եզակի առաքելութեամբ, յատկանշական հայկական հաստատութիւններէն մին է, ուր կը խնամուի երէց սերունդը։ Բաց աստի, Նորին Ամենապատուութիւնը այցելեց նաեւ Սան Տիեկոյի Ս. Սարգիս եկեղեցին։ Այս երկու կանգառներուն ալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմ վերաբերմունքի արժանացաւ՝ միշտ ընկերակցութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։ Նորին Ամենապատուութեան օրհնաբեր ներկայութեամբ ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն եւ բոլորը հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին անոր պատգամներուն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հանդիսապետութեամբ, «Արարատ տան» համալիրէն ներս կատարուեցաւ նաեւ տնօրհնէք։ 

Դէպի ԱՄՆ ուղեւորութեան օրերուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ է նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որպէս գաւազանակիր։

Շաբաթ, Յունիս 21, 2025