ԱՆՄԽԻԹԱՐ ԵՒ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ
Երէկ, երեկոյեան ժամերուն, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը ցնցուեցաւ կորուստի մը լուրով. ոչ եւս է ազգային բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլ։ Բօթը կայծակնային արագութեամբ տարածում գտաւ՝ քանի Տիգրան Կիւլմէզկիլ արժանացած էր համատարած յարգանքի ու համակրանքի իր հեղինակութեամբ։ Այս անմխիթար ու անփոխարինելի կորուստով համայնքը սուգի մատնուած է ներկայ ամառնամուտին։ Արդարեւ, թէ՛ որպէս բարերար եւ թէ որպէս վարչային՝ Տիգրան Կիւլմէզկիլի անունը ոստէ տառերով քանդակուած կը մնայ պոլսահայ արդի տարեգրութեանց մէջ։ Այն եղաւ Գարակէօզեան տան խնամակալութեան անմոռանալի եւ երախտաշատ ատենապետը, որ տասնամեակներ շարունակ դարձաւ թրքահայութեան սիւներէն։ Կայունութեան իսկական գործօն մըն էր Տիգրան Կիւլմէզկիլ, որ կ՚առաջնորդուէր վարչական կամքով, աներեր վճռակամութեամբ, մշտական ձեռքբերումներու հետամուտ, զօրակցութեան ոգիով եւ զոհողութեան պատրաստակամութեամբ։ Իր յամառ ու անվհատ ջանքերով տարուած պայքարի կոթողային արդիւնքն է Գարակէօզեանի այսօրուան ծանօթ երկնաքերը, որ Տիգրան Կիւլմէզկիլի առաջնահերթութիւններով եւ զգայնութիւններով շաղախուած մտայնութեան շնորհիւ դարձած է ամբողջ համայնքին տեսակէտէ օգտակար հասութաբեր աղբիւր մը։
Տիգրան Կիւլմէզկիլ ծնած էր 1950 թուականին։ Իր ընտանիքի արմատները սերած էին Սեբաստիայէն։ Ան յաճախած էր նախ Գարակէօզեան, ապա Կեդրոնական։ Շատ երիտասարդ տարիքի մէջ նետուած էր կեանքի պայքարին։ Գործարար կեանքէ ներս արձանագրած էր փայլուն յաջողութիւն։ Իր նուաճած բարձունքները կարծես իր մօտ կ՚ամրապնդէին համայնքին ծառայելու գիտակցութիւնը, կը բազմապատկէին աջակցութեան տրամադրութիւնները։ Եղած են ժամանակներ, երբ ամբողջ տարի մը, ամբողջ եղանակ մը Տիգրան Կիւլմէզկիլ կը գլխաւորէր տուեալ ժամանակահատուածի բոլոր մատաղօրհնութիւններու կարգադիր յանձնախումբերը։ Համայնքային հաստատութիւններու պիւտճէները հաւասարակշռելու ուղղեալ պայքարի առաջամարտիկներէն, ախոյեան նուիրատուներէն մին ըլլալու առընթեր, Տիգրան Կիւլմէզկիլ միշտ կը խրախուսէր նաեւ հայ մշակոյթի վերաբերեալ ծրագիրները։ Այս առումով ան ինչպէս կայունութեան, այնպէս ալ կենսունակութեան գործօն մըն էր եւ ընկերամշակութային նախաձեռնութիւններու պարագային անոր ապահոված խրախուսանքը առիթ կը դառնար, որ մեր համայնքի անդամները հաղորդ մնան իրենց հարազատ մշակոյթին, ինչ որ ինքնութեան պահպանման ճանապարհին լուրջ դեր կը խաղար։
Տիգրան Կիւլմէզկիլ վարիչ մըն էր, որ իր հարազատ համայնքի պարագային ունէր տեսլական, իրադարձութիւններու արագ արձագանգելու ընդունակութիւնը ունէր, գործակիցներուն հետ ստեղծած արդիւնաւէտ համագործակցութեան շնորհիւ կը յաջողէր կազմակերպչական առումով յաւակնոտ արդիւնքներու հասնիլ։ Թրքահայ իրականութեան մէջ Տիգրան Կիւլմէզկիլ հեռատեսութեան կերպար մըն էր, խնդիրներու նկատմամբ հաւասարակշռուած մօտեցում ցոյց կու տար՝ միշտ գերադասելով համայնքի հաւաքական շահը։
Այս բոլորէն անդին, ինչպէս գործարար աշխարհէ ներս, այնպէս ալ ընկերային կեանքի մէջ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եզակի անձնաւորութիւն մը կը համարուէր։ Իր դիւրահաղորդ բնաւորութեամբ կը յաջողէր գրաւել բոլորին սիրտը եւ այդ կէտէն սկսեալ կը դառնար բոլորին գործակիցը եւ կը յաջողէր բոլորը իր գործակիցը դարձնել։ Վերջին տարիներուն ան մաս կազմած էր Կալաթասարայ մարզակումբի վարչութեան, ինչ որ համայնքային շրջանակներուն կողմէ ողջունուած էր ջերմօրէն, ուրախութեամբ։
Տիգրան Կիւլմէզկիլ ծանօթ էր նաեւ իր ընտանիքին նկատմամբ ունեցած անսահման սիրով։ Ամուսնացած էր հոգելոյս Նատիա Կիւլմէզկիլի հետ, որու մօտաւոր անցեալի կորուստը խոր յուզում պատճառած էր իրեն։ Տիգրան եւ Նատիա Կիւլմէզկիլները բախտաւորուած էին դուստրով մը, որ այսօր բոլորին այնքան սիրելի Մելիսսա Պաղն է։ Տիգրան Կիւլմէզկիլ միշտ կը գուրգուրար ընտանիքին վրայ՝ մանաւանդ, որ վերջին տարիներուն իր ուրախութեան ու կեանքի մղումի աղբիւրը կը հանդիսանային սիրասուն թոռնիկները։
Տիգրան Կիւլմէզկիլ, որ 75 տարեկան հասակին երկրաւոր կեանքէն հրաժեշտ առած է, վերջին տարիներուն կը տառապէր առողջական խնդիրներէ։ Համայնքային շրջանակները կը տխրէին, երբ ամէն անգամ դարմանում մը անհրաժեշտ կը դառնար Տիգրան Կիւլմէզկիլի պարագային եւ ան կը պարտաւորուէր պարբերաբար բացակայիլ համայնքային կեանքէն։ Յամենայնդէպս, այդ բոլոր փուլերէն վերջ ան կը վերադառնար այնքան առոյգ, բարձր տրամադրութեամբ ու միշտ հաւաքական կեանքի մէջ հանդէս կու գար իրեն բնորոշ ձեւով պողպատի պէս, նաեւ ժպտադէմ։
Իսկ այս վերջերս համայնքային շրջանակները տխրութենէ անդին՝ մտահոգուիլ սկսած էին իր առողջութեան բարդութիւններով՝ մանաւանդ, որ հրապարակուած տեսանիւթերուն մէջ կ՚երեւէր ակնյայտօրէն հիւծուած։ Համայնքային կեանքէն եւ իր անմիջական գործակիցներու, ընտանեկան շրջանակներու սիրելիներէն ներս լաւատեսութիւն կար, թէ ան պիտի կարողանար յաղթահարել հիւանդութիւնը՝ դարմանման շնորհիւ, բժիշկներու օգնութեամբ։ Հազար ափսո՜ս, որ այդ լաւատեսութիւնը չարդարացաւ, այդ սպասումները մնացին ի դերեւ։ Տիգրան Կիւլմէզկիլ երէկ երեկոյեան աչքերը կեանքին փակեց իր դարմանուած հիւանդանոցին մէջ։ Մահը զինքը խլեց իր սիրելիներէն, գործակիցներէն ու մեր ամբողջ համայնքէն, ինչ որ դառն, ողբերգութեան համազօր իրողութիւն մըն է։
Տիգրան Կիւլմէզկիլի բարի ու ազնիւ յիշատակը անթառամ կը մնայ սերունդներու յիշողութեան մէջ՝ քանի իր ծառայութիւնները, նուիրումը լիուլի բաւարար են, որպէսզի ժամանակներու մէջ բիւրեղանան անոր աջակցութեան իմաստն ու նշանակութիւնը, նաեւ բազմապատկուի իր նկատմամբ երախտագիտութիւնը եւ փայլի իր որդեգրած արժեհամակարգը։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Տիգրան Կիւլմէզկիլի բարի հոգւոյն՝ մեր անկեղծ խոնարհումը բերելով իր վաստակին ու յիշատակին առջեւ։ Սուգի ծանր պահուն խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք Մելիսսա-Ալէն Պաղ ամոլին եւ զաւակներուն։