ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ
«Քեզ որովայնի մէջ չստեղծած քեզ գիտցայ, դուն քու մօրդ արգանդէն չելած քեզ սրբեցի, քեզ ազգերուն մարգարէ ըրի». (ԵՐԵՄ. Ա 5)։
Երեմիա մարգարէի բերնով՝ Աստուծոյ ըսած այս խօսքերը ցոյց կու տան, թէ հոգեւորականի մը կոչումը աստուածային է՝ ընդոծին եւ այս իմաստով՝ հոգեւորականը «հոգեւոր ծառայութեան կոչում»ով՝ արդէն «հոգեւորական» կը ծնի։ Բայց, անշուշտ, այդ կոչումին իրականացումը ժամանակի կը կարօտի եւ հետզհետէ կ՚աճի, կը զարգանայ…
Պատմականօրէն, չնայելով հայ եկեղեցականութեան գործի դրած եռանդին՝ հեթանոս հայուն քրիստոնէաբար կրթութիւնը, չնայելով դարձեալ Աշտիշատի ժողովի դրած օրէնքներուն՝ որով ժողովականները «հայոց աշխարհի բոլոր բնակիչները վանական միաբաններ դարձուցին…», բայց եւ այնպէս, այդ ջանքերը ընդհանրութեան համար ապարդիւն մնացին, եւ այս երեւոյթի պատճառը մեր ճշմարտախօս Փաւստոս պատմիչը հետեւեալ խօսքերով կը բացատրէ.
«Որովհետեւ հին ժամանակներէն ի վեր, երբ հայերը քրիստոնեայ կոչուեցան, անոնք այդ կրօնը ընդունեցին իբրեւ մարդկային կրօն եւ ոչ թէ ջերմեռանդ հաւատով. անոնք ընդունեցին այդ կրօնը իբրեւ մարդկային մոլորութիւն՝ հարկէ ստիպուած, բռնադատուած, եւ ոչ թէ ինչպէս պէտքն է գիտութեամբ, եւ այսպէս ընդունեցին անոնք միայն, որոնք քիչ-շատ յունարէն կամ ասորերէն գիտէին, իսկ որոնք որ այս գիտութիւնը չունէին. ստրուկներու խառնիճաղանճ բազմութիւնը, ժողովուրդը, նախարարները կամ շինականները, շատ խեղճ էին. եւ եթէ վարդապետները գիշեր ու ցերեկ յորդահեղեղ անձրեւի նման իրենց քարոզութիւնը թափէին անոնց գլխուն, անոնցմէ ոչ ոք եւ ոչ մէկ խօսք, եւ ոչ կէս խօսք եւ ոչ մէկ փոքր բան կարող էին հասկնալ, որովհետեւ անոնց միտքը անպիտան, անշահ, անօգուտ բաներով միայն զբաղուած էր եւ կարեւոր բաներու մասին ամենեւին հոգ չտանելով՝ անոնք իրենց կեանքը կը մաշէին չնչին բաներ սորվելու, իրենց հին հեթանոսական սովորութիւնները կատարելու, իրենց վիպասանական առասպելական երգերը սիրելու…», եւ այլն։
Այս ընդհանուր նկարագիրով լուսաբանող փաստեր կը բերէ Փաւստոս, եւ այն՝ թէ՛ աշխարհականներու եւ թէ՛ հոգեւորականներու կեանքէն։
Յուսիկ Հայրապետի երկու որդիները «անառակ կեանք»ի կատարեալ մարմնացումն են, որոնք անպատկառ կերպով կը ծաղրէին ամէն սրբութիւն։ Արդարեւ, յարգելի է այն՝ ի՛նչ որ սուրբ է եւ սրբազա՛ն։
Մրջիւնիկ երէցը պարգեւի ակնկալութեամբ Հաղորդութեան բաժակին մէջ թոյն կը խառնէ՝ եւ կը թունաւորէ Ողիմպիա թագուհին։
Փառէն Հայրապետի որդին՝ Յովհաննէս եպիսկոպոսը՝ արծաթսիրութեամբ խեղկատակութիւններ կը կատարէ թագաւորի արքունիքի մէջ, կամ բռնաբար տգէտները քահանայ կը ձեռնադրէ։
Մուշեղ Մամիկոնեանի ազգականները, արենակիցները տակաւին կը հաւատան Առլէզներու գոյութեան եւ անոր դիակը բարձր աշտարակի վրայ կը դնեն՝ որ կեդանանայ, եւ այլն, եւ այլն։
Պատմական այս տխուր երեւոյթը հարկաւ կարելի է բացատրել անով՝ որ դարերով «հեթանոս ժողովուրդ»ը կարող չէր միանգամէն կերպարանափոխուիլ, որչափ եւ ջանք գործ դրուէր, բայց կային եւ այլ պատճառներ։ Այս պատճառներէն մին եւ գլխաւորը՝ հոգեւորականներու այլազգի ըլլալն էր. այս պատճառով օտար էին ժողովուրդին, իսկ միւս մէկը, այն՝ որ ժողովուրդի լեզուով «եկեղեցական գրականութիւն» գոյութիւն չունէր, որ եկեղեցւոյ ժամասացութիւնը կը կատարուէր ասորի կամ յոյն լեզուներով՝ որմէ ոչինչ կ՚օգտուէր հայ ժողովուրդը, ինչպէս կը նկատէ Փարպեցին, թէեւ Սուրբ Գիրքի ընթերցումները թարգմանողներ եւս կային եկեղեցիներուն մէջ։
Բարոյական կերպարանափոխութիւն հայ ժողովուրդի մէջ մտաւ այն օրուընէ, երբ հանճարաշատ Սուրբ Մաշտոցի շնորհիւ հայերէն լեզուի տառերը յօրինուեցան, հայ դպրոցներ բացուեցան եւ հայ գրականութիւն սկսուեցաւ, եւ այդ ժամանակէն Հայ Եկեղեցին «հայացաւ»՝ գտաւ իր ինքնութիւնը։
Պատմութիւնը մեծ դասատու է, եւ առանց անոր կարելի չէ հասկնալ ներկան…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 23, 2025, Իսթանպուլ